Luke 19
1 Յիսուս Երիքով մտաւ եւ կ՚անցնէր քաղաքէն։
2 Զակքէոս անունով մարդ մը, որ մաքսապետ էր եւ հարուստ,
3 կ՚ուզէր տեսնել թէ ո՛վ է Յիսուսը, բայց ամբոխին պատճառով չէր յաջողեր՝ քանի կարճահասակ էր։
4 Ուստի առաջ վազեց եւ ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէսզի տեսնէ, որովհետեւ Յիսուս այդտեղէն պիտի անցնէր։
5 Յիսուս երբ հասաւ այդ տեղը, վեր նայեցաւ եւ ըսաւ. – Զակքէո՛ս, աճապարէ՛, վա՛ր իջիր, որովհետեւ այսօր պէտք է որ տունդ գիշերեմ։
6 Զակքէոս աճապարելով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց Յիսուսը։
7 Բոլոր անոնք որոնք տեսան ասիկա, սկսան մրթմրթալ եւ ըսել. – Այս մարդը մեղաւորի մը տունը գնաց հիւր եղաւ։
8 Զակքէոս ոտքի ելաւ եւ Տիրոջ ըսաւ. – Տէ՛ր, ահա ունեցածիս կէսը աղքատներուն պիտի տամ եւ եթէ ոեւէ մէկը անիրաւած եմ՝ քառապատիկ պիտի հատուցանեմ անոր։
9 Յիսուս ըսաւ անոր. – Այսօր այս տունը փրկուեցաւ, քանի այս մարդն ալ Աբրահամի զաւակ է։
10 Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու եւ փրկելու։
11 Մինչ ժողովուրդը անոր ըսածները մտիկ կ՚ընէր, Յիսուս իր խօսքը շարունակեց, եւ Երուսաղէմի մօտեցած ըլլալով ու գիտնալով որ ժողովուրդը կը կարծէ թէ Աստուծոյ արքայութիւնը շուտով պիտի յայտնուի, հետեւեալ առակը պատմեց անոնց.
12 Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ։
13 Նախ քան մեկնիլը, կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս»։
14 Բայցիր քաղաքացիները կ՚ատէին զինք. հետեւաբար պատգամաւոր ղրկեցին իր ետեւէն, ըսելով. «Չե՛նք ուզեր որ ան մեր վրայ թագաւոր դառնայ»։
15 Երբ ազնուականը թագաւորական իշխանութիւնը առաւ եւ վերադարձաւ, անմիջապէս կանչեց իր ծառաները, որոնց դրամ տուած էր, գիտնալու համար թէ ի՛նչ շահած են։
16 Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, մէկ տուածիդ դէմ տասը շահեցայ»։
17 Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ բանին մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»։
18 Երկրորդ ծառան ալ եկաւ եւ ըսաւ. «Մէկ տուածիդ դէմ հինգ շահեցայ»։
19 Տէրը ըսաւ. «Քեզ ալ հինգ քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»։
20 Երրորդը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահաւասիկ տուած դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած։
21 Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես։ Կ՚առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած»։
22 Տէրը ըսաւ անոր. «Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ։ Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ՚առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած,
23 ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի»։
24 Ապա սպասաւորներուն ըսաւ. «Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է»։
25 Անոնք ըսին. «Տէ՛ր, անիկա արդէն տասնպատիկը ունի»։
26 «Գիտցէք»,– ըսաւ ան,– «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ։
27 Իսկ իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք եւ իմ ներկայութեանս սպաննեցէք զանոնք»։
28 Այս խօսքը ըսելէ ետք Յիսուս շարունակեց իր ճամբան դէպի Երուսաղէմ։
29 Երբ Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէի եւ Բեթանիայի, մօտիկը այն լերան որ Ձիթենեաց կը կոչուի, աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց՝
30 անոնց պատուիրելով. – Գացէք սա դիմացի գիւղը։ Հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ո՛չ ոք նստած է տակաւին։ Քակեցէք զայն եւ բերէք։
31 Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ թէ ինչո՛ւ կը քակէք, իրեն ըսէք՝ « Տէրը պէտք ունի անոր»։
32 Երկու աշակերտները գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ըսած էր իրենց։ Աւանակը հոն էր։
33 Եւ մինչ կը քակէին զայն, անոր տէրերը ըսին իրենց. – Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը։
34 Անոնք պատասխանեցին. – Տէրը պէտք ունի անոր։
35 Եւ զայն բերին Յիսուսի։ Ապա իրենց վերարկուները դրին աւանակին վրայ եւ Յիսուսը հեծցուցին անոր վրայ։
36 Եւ մինչ կը յառաջանար, ժողովուրդը վերարկուները ճամբուն վրայ կը փռէր։
37 Երբ մօտեցաւ Երուսաղէմի, հոն ուր Ձիթենեաց լերան զառիվարը կը սկսէր, աշակերտները բոլորն ալ սկսան ուրախութեամբ եւ բարձրաձայն զԱստուած օրհնաբանել՝ իրենց տեսած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար,
38 ըսելով. «Օրհնեալ է թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով. խաղաղութի՜ւն երկինքի մէջ եւ փա՜ռք Բարձրեալին»։
39 Փարիսեցիներէն ոմանք ամբոխին մէջէն ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, աշակերտներդ սաստէ որ լռեն։
40 Յիսուս պատասխանեց. է Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ատոնք լռեն՝ քարերը պիտի աղաղակեն։
41 Երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ
42 եւ ըսաւ. է Գոնէ այսօր գիտնայիր թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ խաղաղութիւնդ։ Բայց այլեւս պիտի չկրնաս տեսնել։
43 Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ թշնամիներդ շուրջդ պատնէշ պիտի կանգնեն, պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ պիտի նեղեն քեզ։
44 Հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ եւ սպաննեն բնակչութիւնդ։ Քար քարի վրայ պիտի չձգեն, որովհետեւ չգիտցար ժամանակը երբ Աստուած եկաւ քեզ փրկելու։
45 Ապա տաճար մտաւ եւ սկսաւ դուրս հանել աղաւնեվաճառներն ու գնողները, լումայափոխներուն սեղանները շրջեց
46 եւ ըսաւ անոնց. է Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ», մինչ դուք աւազակներու որջի վերածած էք զայն։
47 Յիսուս ամէն օր տաճարին մէջ կ՚ուսուցանէր։ Աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու ժողովուրդին ղեկավարները կ՚ուզէին զինք սպաննել։
48 Բայց չէին գիտեր թէ ի՛նչպէս ընեն, մանաւանդ որ ամբողջ ժողովուրդը անոր բերնէն կախուած՝ մտիկ կ՚ընէր իրեն։