1Հինգերորդ հրեշտակն ալ փողը հնչեցուց։ Եւ տեսայ մեծ աստղ մը, որ երկինքէն ինկաւ երկիր, եւ այդ աստղին տրուեցաւ անդունդի գուբին բանալին։
2Աստղը բացաւ անդունդի գուբը եւ ահա ծուխ ելաւ հոնկէ, նման մեծ հնոցի մը ծուխին։ Օդը լեցուեցաւ այդ ծուխով եւ արեւը խաւարեցաւ։
3Ծուխին մէջէն մարախներ ելան երկրի վրայ, որոնց իշխանութիւն տրուեցաւ խայթելու, այնպէս՝ ինչպէս կարիճները կը խայթեն,
4եւ անոնց ըսուեցաւ որ վնաս չհասցնեն ո՛չ երկրի խոտերուն, ո՛չ դալար տունկերուն եւ ո՛չ ալ ծառերուն, բայց միայն այն մարդոց՝ որոնք իրենց ճակատին վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։
5Մարախներուն հրամայուեցաւ որ չսպաննեն այդ մարդիկը, այլ՝ հինգ ամիս չարչարեն զանոնք։ Այդ չարչարանքին պատճառած ցաւը կը նմանէր այն ցաւին, որ մէկը կ՚ունենայ երբ կարիճէն խայթուի։
6Այն օրերուն մարդիկ մահը պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնեն. պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը իրենցմէ պիտի փախչի։
7Մարախները կը նմանէին պատերազմի պատրաստուած ձիերու. անոնց գլխուն պսակներ կային, ոսկիէ պսակի նման, եւ անոնց դէմքը մարդու դէմքի կը նմանէր։
8Անոնց մազը կնոջ մազերու կը նմանէր եւ ակռաները՝ առիւծի ակռաներու։
9Ունէին զրահներ, որոնք կարծես երկաթէ էին. անոնց թեւերուն ձայնը նման էր բազմաթիւ ձիերու եւ կառքերու ձայնին, երբ պատերազմի կ՚արշաւեն։
10Անոնց պոչերը կը նմանէին կարիճի պոչերուն, որոնց ծայրը խայթոց կայ եւ որոնց միջոցաւ իշխանութիւն ունէին մարդիկը հինգ ամիս պատուհասելու։
11Անոնք իրենց վրայ թագաւոր ունէին՝ անդունդի հրեշտակը, որուն անունը Եբրայերէն Աբադդոն էր, որ Հայերէնով կը նշանակէ՝ Կորուսիչ։
12Առաջին աղէտը ահա անցաւ. ասոր կը յաջորդեն միւս երկու աղէտները։
13Յետոյ վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց. եւ լսեցի ձայն մը՝ որ կու գար Աստուծոյ դիմաց գտնուող ոսկիէ զոհասեղանին չորս անկիւններէն։
14Ձայնը փող ունեցող վեցերորդ հրեշտակին կ՚ըսէր. «Արձակէ՛ Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները»։
15Եւ արձակուեցան չորս հրեշտակները, որոնք ճիշդ այս ժամուն, օրուան, ամսուան եւ տարուան համար պատրաստ կեցած էին, որպէսզի սպաննեն մարդկութեան մէկ երրորդ մասը։
16Եւ իմացայ որ անոնց հեծեալ զօրքերուն թիւը հարիւր հազարներով ու միլիոններով էր։
17Տեսիլքիս մէջ տեսած ձիերն ու հեծեալները հագած էին կրակի գոյն, յակինթի գոյն եւ ծծումբի գոյն զրահներ։ Ձիերուն գլուխը առիւծի գլուխի կը նմանէր եւ իրենց բերանէն կրակ, ծուխ եւ ծծումբ կ՚ելլէր։
18Անոնց բերանէն ելած այս կրակի, ծուխի եւ ծծումբի հարուածներէն՝ մարդկութեան մէկ երրորդ մասը մեռաւ,
19քանի ձիերուն զօրութիւնը իրենց բերանին մէջ էր, ինչպէս նաեւ՝ իրենց պոչերուն։ Անոնց պոչերը օձերու կը նմանէին եւ ունէին գլուխներ, որոնցմով կը պատուհասէին։
20Մարդկութեան մնացեալ մասը, որ չսպաննուեցաւ այս հարուածներէն, չապաշխարեց եւ իր կատարած գործերէն ետ չդարձաւ։ Անոնք չդադրեցան երկրպագելէ դեւերուն, ոսկիէ, արծաթէ, անագապղինձէ, քարէ եւ փայտէ կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ լսել եւ ո՛չ ալ քալել։
21Անոնք չապաշխարեցին իրենց կատարած մարդասպանութեան, կախարդութեան, պոռնկութեան եւ գողութեան համար։