Revelation 212019

1Ապատեսայնորերկինքմըեւնորերկիրմը, որովհետեւ նախկին երկինքն ու երկիրը անհետացան եւ ա՛լծով չկար։

2Եւ տեսայ սուրբ քաղաքը՝ Նոր Երուսաղէմը, որ Աստուծոյ մօտէն, երկինքէն կ՚իջնէր՝ զարդարուած ու պատրաստ, ինչպէս հարսը՝ ամուսինին համար։

3Երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր. «Ահաւասիկ Աստուծոյ բնակութիւնը մարդոց միջեւ է. Աստուած անոնց հետ պիտի բնակի եւ անոնք իր ժողովուրդը պիտի ըլլան, եւ ինքը՝ Աստուած՝ անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։

4Անոնց աչքերէն ամէն արցունք պիտի սրբէ. այլեւս ո՛չ մահ գոյութիւն պիտի ունենայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ եւ ո՛չ ալ յոգնութիւն, որովհետեւ նախկինները անցան գացին»։

5Ան՝ որ գահին վրայ նստած էր, ըսաւ. –Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ։ Ապա ըսաւ ինծի. –Գրէ՛ ասոնք, որովհետեւ ճշմարիտ եւ վստահելի խօսքեր են։

6Եւ ըսաւ. –Եղաւ. ես եմ Այբը եւ Ֆէն, Սկիզբն ու Վախճանը։ Ես ծարաւին կեանքի ջուրի աղբիւրէն ձրի ջուր պիտի տամ։

7Ով որ յաղթանակէ՝ այս բոլորը պիտի ժառանգէ եւ ես անոր Աստուածը պիտի ըլլամ եւ ինք՝իմ որդիս։

8Բայց վախկոտներուն, անհաւատներուն, պիղծերուն, մարդասպաններուն, պոռնիկներուն, կախարդներուն, կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը՝ կրակով եւ ծծումբով այրող լիճն է, որ երկրորդ մահն է։

9Ապա քովս եկաւ մէկը այն եօթը հրեշտակներէն, որոնք վերջին եօթը պատուհասներով լեցուն եօթը անօթները ունէին, եւ հետս խօսելով՝ ըսաւ ինծի. –Եկո՛ւր, քեզի ցոյց պիտի տամ հարսը՝ Գառնուկին կինը։

10Անիկա հոգիով զիս վերացուց եւ առաւ տարաւ բարձր եւ հսկայ լերան մը վրայ ու ցոյց տուաւ սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմը, որ երկինքէն, Աստուծոյ մօտէն կ՚իջնէր։

11Անիկա Աստուծոյ փառքով կը փայլէր եւ անոր փայլքը կը նմանէր շատ թանկագին քարի մը փայլքին, ինչպէս յասպիս քարը, բիւրեղի պէս թափանցիկ։

12Քաղաքը մեծ ու բարձր պարիսպ մը ունէր՝ տասներկու դռներով, որոնց վրայ կային տասներկու հրեշտակներ։ Դռներէն իւրաքանչիւրին վրայ գրուած էր Իսրայէլի տասներկու ցեղերէն իւրաքանչիւրին անունը։

13Արեւելքէն երեք դռներ կային, հիւսիսէն՝ երեք, հարաւէն՝ երեք եւ արեւմուտքէն՝ երեք։

14Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր եւ անոնց վրայ գրուած էին Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն անունները։

15Ան որ ինծի հետ կը խօսէր՝ ձեռքին ունէր ոսկեայ եղէգ մը իբրեւ քանակ, չափելու համար քաղաքը, անոր դռներն ու պարիսպը։

16Քաղաքը քառակուսի էր, հաւասար երկայնութեամբ եւ լայնութեամբ։ Հրեշտակը եղէգով չափեց քաղաքը, որ երկու հազար երկու հարիւր քիլոմեթր էր։ Անոր երկայնքը եւ լայնքն ու բարձրութիւնը հաւասար էին։

17Հրեշտակը չափեց նաեւ պարիսպը, որուն բարձրութիւնը վաթսունհինգ մեթր էր։ Հրեշտակին գործածած չափը մարդոց գործածած չափն էր։

18Պարիսպը շինուած էր յասպիս քարէ, իսկ քաղաքը զուտ ոսկի էր, մաքուր եւ յստակ ապակիի պէս։

19Քաղաքին պարիսպի հիմերը բոլոր տեսակի թանկագին քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ կարկեհան, չորրորդը՝ զմրուխտ,

20հինգերորդը՝ եղնգաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ եւ տասներկուերորդը՝ մեղեսիկ։

21Տասներկու դռները տասներկու մարգարիտներով շինուած էին, իւրաքանչիւր դուռը՝ մէկ կտոր մարգարիտով, եւ քաղաքին հրապարակը զուտ ոսկի էր՝ թափանցիկ ապակիի պէս։

22Քաղաքին մէջ տաճար չտեսայ, որովհետեւ ամենակալ Տէր Աստուածը եւ Գառնուկը իրե՛նք էին տաճարը։

23Քաղաքը լուսաւորուելու համար պէտք չունէր արեւու եւ լուսինի, որովհետեւ Աստուծոյ փառքը ի՛նք կը լուսաւորէր զայն, եւ անոր ճրագը Գառնուկն էր։

24Ժողովուրդները անոր լոյսով պիտի առաջնորդուին եւ երկրի թագաւորները իրենց փառքը անոր պիտի բերեն։

25Քաղաքին դռները բնաւ պիտի չգոցուին, որովհետեւ հոն գիշեր պիտի չըլլայ։

26Ազգերու փառքն ու պատիւը իրեն պիտի բերուի.

27հոն պիտի չմտնէ ոեւէ պիղծ բան, ո՛չ ալ պղծութիւն գործող կամ ստախօս մարդ, այլ միայն անոնք՝ որոնց անունները գրուած են Գառնուկին Կեանքի գիրքին մէջ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Revelation 21.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.