Revelation 82019

1Երբ Գպռնուկը բպցպւ եօթներորդ կնիքը, երկինքիմէջ լռութիւն տիրեց կէս ժամի չափ։

2Եւ տեսայ եօթը հրեշակները, որոնք Աստուծոյ դիմաց կանգնած էին, եւ անոնց տրուեցան եօթը փողեր։

3Ուրիշ հրեշտակ մըն ալ, որ ձեռքին ոսկի խնկաման մը ունէր, եկաւ եւ կեցաւ զոհասեղանին մօտ։ Անոր առատ խունկ տրուեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքները մատուցանէ ոսկեղէն զոհասեղանին վրայ, որ կը գտնուի գահին դիմաց։

4Եւ խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ։

5Ապա հրեշտակը խնկամանը լեցուց զոհասեղանին կրակէն եւ նետեց զայն երկրի վրայ։ Եւ ահա փայլատակումներով զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ լսուեցան որոտումներ ու ձայներ։

6Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը փողերը ունէին, պատրաստուեցան հնչեցնելու զանոնք։

7Առաջին հրեշտակը հնչեցուց փողը, եւ արիւնով խառնուած կարկուտ ու կրակ տեղաց երկրի վրայ եւ այրեց երկրին մէկ երրորդ մասը, ինչպէս նաեւ այրեց ծառերուն մէկ երրորդը եւ բոլոր դալար խոտերը։

8Ապա փողահարեց երկրորդ հրեշտակը, եւ ահա հսկայ լերան նմանող կրակէ զանգուած մը ծով ինկաւ, եւ ծովուն մէկ երրորդ մասը արիւն դարձաւ.

9ծովային կենդանիներուն մէկ երրորդը սատկեցաւ եւ նաւերուն մէկ երրորդը ընկղմեցաւ։

10Երրորդ հրեշտակն ալ փողը հնչեցուց։ Մեծ աստղ մը, որ ջահի մը նման կը բորբոքէր, երկինքէն ինկաւ գետերուն եւ աղբիւրներուն մէկ երրորդ մասին վրայ։

11Աստղին անունը Դառնութիւն էր։ Ջուրերուն մէկ երրորդը լեղի դարձաւ եւ մարդոցմէ շատեր մեռան դառն ջուրէն։

12Յետոյ չորրորդ հրեշտակը փողահարեց եւ արեւուն մէկ երրորդ մասը զարնուեցաւ, ինչպէս նաեւ՝ լուսինին մէկ երրորդը եւ աստղերուն մէկ երրորդը, եւ անոնց մէկ երրորդ մասը մթագնելով՝ ցերեկին, ինչպէս նաեւ գիշերուան մէկ երրորդ մասը խաւարեցաւ։

13Ապա երկինքի բարձունքին տեսայ եւ լսեցի թռչող արծիւի մը կանչը, որ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ երբ հնչէ ձայնը մնացեալ երեք փողերուն, որ հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Revelation 8.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.