Revelation 62019

1Յետոյ տեսայ որ Գառնուկը բացաւ եօթը կնիքներէնառաջինը, եւ լսեցի որ չորս կենդանիներէն մէկը որոտումի նմանող ձայնով կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։

2Եւ ահա տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն հեծեալը աղեղ մը ունէր։ Անոր պսակ մը տրուեցաւ. անիկա եկաւ որպէս յաղթող եւ յաղթելու համար։

3Երբ Գառնուկը երկրորդ կնիքը բացաւ, լսեցի որ երկրորդ կենդանին կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։

4Եւ դուրս ելաւ ուրիշ ձի մը, որ կարմիր էր։ Անոր հեծեալին իրաւունք տրուեցաւ աշխարհէն խաղաղութիւնը վերցնելու, որպէսզի մարդիկ իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։

5Երբ Գառնուկը երրորդ կնիքը բացաւ, լսեցի որ երրորդ կենդանին կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։ Եւ ահա տեսայ սեւ ձի մը, որուն հեծեալը իր ձեռքին ունէր կշիռք մը։

6Ու լսեցի ձայն մը, որ կու գար չորս կենդանիներուն մէջտեղէն եւ որ կ՚ըսէր. «Բուռ մը ցորենը՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն, երեք բուռ գարին՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն. բայց ձէթին եւ գինիին վնաս չտաս»։

7Եւ երբ Գառնուկը չորրորդ կնիքը բացաւ, չորրորդ կենդանիէն լսեցի ձայն մը, որ կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։

8Եւ ահա տեսայ դեղնորակ ձի մը, որուն հեծեալին անունը Մահ էր։ Անոր ետեւէն կ՚երթար դժոխքը՝ մեռեալներու աշխարհը։ Անոնց իշխանութիւն տրուած էր աշխարհի մէկ չորրորդին վրայ, որպէսզի սպաննեն սուրով, սովով, համաճարա կով եւ երկրի գազաններով։

9Երբ Գառնուկը հինգերորդ կնիքը բացաւ, զոհասեղանին տակ տեսայ հոգիները այն բոլոր մարդոց, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար։

10Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասես, սուրբ եւ ճշմարիտ Տէր, ե՞րբ պիտի դատես երկրի բնակիչները եւ մեր արեան վրէժը լուծես անոնցմէ»։

11Եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճերմակ պարեգօտ մը տրուեցաւ եւ անոնց ըսուեցաւ՝ որ կարճ ժամանակ մը եւս հանգիստ ընեն, մինչեւ որ ամբողջանայ թիւը իրենց ծառայակիցներուն եւ եղբայրներուն, որոնք իրենց նման պիտի սպաննուին։

12Եւ տեսայ որ Գառնուկը վեցերորդ կնիքը բացաւ։ Եւ ահա զօրաւոր երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ. արեւը այծի մազէ շինուած կարպետի մը նման սեւ դարձաւ, եւ լուսինը ամբողջութեամբ արիւնի գոյն առաւ։

13Երկինքի աստղերը երկիր ինկան, այնպէս՝ ինչպէս կը թափին ուժգին հովէն ցնցուող թզենիին խակ պտուղները։

14Երկինքը մագաղաթէ գլանի պէս ոլորուեցաւ, եւ բոլոր լեռներն ու կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան։

15Երկրի թագաւորները, իշխանները, հրամանատարները, հարուստները, զօրաւոր մարդիկը, եւ ծառայ թէ ազատ՝ բոլորը պահուտեցան քարայրներու եւ լեռներու ժայռերուն մէջ։

16Անոնք կ՚ըսէին լեռներուն եւ ժայռերուն. «Մեր վրայ ինկէք ու ծածկեցէ՛ք մեզ անոր աչքէն, անոր՝ որ գահին վրայ կը նստի. ազատեցէ՛ք մեզ Գառնուկին բարկութենէն,

17որովհետեւ անոր բարկութեան ահաւոր օրը եկաւ, եւ ո՞վ կրնայ անոր առջեւ դիմանալ»։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Revelation 6.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.