Bible

Transform

Your Worship Experience with Great Ease

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Mark 6

:
Armenian - 2019
1 Յիսուս հոնկէ ելաւ եւ իր հայրենի քաղաքը գնաց. իր աշակերտները իրեն կը հետեւէին։
2 Երբ Շաբաթ օրը եկաւ, անիկա ժողովարանին մէջ սկսաւ ուսուցանել։ Շատեր երբ կը լսէին, կը զարմանային անոր ուսուցումներուն վրայ եւ կ՚ըսէին. Ասիկա ուրկէ՞ այսչափ բան գիտէ։ Այս ի՞նչ իմաստութիւն է որ տրուած է իրեն։ Ինչպէ՞ս այսպիսի հրաշքներ կը կատարէ։
3 Ասիկա ատաղձագործին եւ Մարիամի զաւակը չէ՞, Յակոբի, Յովսէսի, Յուդայի եւ Սիմոնի եղբայրը։ Իր քոյրերը հոս մեր մօտ չե՞ն բնակիր։ Եւ այս պատճառով կը դժուարանային հաւատալ իրեն։
4 Յիսուս ըսաւ անոնց. Մարգարէն իր հայրենի քաղաքին, գերդաստանին եւ ընտանիքին մէջ յարգ չունի։
5 Եւ չկրցաւ ոեւէ հրաշք գործել հոն, բայց միայն սակաւաթիւ հիւանդներ բժշկեց՝ անոնց վրայ ձեռքերը դնելով։
6 Եւ կը զարմանար իր քաղաքացիներուն անհաւատութեան վրայ։ Յիսուս շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կ՚ուսուցանէր։
7 Իր մօտ կանչելով տասներկու աշակերտները, սկսաւ զանոնք զոյգ–զոյգ ղրկել՝ չար ոգիներուն վրայ իշխանութիւն տալով անոնց,
8 ու պատուիրեց. Ճամբու համար ձեզի հետ ո՛չ մէկ բան առէք՝ բացի գաւազանէ մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ալ դրամ ձեր գօտիներուն մէջ։
9 Այլ հողաթափ հագէք եւ աւելորդ հագուստ մի՛ առնէք ձեզի հետ։
10 Ապա աւելցուց. Ո՛ր տունը որ մտնէք եւ ձեզ ընդունին, հոն իջեւանեցէք մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։
11 Իսկ երբ դուրս ելլէք ոեւէ տեղէ, որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունիր եւ չեն լսեր, ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։
12 Աշակերտները գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել որ ապաշխարեն։
13 Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ իւղով կ՚օծէին եւ զանոնք կը բժշկէին։
14 Հերովդէսթագաւոր լսեցայսբոլորը, որովհետեւ Յիսուսի հռչակը ամէն տեղ կը տարածուէր։ Ոմանք կ՚ըսէին։ Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, որ մեռելներէն յարութիւն առած է եւ այս պատճառով հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով։
15 Ուրիշներ կ՚ըսէին. Եղիան է։ Իսկ ոմանք կ՚ըսէին. Մարգարէ մըն է, նախկին մարգարէներէն մէկուն պէս։
16 Երբ Հերովդէս լսեց, ըսաւ. Ասիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, որուն գլուխը ես կտրել տուի եւ հիմա մեռելներէն յարութիւն առեր է։
17 Հերովդէս ինքն էր որ Յովհաննէսը ձերբակալել տուած էր, շղթայել եւ բանտ նետել տուած, Հերովդիայի՝ իր Փիլիպպոս եղբօրը կնոջ պատճառով, որուն հետ ինք ամուսնացաւ։
18 Քանի Յովհաննէս Հերովդէսի կ՚ըսէր. Մեր Օրէնքը թոյլ չի՛ տար որ դուն եղբօրդ կինը առնես։
19 Այս պատճառով Հերովդիա ոխ ունէր Յովհաննէսի դէմ, կ՚ուզէր սպաննել զայն, բայց չէր կրնար,
20 որովհետեւ Հերովդէս կ՚ակնածէր Յովհաննէսէն, քանի գիտէր որ Յովհաննէս արդար եւ սուրբ մէկն էր ու կը պաշտպանէր զայն եւ հաճոյքով կը լսէր անոր խօսքերը եւ շատ բան կը գործադրէր։
21 Եւ Հերովդիայի համար յարմար առիթը եկաւ։ Հերովդէս իր ծննդեան տարեդարձին առիթով խնճոյք մը սարքեց իր նախարարներուն, հազարապետներուն եւ Գալիլեայի երեւելիներուն համար։
22 Հերովդիայի աղջիկը ներս մտաւ եւ սկսաւ պարել. ասիկա Հերովդէսի եւ իր հիւրերուն հաճելի թուեցաւ։ Ուստի թագաւորը աղջըկան ըսաւ. Ի՛նչ որ ուզես ինձմէ՝ պիտի տամքեզի։
23 Բազմաթիւ անգամներ երդում կ՚ընէր՝ ըսելով. Ի՛նչ որ խնդրես ինձմէ՝ պիտի տամ քեզի, մինչեւ իսկ թագաւորութեանս կէսը։
24 Աղջիկը դուրս ելաւ եւ մօրը հարցուց. Ի՞նչ ուզեմ։ Մայրը ըսաւ. Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։
25 Աղջիկը աճապարանքով ներս մտաւ թագաւորին մօտ եւ ըսաւ անոր. Կ՚ուզեմ որ հիմա անմիջապէս ափսէի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տաս ինծի։
26 Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց չկրցաւ մերժել զայն՝ իր ըրած երդումներուն եւ հրաւիրեալներուն պատճառով։
27 Ուստի թագաւորը անմիջապէս դահիճը ղրկեց, հրամայելով՝ բերել Յովհաննէսի գլուխը։ Դահիճը գնաց, գլխատեց Յովհաննէսը բանտին մէջ
28 եւ ափսէի մը վրայ գլուխը բերաւ ու տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ տուաւ իր մօրը։
29 Երբ Յովհաննէսի աշակերտները լսեցին ասիկա, եկան, առին մարմինը եւ գերեզմանի մը մէջ դրին։
30 Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին։
31 Յիսուս ըսաւ անոնց. Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք։ Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերուն երթալ–գալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած։
32 Հետեւաբար իրենք առանձինն նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը։
33 Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատեր լիճին եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը։
34 Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին։ Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց։
35 Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է.
36 արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին։
37 Յիսուս անոնց ըսաւ. Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Անոնք հարցուցին. Կ՚ուզե՞ս որ երթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար։
38 Յիսուս ըսաւ. Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք։ Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին. Հինգ հաց եւ երկու ձուկ։
39 Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ–խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ,
40 եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան։
41 Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին։
42 Բոլորն ալ կերան ու կշտացան,
43 եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։
44 Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր։
45 Ապա Յիսուս անմիջապէս աշակերտները ստիպեց որ նաւակ ելլեն եւ իրմէ առաջ երթան Բեթսայիդա, լիճին միւս կողմը, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։
46 Ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելէն ետք, Յիսուս լեռ բարձրացաւ աղօթելու։
47 Երբ երեկոյ եղաւ, նաւակը լիճին մէջտեղն էր, եւ Յիսուս առանձինը՝ ցամաքին վրայ։
48 Տեսաւ որ աշակերտները նաւակը վարելու մեծ դժուարութեան մէջ էին, որովհետեւ հովը իրենց դիմացէն կը փչէր։ Առաւօտեան ժամը չորսի մօտ էր, երբ ինք ջուրին վրայէն քալելով՝ անոնց քով եկաւ եւ կ՚ուզէր զանոնք անցնիլ։
49 Աշակերտները երբ տեսան որ ջուրին վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ ուրուական մըն է եւ սկսան պոռալ։
50 Արդարեւ, բոլորն ալ զինք տեսան եւ շատ վախցան։ Յիսուս անմիջապէս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ. Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք։
51 Ապա նաւակ բարձրացաւ անոնց քով, եւ հովը դադրեցաւ։ Աշակերտները աւելի ապշեցան եւ շատ զարմացան։
52 Անոնք արդէն իսկ չէին հասկցած հացի հրաշքին իմաստը եւ հիմա ալ իրենց միտքը փակուած էր։
53 Ապա լիճին դիմացը անցնելով եկան Գեննեսարէթ, ուր ցամաք ելան։
54 Հազիւ նաւակէն դուրս ելան, այդտեղի ժողովուրդը անմիջապէս ճանչցաւ Յիսուսը։
55 Յիսուս ո՛ւր որ երթար, ամբողջ գաւառին մէջ, մարդիկ իր ետեւէն հոս ու հոն կը վազէին եւ իրեն կը բերէին հիւանդները իրենց անկողիններուն մէջ։
56 Եւ ո՛ւր որ մտնէր՝ գիւղ, քաղաք կամ ագարակ, այդ տեղերու մարդիկը իրենց հիւանդները հրապարակներու վրայ կը դնէին եւ կ՚աղաչէին որ գոնէ թոյլ տայ հիւանդներուն, որ իր հագուստի քղանցքին դպչին։ Եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։