Revelation 142019

1Յետոյ նայեցայ եւ տեսայ՝ որ Գառնուկը կանգնած էր Սիոն լերան վրայ, եւ իրեն հետ կային հարիւր քառասունչորս հազար հոգի, որոնց ճակատներուն վրայ գրուած էր իր եւ իր Հօր անունը ։

2Երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ կը նմանէր առատ ջուրերու կամ ուժգին որոտումի ձայնին։ Ձայնը կը հնչէր երաժշտութեան մը պէս, որ քնարահարները կը նուագեն իրենց քնարներուն վրայ։

3Անոնք գահին, չորս կենդանիներուն եւ երէցներուն դիմաց կ՚երգէին նոր երգ մը, որ ո՛չ ոք կրնար սորվիլ, բացի հարիւր քառասունչորս հազար հոգիէն, որոնք փրկուած էին երկրի բնակիչներու մէջէն։

4Ասոնք այն մարդիկն են՝ որոնք չխառնակուեցան կիներու հետ. անոնք կոյս են։ Անոնք կը հետեւին Գառնուկին, ո՛ւր որ երթայ անիկա։ Անոնք մարդոց մէջէն փրկուեցան իբրեւ երախայրիք՝ ընծայուած Աստուծոյ եւ Գառնուկին.

5ասոնք բնաւ սուտ չխօսեցան, անբիծ են։

6Յետոյ երկինքի բարձունքին թռչող ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ յաւիտենական աւետիս մը ունէր քարոզելու երկրի վրայ բնակող բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն, լեզուներուն ու ժողովուրդներուն։

7Անիկա բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վախցէ՛ք Աստուծմէ եւ փա՛ռք տուէք անոր, որովհետեւ հասաւ ժամանակը որ անիկա դատէ մարդկութիւնը։ Երկրպագեցէ՛ք երկինքի, երկրի, ծովուն եւ ջուրի աղբիւրներու Արարիչին»։

8Այս հրեշտակին կը հետեւէր երկրորդ հրեշտակ մը, որ կ՚ըսէր. «Ինկաւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, ան՝ որ իր պոռնկութեան բարկ գինիէն արբեցուց բոլոր ժողովուրդները»։

9Երրորդ հրեշտակ մըն ալ կը հետեւէր անոնց եւ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Ով որ կ՚երկրպագէ գազանին եւ անոր արձանին, կամ ով որ անոր դրոշմը կ՚առնէ իր ճակատին կամ ձեռքին վրայ,

10անիկա Աստուծոյ բարկութեան գինին պիտի խմէ. այն անխառն գինին, որ լեցուեցաւ Աստուծոյ բարկութեան բաժակին մէջ. անիկա պիտի տանջուի կրակով եւ ծծումբով՝ Աստուծոյ սուրբ հրեշտակներուն եւ Գառնուկին դիմաց։

11Անոնց տանջանքին ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ։ Գիշեր ու ցերեկ հանգիստ պիտի չունենան անոնք՝ որոնք երկրպագեցին գազանին ու անոր արձանին եւ անոր անունին դրոշմը կրեցին։

12Ահա հո՛ս է համբերութիւնը Աստուծոյ ընտրեալներուն, որոնք կը պահեն Աստուծոյ պատուիրանները եւ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքը»։

13Ապա երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ՚ըսէր. –Գրէ՛ ըսածս. «Երանի՜ այն մեռելներուն, որոնք այժմէն սկսեալ կը ննջեն՝ Տիրոջ հնազանդ ըլլալով։ Այո՛,– կ՚ըսէ Հոգին,– որովհետեւ անոնք հանգստացան իրենց աշխատանքէն, եւ իրենց գործերը կը վկայեն իրենց մասին»։

14Յետոյ տեսայ ճերմակ ամպ մը, որուն վրայ Մարդու Որդիի նմանող մէկը նստած էր։ Անիկա իր գլխուն ունէր ոսկի պսակ մը եւ ձեռքին՝ սուր գերանդի մը։

15Երկինքի մէջ գտնուող տաճարէն ելաւ ուրիշ հրեշտակ մը, որ բարձրաձայն աղաղակեցամպին վրայ նստողին, ըսելով. «Ղրկէ՛ գերանդիդ եւ հնձէ՛, որովհետեւ հնձելու ժամանակը հասաւ եւ երկրի հունձքը պատրաստ է»։

16Ան որ ամպին վրայ նստած էր, իր գերանդին ձգեց երկրի վրայ եւ հնձեց երկրի բոլոր բնակիչները։

17Ուրիշ հրեշտակ մը եւս դուրս եկաւ երկինքի մէջ գտնուող տաճարէն. ասիկա ալ սուր գերանդի մը ունէր։

18Յետոյ ուրիշ հրեշտակ մը, որ կրակին վրայ իշխանութիւն ունէր, զոհասեղանէն դուրս ելաւ եւ բարձրաձայն աղաղակեց սուր գերանդի ունեցող հրեշտակին, ըսելով. «Ղրկէ՛ սուր գերանդիդ եւ քաղէ՛ երկրի այգիին ողկոյզները, որովհետեւ խաղողը հասունցած է»։

19Հրեշտակը իր գերանդին ձգեց երկրի վրայ եւ քաղեց խաղողը ու նետեց Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ։

20Խաղողը կոխուեցաւ քաղաքէն դուրս, եւ հնձանէն արիւն հոսեցաւ եւ բարձրացաւ մինչեւ ձիերու սանձը, շուրջ երեք հարիւր քիլոմեթր տարածութեան վրայ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Revelation 14.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.