Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

John 8

:
Armenian - 2019
1 Իսկ Յիսուս գնաց Ձիթենեաց լեռը։
2 Առաւօտ կանուխ դարձեալ տաճար ելաւ։ Ամբողջ ժողովուրդը իրեն կու գար, եւ ինք նստած՝ կ՚ուսուցանէր անոնց։
3 Օրէնքի ուսուցիչները եւ Փարիսեցիները Յիսուսի բերին կին մը, որ շնութեան մէջ բռնուած էր, եւ զայն կանգնեցնելով բոլորին դիմաց,
4 ըսին Յիսուսի. Վարդապե՛տ, այս կինը շնութիւն ըրած ատեն բռնուեցաւ։
5 Մովսէս իր տուած Օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Արդ, դուն ի՞նչ կ՚ըսես այս մասին։
6 Ասիկա կ՚ըսէին՝ փորձելու համար Յիսուսը, որպէսզի զինք ամբաստանելու պատճառ մը ունենան։ Իսկ Յիսուս գետին նայելով՝ մատովը հողին վրայ կը գրէր։
7 Երբ անոնք շարունակեցին հարցնել, Յիսուս վեր նայեցաւ եւ ըսաւ անոնց. Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէանոր վրայ։
8 Եւ դարձեալ գլուխը խոնարհեցնելով՝ հողին վրայ կը գրէր։
9 Այս խօսքը լսելով՝ մեծէն պզտիկ բոլորն ալ մէկ առ մէկ հեռացան։ Յիսուս մինակ մնաց եւ կինը՝ իր դիմաց կանգնած։
10 Ապա շտկուեցաւ եւ հարցուց կնոջ. Ո՛վ կին, ո՞ւր են քեզ ամբաստանողները. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց։
11 Անիկա պատասխանեց. Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր։ Յիսուս ըսաւ. Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր. գնա՛ եւ ասկէ ետք մի՛ մեղանչեր։
12 Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ ժողովուրդին, ըսելով. Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ։
13 Փարիսեցիները ըսին. Դուն ես քու անձիդ մասին վկայութիւն տուողը, հետեւաբար այդ վկայութիւնը ընդունելի չէ։
14 Յիսուս պատասխանեց. Հակառակ անոր որ ե՛ս եմ իմ մասիս վկայողը, այսուհանդերձ այդ վկայութիւնը ճշմարիտ է, որովհետեւ գիտեմ թէ ուրկէ՛ եկայ եւ ու՛ր կ՚երթամ։ Բայց դուք չէք գիտեր թէ ես ուրկէ կու գամ եւ ուր կ՚երթամ։
15 Դուք արտաքին երեւոյթներէն կը դատէք. ես ոչ ոք կը դատեմ։
16 Իսկ եթէ դատելու ըլլամ՝ դատաստանս ճշմարիտ է, որովհետեւ առանձին չեմ, այլ իմ հետս է նաեւ զիս ղրկող Հայրը։
17 Ձեր Օրէնքին մէջ իսկ գրուած է, թէ երբ երկու հոգիի տուած վկայութիւնները համաձայն են իրարու, ուրեմն այդ վկայութիւնը ճշմարիտ է։
18 Ես եմ իմ մասիս վկայողը, եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ան ալ կը վկայէ իմ մասիս։
19 Անոնք հարցուցին իրեն. Ո՞ւր է Հայրդ։ Յիսուս պատասխանեց. Դուք ո՛չ զիս կը ճանչնաք, ո՛չ ալ Հայրս։ Որովհետեւ եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ ճանչցած պիտի ըլլայիք։
20 Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ տաճարի գանձատան մէջ ուսուցած ատեն։ Ոչ ոք զինք ձերբակալեց, որովհետեւ տակաւին անոր ժամանակը հասած չէր։ Ես այս աշխարհէն չեմ
21 Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. Ահա ես կ՚երթամ. դուք պիտի փնտռէք զիս, եւ պիտի մեռնիք ձեր մեղքին մէջ, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն՝ ուր ես կ՚երթամ։
22 Հրեաները կը հարցնէին իրարու. Կ՚ըսէ՝ թէ չէք կրնար գալ հոն ուր ես կ՚երթամ. արդեօք անձնասպա՞ն պիտի ըլլայ։
23 Յիսուս պատասխանեց. Դուք այս աշխարհին կը պատկանիք, բայց ես վերէն կու գամ. դուք այս աշխարհէն էք, բայց ես այս աշխարհէն չեմ։
24 Ահա ասոր համար ձեզի ըսի, թէ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Այո՛, եթէ չհաւատաք թէ Ես եմ, դուք պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ։
25 Անոնք հարցուցին. Ո՞վ ես դուն։ Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ,– պատասխանեց Յիսուս։
26 Ձեր մասին շատ ըսելիքներ ունիմ եւ շատ բաներ՝ ձեզ դատապարտելու համար։ Բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, եւ ես հիմա այս աշխարհին կ՚ըսեմ այն՝ ինչ որ իրմէ լսեցի։
27 Սակայն անոնք չհասկցան թէ Յիսուս Հօրը մասին կը խօսէր։
28 Ուստի ըսաւ անոնց. Երբ Մարդու Որդին բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ Ես եմ, եւ թէ ոչինչ կ՚ընեմ ես ինձմէ, այլ կը խօսիմ այն՝ ինչ որ Հայրս սորվեցուց ինծի։
29 Եւ ան որ զիս ղրկեց՝ ինծի հետ միասին է։ Անիկա զիս առանձին չձգեց, որովհետեւ միշտ կը կատարեմ այն՝ ինչ որ հաճելի է իրեն։
30 Այս խօսքերուն վրայ շատեր հաւատացին Յիսուսի։
31 Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ. Եթէ հաւատարիմ մնաք իմ ուսուցումներուս՝ ճշմարտապէս իմ աշակերտներս եղած կ՚ըլլաք.
32 ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։
33 Անոնք պատասխանեցին. Մենք Աբրահամի զաւակ ենք եւ ոեւէ մէկուն ծառայ չենք եղած բնաւ. ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ «ազատ պիտի ըլլաք»։
34 Յիսուս ըսաւ անոնց. Լաւ գիտցէք, թէ ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին։
35 Ծառան տան մէջ մնայուն չէ, մինչդեռ որդին մնայուն է։
36 Արդ, եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք։
37 Գիտեմ որ Աբրահամի զաւակ էք, բայց զիս սպաննել կ՚ուզէք, որովհետեւ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։
38 Ես ինչ որ տեսայ Հօրս մօտ՝ զայն կը խօսիմ, իսկ դուք ինչ որ լսեցիք ձեր հօրմէն, զայն կը կատարէք։
39 Անոնք պատասխանեցին. Մեր հայրը Աբրահամն է։ Եթէ Աբրահամի զաւակ ըլլայիք,– ըսաւ Յիսուս,– Աբրահամի ըրած գործերը պիտի կատարէիք։
40 Բայց դուք հիմա կ՚ուզէք սպաննել զիս, պարզապէս որովհետեւ ձեզի խօսեցայ ճշմարտութիւնը, որ Հօրմէս լսեցի։ Աբրահամ այսպիսի բան մը չըրաւ։
41 Ահա դուք ձեր հօրը գործն է որ կ՚ընէք։ Անոնք պատասխանեցին. Մենք ապօրինի զաւակներ չենք. մէ՛կ հայր ունինք՝ Աստուած։
42 Յիսուս ըսաւ անոնց. Եթէ Աստուած ըլլար ձեր Հայրը, բնականաբար պիտի սիրէիք զիս, որովհետեւ ես Աստուծմէ ելայ եւ եկայ. ես ինձմէ չեկայ, այլ անիկա ղրկեց զիս։
43 Ինչո՞ւ խօսքս չէք հասկնար։ Անոր համար՝ որ չէք կրնար մտիկ ընել։
44 Դուք ձեր հօր՝ Սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը։
45 Իսկ որովհետեւ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ՝ չէք հաւատար ինծի։
46 Ձեզմէ ո՞վ կրնայ ամբաստանել զիս ոեւէ մեղքով։ Իսկ եթէ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ չէք հաւատար ինծի։
47 Ով որ Աստուծմէ է՝ Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ՚ընէ. իսկ դուք որովհետեւ Աստուծմէ չէք, անոր խօսքերը մտիկ չէք ըներ։
48 Հրեաները պատասխանեցին Յիսուսի. Իրաւունք չունի՞նք ըսելու՝ թէ դուն Սամարացի ես եւ դեւ կայ մէջդ։
49 Մէջս դեւ չկայ,– ըսաւ Յիսուս.– Ես Հայրս է որ կը պատուեմ, բայց դուք կ՚անարգէք զիս։
50 Ես ինծի համար փառք չեմ փնտռեր։ Կա՛յ մէկը, որ զիս կ՚ուզէ փառաւորել, եւ անիկա՛ է Դատաւորը։
51 Լաւ գիտցէք, թէ ով որ իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի։
52 Անոնք ըսին. Հիմա գիտցանք որ դեւ կայ մէջդ։ Աբրահամ մեռաւ, մեռան նաեւ մարգարէները, բայց տակաւին կ՚ըսես, թէ ով որ իմ խօսքերս գործադրէ՝ մահ պիտի չճաշակէ յաւիտեան ։
53 Արդեօք դուն աւելի մե՞ծ ես քան մեր հայրը՝ Աբրահամը, որ մեռաւ։ Նմանապէս մեռան մարգարէներն ալ. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես։
54 Յիսուս պատասխանեց. Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ՝ այդ փառքը ոչինչ կ՚արժէ։ Ան որ զիս կը փառաւորէ՝ իմ Հայրս է, որուն համար կ՚ըսէք՝ «Մեր Աստուածն է»։
55 Բայց դուք չէք ճանչնար զայն, մինչդեռ ես կը ճանչնամ զինք։ Եթէ ըսեմ թէ չեմ ճանչնար զինք՝ ձեզի նման ստախօս մը պիտի ըլլամ։ Բայց ես կը ճանչնամ զինք ու կը գործադրեմ իր խօսքերը։
56 Աբրահամ՝ ձեր հայրը, ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել. տեսաւ եւ ուրախացաւ։
57 Անոնք ըսին. Նոյնիսկ յիսուն տարեկան չես եւ Աբրահա՞մը տեսեր ես։
58 Յիսուս պատասխանեց. Լաւ գիտցէք, Աբրահամի ծնունդէն առաջ եմ ես։
59 Ասոր վրայ քարեր առին՝ որ քարկոծեն զինք, սակայն Յիսուս խոյս տուաւ եւ տաճարէն դուրս ելաւ գնաց։