Luke 4
1 Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ վերադարձաւ Յորդանանէն։ Ապա Սուրբ հոգիին կողմէ առաջնորդուած՝ գնաց անապատ,
2 ուր քառասուն օր փորձուեցաւ Սատանայէն ։ Այդ օրերուն ո՛չ կերաւ եւ ո՛չ ալ խմեց։ Երբ քառասուն օրերը ամբողջացան, Յիսուս անօթեցաւ։
3 Սատանան ըսաւ իրեն. – Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, հրամայէ՛ որ այս քարը հաց դառնայ։
4 Յիսուս պատասխանեց. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ՝ Աստուծոյ բոլոր խօսքերով»։
5 Ապա Սատանան հանեց զինք բարձր լեռ մը եւ ակընթարթի մը մէջ իրեն ցոյց տուաւ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները
6 եւ ըսաւ. – Այս բոլորին վրայ իշխանութիւն եւ անոնց փառքը քեզի կու տամ. անոնք ինծի տրուած են եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ։
7 Արդ, եթէ ինծի երկրպագութիւն ընես՝ այդ բոլորը քուկդպիտի ըլլան։
8 Յիսուս ըսաւ. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուծոյդ պէտք է երկրպագես եւ զայն միայն պաշտես»։
9 Յետոյ Սատանան զայն Երուսաղէմ տարաւ եւ կանգնեցուց տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ եւ ըսաւ անոր. – Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, դուն քեզ այստեղէն վար նետէ։
10 Քանի Սաղմոսներուն մէջ գրուած է, թէ «Աստուած իր հրեշտակներուն պիտի պատուիրէ որ քեզ պահպանեն»,
11 եւ թէ «հրեշտակները քեզ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն, այնպէս որ ոտքդքարի չզարնուի»։
12 Յիսուս պատասխանեց. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձե՛ս»։
13 Սատանան ամէն տեսակի փորձութիւն վերջացնելէ ետք՝ ժամանակուան մը համար հեռացաւ Յիսուսէն։
14 Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւըտարածուեցաւ։
15 Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին։
16 Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց։ Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը,
17 իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը։ Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ՚ըսէր.–
18 « Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու,
19 գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»։
20 Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ։ Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին
21 Ֆերբ ըսաւ. – Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ։
22 Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ՚ըսէին. – Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞:
23 Յիսուս ըսաւ. – Անտարակոյս ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»։ Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ։
24 Եւ աւելցուց. – Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի։
25 Ձեզի օրինակներով խօսիմ։ Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց։
26 Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ղրկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը։
27 Նոյնպէս, Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէեման անունով Ասորի մը։
28 Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովարանին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան։
29 Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ գահավէժ ընելու նպատակով զայն տարին մինչեւ կատարը այն լերան, որուն վրայ շինուած էր իրենց քաղաքը։
30 Բայց Յիսուս անոնց մէջէն անցաւ գնաց։
31 Յետոյ Յիսուս Գալիլեայի Կափառնաում քաղաքը գնաց, ուր Շաբաթ օրով սկսաւ ժողովուրդին ուսուցանել։
32 Բոլորն ալ կը զարմանային անոր ուսուցման կերպին վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը խօսէր։
33 Ժողովարանին մէջ մէկը կար, որ պիղծ ոգիէ բռնուած էր. ոգին բարձրաձայն գոչեց. –
34 Յիսո՛ւս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՝ուզես մեզմէ. մեզ ոչնչացնելո՞ւ եկար. գիտե՛նք թէ ով ես, դուն Աստուծոյ Սուրբն ես։
35 Յիսուս սաստեց ոգին եւ ըսաւ. – Լռէ՛ եւ դո՛ւրս ել մարդէն։ Ոգին բոլորին դիմաց զգետնեց մարդը եւ դուրս ելաւ՝ առանց վնասելու անոր։
36 Բոլորն ալ ապշահար՝ իրարու կ՚ըսէին. – Ի՜նչ զօրեղ խօսք. հեղինակութեամբ եւ զօրութեամբ կը սաստէ չար ոգիները եւ անոնք դուրս կ՚ելլեն։
37 Եւ Յիսուսի համբաւը կը տարածուէր գաւառին բոլոր կողմերը։
38 Ժողովարանէն ելլելով՝Յիսուս գնաց Սիմոնի տունը։ Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ։ Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն։
39 Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը։ Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց։
40 Արեւնամուտին, բոլոր անոնք որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ ունէին, Յիսուսի բերին։ Յիսուս անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ իր ձեռքերը դնելով՝ կը բժշկէր զանոնք։
41 Շատերու մէջէն դեւեր ալ կ՚ելլէին, որոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. – Դուն Աստուծոյ Որդին ես։ Սակայն Յիսուս կը սաստէր զանոնք եւ չէր ձգեր որ խօսին, քանի դեւերը գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։
42 Առաւօտուն Յիսուս ելաւ ամայի վայրմը գնաց։ Ժողովուրդը սկսաւ զինք փնտռել։ Երբ եկան իր մօտ, չէին ձգեր որ հեռանայ իրենցմէ։
43 Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ պէտք է Աստուծոյ արքայութիւնը աւետեմ, որովհետեւ ճիշդ ասոր համար Աստուած զիս ղրկեց։
44 Եւ Յիսուս Գալիլեայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։