Mark 5
1 Յետոյ լիճին դիմացը, Գերգեսացիներու երկիրը եկան։
2 Յիսուս հազիւ նաւակէն ելած էր, ահա իրեն հանդիպեցաւ մէկը, որ ժայռափոր գերեզմաններէն եկած էր։ Այս մարդը չար ոգի ունէր իր ներսիդին
3 եւ գերեզմաններու մէջ կը բնակէր։ Նոյնիսկ շղթաներով չէին կրնար զինք կապել։
4 Շատ անգամ անոր ոտքերն ու ձեռքերը շղթաներով կապած էին, բայց անիկա խորտակեր էր շղթաները եւ կտրտեր ոտնակապերը։
5 Ոչ ոք կրնար զինք զսպել։ Միշտ, գիշեր ու ցերեկ գերեզմաններու մէջ եւ լեռներու վրայ կը թափառէր ու կ՚աղաղակէր եւ ինքզինք քարով կը վիրաւորէր։
6 Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց, ծունկի եկաւ անոր առջեւ
7 եւ բարձր ձայնով աղաղակեց. – Ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզես, Յիսո՛ւս, բարձրեալ Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ սիրոյն, զիս մի՛ տանջեր։ (
8 Ասիկա կ՚ըսէր, որովհետեւ Յիսուս հրամայած էր չար ոգիին՝ ըսելով. «Չար ոգի, ե՛լ այդ մարդուն մէջէն»։)
9 Յիսուս հարցուց անոր. – Ի՞նչ է անունդ։ – Անունս Լէգէոն է,– պատասխանեց,– որովհետեւ շատ ենք։
10 Չար ոգիները շատ կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ զիրենք աշխարհէն դուրս չղրկէ։
11 Հոն, լերան մօտիկ, խոզերու մեծ երամակ մը կ՚արածէր։
12 Չար ոգիները բոլորն ալ աղաչեցին Յիսուսի եւ ըսին. – Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէսզի անոնց մէջ մտնենք։
13 Եւ Յիսուս արտօնեց։ Չար ոգիները մարդուն մէջէն ելան եւ մտան խոզերուն մէջ. եւ խոզերու երամակը, որ շուրջ երկու հազար կը հաշուէր, զառիթափէն վար խուժեց դէպի լիճ եւ հոն խեղդուեցաւ։
14 Խոզարածները փախան եւ քաղաքին ու ագարակներու մէջ պատմեցին պատահածը։ Ժողովուրդը գնաց տեսնելու թէ ի՛նչ պատահած էր։
15 Եկան Յիսուսի մօտ եւ սարսափեցան, երբ տեսան դիւահարը, որ նախապէս բազմաթիւ չար ոգիներ ունէր ներսիդին, իսկ այժմ հագուստները հագած էր եւ զգաստացած։
16 Ականատեսները անոնց պատմեցին ինչ որ պատահած էր դիւահարին եւ խոզերուն։
17 Ասոր վրայ ժողովուրդը սկսաւ աղաչել Յիսուսի որ հեռանայ իրենց սահմաններէն։
18 Երբ Յիսուս նաւակ մտաւ, դիւահարը աղաչեց որ միասին երթայ։
19 Բայց Յիսուս թոյլ չտուաւ, այլ ըսաւ անոր. – Տունդ գնա, քու ընտանիքիդ մօտ, եւ անոնց պատմէ՛ ինչ որ Տէրը ըրաւ քեզի եւ ի՛նչպէս ողորմեցաւ քեզի։
20 Անիկա գնաց եւ ինչ որ Յիսուս ըրած էր՝ պատմեց Դեկապոլիսի մէջ։ Լսողները բոլորն ալ կը զարմանային։
21 Երբ Յիսուս կրկին լիճին միւս կողմը անցաւ, մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ իր շուրջ, լիճին եզերքը։
22 Եւ ահա տեղւոյն ժողովրդապետներէն մէկը, որ Յայրոս կը կոչուէր, եկաւ Յիսուսի մօտ։ Հազիւ զայն տեսած, ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ
23 եւ շատ կ՚աղաչէր, ըսելով. – Աղջիկս մահամերձ է, եկուր եւ ձեռքդ դիր անոր վրայ, որպէսզի առողջանայ եւ ապրի։
24 Յիսուս գնաց Յայրոսի հետ։ Իրեն հետ խուռն բազմութիւն մըն ալ կ՚երթար եւ կը նեղէր զինք։
25 Կին մը կար, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր։
26 Անիկա բժիշկներու ձեռքէն շատ նեղութիւն քաշած էր, իր ամբողջ ունեցածը վատներ էր, բայց օգուտ չէր տեսած, ընդհակառակը, հիւանդութիւնը աւելի վատթարացեր էր։
27 Լսելով Յիսուսի մասին, ամբոխին մէջէն եւ Յիսուսի ետեւէն եկաւ եւ դպաւ անոր հագուստին։
28 Որովհետեւ ինքնիրեն կը խորհէր ու կ՚ըսէր. «Միայն դպչիմ անոր հագուստին եւ պիտի բժշկուիմ»։
29 Անմիջապէս անոր արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ, եւ ինք մարմնին մէջ զգաց որ իր հիւանդութենէն բժշկուեցաւ։
30 Նոյն պահուն Յիսուս զգաց թէ իրմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ. ամբոխին մէջ ետեւ դարձաւ եւ ըսաւ. – Ո՞վ դպաւ հագուստիս։
31 Աշակերտները ըսին իրեն. – Կը տեսնես որ ամբոխը քեզ կը հրմշտկէ, եւ դուն կ՚ըսես, «Ո՞վ դպաւ հագուստիս»։
32 Յիսուս չորս կողմը կը նայէր՝ տեսնելու համար թէ ո՛վ ըրաւ։
33 Կինը, քանի գաղտնի դպած էր Յիսուսի, եւ գիտնալով թէ ի՛նչ պատահած էր իրեն, վախէն դողդղալով եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ իրականութիւնը ըսաւ։
34 Յիսուս ըսաւ անոր. – Աղջի՛կս, հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա եւ բժշկուէ՛ քու ցաւերէդ։
35 Մինչ Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան եւ ըսին Յայրոսի. – Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ կը յոգնեցնես Վարդապետը ։
36 Յիսուս այս խօսքերը երբ լսեց, ըսաւ ժողովրդապետին. – Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛։
37 Յետոյ չձգեց որ ոեւէ մէկը իրեն հետ երթայ, բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն եւ անոր եղբօրմէն՝ Յովհաննէսէն։
38 Երբ հասաւ ժողովրդապետին տունը, տեսաւ ամբոխ մը, որ կու լար եւ ողբ ու կոծ կ՚ընէր։
39 Յիսուս ներս մտաւ եւ ըսաւ անոնց. – Ի՞նչ իրար անցեր էք ու կու լաք. փոքրիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։
40 Բայց անոնք սկսան զինք ծաղրել։ Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց եւ իրեն հետ առնելով փոքրիկին հայրն ու մայրը, ինչպէս նաեւ երեք աշակերտները, մտաւ այն սենեակը ուր փոքրիկը պառկած էր։
41 Յիսուս բռնեց փոքրիկին ձեռքէն եւ ըսաւ. – Տալիթա՛, կումի՛, որ կը նշանակէ՝ «Աղջիկ, քեզի կ՚ըսեմ՝ ե՛լ»։
42 Աղջիկը, որ շուրջ տասներկու տարեկան էր, անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ սկսաւ շրջիլ։ Ասիկա տեսնելով՝ ամէնքն ալ զարմացան։
43 Բայց Յիսուս անոնց խստիւ պատուիրեց որ ոեւէ մէկուն բան չըսեն. եւ ըսաւ որ ուտելիք տան անոր։