John 9
1 Երբ Յիսուս կ՚անցնէր, տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը։
2 Աշակերտները հարցուցին իրեն. – Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է որ այս մարդը կոյր ծնած է. ի՞րն է, թէ իր հօրն ու մօրը։
3 Յիսուս պատասխանեց. – Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրն ու մօրը։ Կոյր ծնած է, որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով։
4 Այնքան ատեն որ ցերեկ է, պէտք է կատարեմ զիս ղրկողին գործերը։
5 Գիշերը կու գայ, երբ ոչ ոք կրնայ աշխատիլ։ Քանի դեռ աշխարհի մէջ եմ՝ աշխարհի լոյսն եմ։
6 Ասիկա ըսելէ ետք՝ թքեց գետին, թուքով ցեխ շինեց եւ ծեփեց կոյրին աչքերը,
7 եւ ըսաւ անոր. – Գնա՛ եւ աչքերդ լուա Սելովամի աւազանին մէջ։ (Սելովամ կը նշանակէ՝ ղրկուած)։ Կոյրը գնաց, աչքերը լուաց եւ երբ վերադարձաւ՝ արդէն կը տեսնէր։
8 Դրացիները եւ անոնք որոնք նախապէս տեսած էին կոյրը, որ կը մուրար, ըսին. – Ասիկա չէ՞ այն մարդը, որ կը նստէր կը մուրար։
9 Ոմանք կ՚ըսէին. – Ինքն է։ Ուրիշներ կ՚ըսէին. – Ո՛չ, ինքը չէ, այլ իրեն նմանող մէկն է։ Բայց ինք կ՚ըսէր. – Ես այդ կոյրն եմ։ –
10 Բայց ինչպէ՞ս եղաւ որ աչքերդ բացուեցան,– հարցուցին անոնք։
11 Անիկա պատասխանեց. – Յիսուս անունով մէկը ցեխ շինեց, ծեփեց աչքերս եւ ըսաւ ինծի. «Գնա՛ Սելովամ եւ աչքերդ լուա»։ Գացի, աչքերս լուացի եւ ահա կը տեսնեմ։ –
12 Ո՞ւր է ան,– հարցուցին անոնք։ Պատասխանեց. – Չեմ գիտեր։
13 Յետոյ անոնք երբեմնի կոյր մարդը տարին Փարիսեցիներուն ։
14 Օրը Շաբաթ էր, երբ Յիսուս ցեխ շինած էր եւ կոյրին աչքերը բացած։
15 Փարիսեցիներն ալ հարցուցին իրեն, թէ ի՛նչպէս կ՚ըլլայ որ կը տեսնէ։ Անիկա պատասխանեց. – Ցեխ դրաւ աչքերուս. յետոյ աչքերս լուացի եւ հիմա կը տեսնեմ։
16 Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին. – Այդ մարդը չի կրնար Աստուծմէ ըլլալ, քանի Շաբաթ օրը չի պահեր։ Ուրիշներ սակայն կ՚ըսէին. – Իսկ ինչպէ՞ս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ կատարել։ Եւ երկպառակութիւն ինկաւ անոնց մէջ։
17 Ուստի Փարիսեցիները անգամ մը եւս հարցուցին մարդուն. – Դո՞ւն ինչ կ՚ըսես այդ մարդուն համար, որ քու աչքերդ բացաւ։ – Մարգարէ մըն է,– պատասխանեց մարդը։
18 Բայց Հրեայ ղեկավարները չէին ուզեր հաւատալ, թէ անիկա կոյր էր եւ հիմա կը տեսնէ։ Ուստի անոր ծնողները կանչեցին
19 եւ հարցուցին անոնց. – Ասիկա՞ է ձեր զաւակը. կ՚ըսէիք թէ կոյր ծնած է. աղէկ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հիմա կը տեսնէ։
20 Ծնողները պատասխանեցին. – Գիտենք որ ասիկա է մեր զաւակը եւ գիտենք որ կոյր ծնաւ.
21 բայց թէ այժմ ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ անոր աչքերը՝ ատ ալ չենք գիտեր։ Իրե՛ն հարցուցէք, արդէն չափահաս է։ Թող ի՛նք խօսի իր մասին։
22 Ծնողները այսպէս ըսին, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով, որովհետեւ անոնք համաձայնած էին ժողովարանէն դուրս դնել ան՝ որ կը հաւատար թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Օծեալը։
23 Ասոր համար էր որ անոր ծնողները ըսին. «Ինք արդէն չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք»։
24 Կրկին կանչեցին մարդը, որ կոյր էր, եւ ըսին իրեն. – Փառք տուր Աստուծոյ. մենք գիտենք թէ այդ մարդը մեղաւոր մըն է։
25 Անիկա պատասխանեց. – Չեմ գիտեր, թէ այդ մարդը մեղաւո՞ր է թէ ոչ. բայց մէկ բան գիտեմ, թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ։ –
26 Ի՞նչ ըրաւ քեզի,– հարցուցին անոնք,– Ի՞նչպէս բացաւ աչքերդ։
27 Մարդը պատասխանեց. – Դեռ նոր ըսի ձեզի, բայց դուք չէք ուզեր մտիկ ընել։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէք անգամ մըն ալ լսել. արդեօք դո՞ւք ալ կ՚ուզէք անոր աշակերտ դառնալ։
28 Անոնք սկսան նախատել զինք եւ ըսին. – Դո՛ւն ես անոր աշակերտը. մենք Մովսէսի աշակերտ ենք։
29 Գիտենք որ Աստուած Մովսէսի հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա՝ չենք գիտեր թէ ուրկէ՛ է։
30 Մարդը պատասխանեց. – Զարմանալին ալ այդ է, որ դուք չէք գիտեր թէ անիկա ուրկէ է, եւ սակայն անիկա իմ աչքերս բացաւ։
31 Գիտենք որ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ՚ըներ, բայց կը լսէ անոնց՝ որոնք աստուածապաշտ են եւ իր կամքը կը կատարեն։
32 Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած բան չէ, որ մէկը ի ծնէ կոյրի մը աչքերը բացած ըլլայ։
33 Եթէ այդ մարդը Աստուծմէ եկած չըլլար, բան մըն ալ պիտի չկրնար ընել։
34 Անոնք պատասխանեցին. – Ամբողջութեամբդ մեղքի մէջ ծնած ես, եւ մեր գլխուն ուսուցի՞չ կ՚ուզես ըլլալ։ Եւ ժողովարանէն դուրս դրին զայն։
35 Յիսուս լսեց թէ անոնք դուրս դրեր են մարդը, եւ երբ գտաւ զայն՝ հարցուց անոր. – Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին։
36 Անիկա պատասխանեց. – Տէ՛ր, ո՞վ է, որպէսզի հաւատամ անոր։
37 Յիսուս ըսաւ. – Դուն արդէն տեսար զայն. քեզի հետ խօսողն է։ –
38 Կը հաւատամ, Տէ՛ր,– ըսաւ ան եւ երկրպագեց անոր։
39 Յիսուս ըսաւ. – Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան։
40 Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին. – Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք։
41 Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք։