1Գահին վրայ նստողին աջ ձեռքին մէջ տեսայ գիրք մը՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքներով կնքուած։
2Եւ տեսայ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ բարձրաձայն կը յայտարարէր. –Ո՞վ արժանի է քակելու գիրքին կնիքները եւ բանալու զայն։
3Բայց չկար մէկը, ո՛չ երկինքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ եւ ո՛չ ալ երկրի ներքեւ, որ կարենար բանալ գիրքը, ոչ ալ նայիլ անոր։
4Ես դառնապէս կու լայի, քանի չգտնուեցաւ մէկը, որ արժանի ըլլար բանալու գիրքը եւ նայելու անոր մէջ։
5Երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. –Մի՛ լար, ահաւասիկ Առիւծը՝ որ Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթի սերունդէն է՝ յաղթեց, եւ անիկա կրնայ քակել եօթը կնիքները եւ բանալ գիրքը։
6Ապա գահին մէջտեղ, չորս կենդանիներով եւ երէցներով շրջապատուած Գառնուկ մը տեսայ, որ կարծես մորթուած ըլլար։ Անիկա ունէր եօթը եղջիւրներ եւ եօթը աչքեր, որոնք Աստուծոյ եօթը հոգիներն են՝ աշխարհի բոլոր կողմերը ղրկուած։
7Գառնուկը գնաց եւ գահին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։
8Հազիւ առած, չորս կենդանիները եւ քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը եւ ոսկի խնկաման մը՝ խունկով լեցուն, որոնք Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքներն են։
9Անոնք հետեւեալ նոր երգը կ՚երգէին ու կ՚ըսէին.– «Արժանի ես առնելու գիրքը եւ քակելու կնիքները, որովհետեւ մորթուեցար եւ արիւնովդ Աստուծոյ համար գնեցիր նորժողովուրդ մը՝ բոլոր ցեղերէն ու լեզուներէն, բոլոր ազգերէն, ժողովուրդներէն։
10Զանոնք դարձուցիր քահանաներու թագաւորութիւն մը՝ ծառայելու մեր Աստուծոյ։ Անոնք պիտի թագաւորեն երկրի վրայ»։
11Տեսայ նաեւ եւ լսեցի ձայնը բազմաթիւ հրեշտակներու, որոնք կանգնած էին գահին, չորս կենդանիներուն եւ երէցներուն շուրջ։ Անոնք տասնեակ հազարներով եւ միլիոններով էին,
12որոնք բարձր ձայնով կ՚երգէին.– «Մորթուած Գառնուկը արժանի է ստանալու՝ զօրութիւն, հարստութիւն եւ իմաստութիւն, կարողութիւն ու պատիւ, փառք եւ օրհնութիւն»։
13Եւ լսեցի որ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ գտնուող բոլոր արարածները կ՚ըսէին.– «Գահին վրայ նստողին, ինչպէս նաեւ Գառնուկին՝ օրհնութիւն, պատիւ, փառք ու զօրութիւն՝ յաւիտեանս յաւիտենից»։
14Չորս կենդանիները կը պատասխանէին. « Ամէն» ։ Եւ երէցները ինկան անոր առջեւ եւ երկրպագութիւն ըրին։