Luke 3
1 Տիբերիոս կայսրին գահակալութեան տասնըհինգերորդ տարին Պոնտացի Պիղատոս Հրէաստանի կառավարիչն էր, Հերովդէս Գալիլեայի չորրորդապետն էր, Հերովդէսի եղբայրը՝ Փիլիպպոս, Իտուրիայի եւ Տրաքոնիտիսի չորրորդապետն էր, Լիսանիաս Աբիլենէի չորրորդապետն էր,
2 իսկ Հաննա եւ Կայիափա այդ ժամանակուան Քահանայապետներն էին։
3 Այդ օրերուն Աստուած անապատին մէջ խօսեցաւ Զաքարիայի որդիին՝ Յովհաննէսի։ է Յովհաննէս Յորդանան գետին եզերքը գտնուող բոլոր շրջանները երթալով՝ կը քարոզէր ապաշխարել եւ մկրտուիլ, որպէսզի Աստուած մեղքերու թողութիւն տայ։
4 Այս մասին Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուած է.– «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.– Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը, հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները։
5 Բոլոր ձորերը պիտի լեցուին եւ բոլոր լեռներն ու բլուրները գետնին պիտի հաւասարին. բոլոր ճամբաները ուղիղ պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ խորտուբորտ արահետները՝ հարթ հաւասար,
6 եւ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի տեսնէ Աստուծոյ ղրկած Փրկիչը»։
7 Բազմաթիւ մարդիկ Յովհաննէսի կ՚երթային անկէ մկրտուելու համար։ Յովհաննէս անոնց կ՚ըսէր. – Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ ըսաւ ձեզի թէ կրնաք Աստուծոյ տալիք պատիժէն փախչիլ։
8 Ասկէ ետք գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք։ Մի՛ կրկնէք դուք ձեզի՝ ըսելով. «Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Աստուած քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել։
9 Ահաւասիկ կացինը ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու պատրաստ է։ Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար՝ պիտի կտրուի եւ կրակ նետուի։ –
10 Ուրեմն ի՞նչ ընենք,– հարցուց ժողովուրդը իրեն։
11 Յովհաննէս պատասխանեց. – Ով որ երկու հագուստ ունի՝ թող մէկը չունեցողին տայ, իսկ ով որ ուտելիք ունի՝ նոյնպէս ուրիշին հետ թող կիսէ։
12 Մաքսաւորներն ալ մկրտուելու եկան եւ հարցուցին իրեն. – Վարդապե՛տ, ի՞նչ ընենք։
13 Յովհաննէս պատասխանեց. – Ձեզի հրամայուածէն աւելի մի՛ գանձէք։
14 Զինուորներ ալ եկան եւ իրեն հարցուցին. – Մե՞նք ինչ ընենք։ Անոնց պատասխանեց. – Ոեւէ մէկէն բռնութեամբ եւ կամ զրպարտութիւն ընելով դրամ մի՛ առնէք։ Ձեզի տրուած թոշակով գոհացէք։
15 Ժողովուրդը կը սկսէր իր ակնկալած Փրկիչը տեսնել Յովհաննէսի մէջ. բոլորն ալ իրենք իրենց կը խորհէին թէ արդեօք Յովհաննէ՞սն է Քրիստոսը:
16 Յովհաննէս անոնց պատասխանեց. – Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի հզօրը պիտի գայ, որ ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ։ Ես անոր կօշիկին կապերն իսկ քակելու արժանի չեմ։
17 Հեծանոցը իր ձեռքին, ան պիտի մաքրէ իր կալը. ցորենը հաւաքէ իր շտեմարանին մէջ, իսկ յարդը այրէ անշէջ կրակով։
18 Տակաւին ուրիշ շատ մը ուսուցումներով անիկա ժողովուրդը կը քաջալերէր՝ փրկութեան աւետիսը տալով անոնց։
19 Յովհաննէս յանդիմանեց Հերովդէս չորրորդապետը, իր եղբօր կինը՝ Հերովդիան խլելով անոր հետ ամուսնանալուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր իր չար գործերուն համար։
20 Այս պատճառով Հերովդէս բանտարկել տուաւ Յովհաննէսը, այսպիսով չար գործ մըն ալ աւելցնելով միւսներուն վրայ։
21 Ներկայ ամբողջ ժողովուրդը մկրտուելէն ետք՝ Յիսուս ալ մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս կ՚աղօթէր, երկինքը բացուեցաւ
22 եւ Սուրբ Հոգին տեսանելի կերպարանքովաղաւնիի պէս իջաւ անոր վրայ։ Ձայն մը լսուեցաւ երկինքէն, որ կ՚ըսէր. – Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս. քեզի՛ հաճեցայ։
23 Յիսուս շուրջ երեսուն տարեկան էր, երբ իր գործունէութեան սկսաւ։ Ինչպէս մարդիկ կը կարծէին՝ անիկա որդին էր Յովսէփի, որուն նախահայրերն էին՝ հօրմէն սկսեալ՝ Յակոբ, Հեղի,
24 Մատթատ, Ղեւի, Մելքի, Յաննէ, Յովսէփ,
25 Մատաթիա, Ամոս, Նաւում, Եսլի, Նակկէ,
26 Մահաթ, Մատաթիա, Սեմէին, Եոսէք, Եոդա,
27 Եոանան, Ռէսա, Զօրաբաբէլ, Սալաթիէլ, Նէրի,
28 Մելքի, Ադդի, Կոսամ, Ելմադամ, Էր,
29 Յեսու, Եղիազար, Եորիմ, Մատթատ, Ղեւի,
30 Սիմէոն, Յուդա, Յովսէփ, Եոնամ, Եղիակիմ,
31 Մելեա, Մեննա, Մատտաթա, Նաթան, Դաւիթ,
32 Յեսսէ, Օբէդ, Բոազ, Սալմոն, Նաասոն,
33 Ամինադաբ, Արամ, Ադմին, Առնի, Հեսրոն, Փերեզ, Յուդա,
34 Յակոբ, Իսահակ, Աբրահամ, Թարա, Նաքոր,
35 Սերուք, Ռագաւ, Փալեկ, Եբեր, Սելա,
36 Կայնան, Արփաքսադ, Սեմ, Նոյ, Լամեք,
37 Մաթուսալա, Ենոք, Եարեդ, Մալալիէլ, Կայնան,
38 Ենոս, Սէթ եւ Ադամ, որ Աստուծմէ ստեղծուեցաւ։