Luke 18
1 Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։
2 Եւ ըսաւ. – Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար։
3 Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր. «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»։
4 Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար,
5 բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»։
6 պա Տէրը շարունակեց. – Լսեցէք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը։
7 Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն։
8 Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ։ Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։
9 Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ՚արհամարհէին։ –
10 Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր ։
11 Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ։
12 Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»։
13 Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՚ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»։ –
14 Կ՚ըսեմ ձեզի,– եզրակացուց Յիսուս,– մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։
15 Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ։ Երբ աշակերտները ասիկա տեսան, սաստեցին բերողները։
16 Սակայն Յիսուս իր մօտ կանչեց մանուկները եւ ըսաւ. – Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։
17 Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։
18 Հրեայ իշխանաւոր մը Յիսուսի հարցուց. – Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։
19 Յիսուս ըսաւ անոր. – Ի՞նչու զիս բարի կը կոչես. միայն Աստուած բարի է։
20 Պատուիրանները գիտես. «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»։
21 Անիկա ըսաւ. – Այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ։
22 Յիսուս երբ ասիկա լսեց, ըսաւ իշխանաւորին. – Մէկ բան տակաւին պէտք է ընես։ Ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ ապա եկուր հետեւէ ինծի։
23 Իշխանաւորը երբ ասիկա լսեց, տրտմեցաւ, որովհետեւ շատ հարուստ էր։
24 Յիսուս զայն տրտում տեսնելով, ըսաւ. – Որքա՜նդժուար է հարստութիւն ունեցողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։
25 Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէնմտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։
26 Անոնք որ լսեցին, ըսին. – Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։
27 Յիսուս պատասխանեց. – Ինչ որ անկարելի է մարդոց համար՝ կարելի է Աստուծոյ համար։
28 Ասոր վրայ՝ Պետրոս ըսաւ. – Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի։
29 Յիսուս անոնց ըսաւ. – Վստահ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, ծնողք, եղբայրներ, կին եւ կամ զաւակներ՝ Աստուծոյ արքայութեան համար,
30 ներկայ կեանքին մէջ բազմապատիկը պիտի առնէ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։
31 Ապա Յիսուս տասներկու աշակերտները մէկ կողմ առնելով, ըսաւ անոնց. – Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք, ուր Մարդու Որդիին մասին մարգարէներուն բոլոր գրածները պիտի իրականանան։
32 Անիկա պիտի մատնուի հեթանոսներուն ձեռքը, որոնք պիտի ծաղրեն եւ նախատեն զինք, թքնեն վրան,
33 ծեծեն եւ սպաննեն, բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։
34 Սակայն աշակերտները անոր ըսածներէն բան մը չհասկցան, որովհետեւ խօսքին իմաստը ծածկուած էր իրենցմէ եւ չէին գիտեր թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր։
35 Յիսուս Երիքովի կը մօտենար։ Հոն ճամբու եզերքին կոյր մուրացկան մը նստած էր,
36 որ երբ ժողովուրդին անցնիլը լսեց, հարցուց. – Ի՞նչ է այս։
37 Անոնք ըսին. – Նազովրեցի Յիսուսը կ՚անցնի։
38 Կոյրը սկսաւ աղաղակել. – Յիսո՛ւս, Դաւիթի՜ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։
39 Առջեւէն գացողները սաստեցին զայն՝ որ լռէ, իսկ անիկա աւելի բարձր ձայնով կ՚աղաղակէր. – Դաւիթի՜ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։
40 Յիսուս կանգ առաւ եւ հրամայեց իրեն բերել կոյրը։ Երբ անիկա մօտեցաւ, Յիսուս հարցուց. –
41 Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ քեզի։ Կոյրը ըսաւ. – Տէ՛ր, աչքերս թող բացուին, որ տեսնեմ։
42 Յիսուս ըսաւ անոր. – Ուրեմն տե՛ս. հաւատքդ քեզ բժշկեց։
43 Նոյն պահուն իսկ անիկա սկսաւ տեսնել եւ հետեւեցաւ Յիսուսի՝ փառաւորելով զԱստուած։ Ժողովուրդն ալ ասիկա տեսնելով զԱստուած կ՚օրհնաբանէր։