Bible

Focus

On Your Ministry and Not Your Media

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

John 6

:
Armenian - 2019
1 Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլեայի լիճին դիմացի կողմըանցաւ։ Լիճը Տիբերիայի լիճ ալ կը կոչուէր։
2 Մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն, քանի կը տեսնէին հիւանդներուն վրայ իր կատարած հրաշքները։
3 Յիսուս լեռ ելաւ եւ իր աշակերտներուն հետ հոն նստաւ։
4 Հրեաներու Զատիկի տօնը մօտ էր։
5 Յիսուս աչքերը բարձրացնելով՝ տեսաւ մեծ բազմութիւն մը, որ իրեն կու գար, ու հարցուց Փիլիպպոսի. Ուրկէ՞ գնենք բաւական հաց, որ ասոնք ուտեն։
6 Ասիկա ըսաւ՝ փորձելու համար Փիլիպպոսը, քանի ինք իր ընելիքը գիտէր։
7 Փիլիպպոս պատասխանեց. Երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց ալ պիտի չբաւէ ասոնց, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը պատառ մը առնէ։
8 Իր աշակերտներէն ուրիշ մէկը, Անդրէասը, որ Սիմոն Պետրոսի եղբայրն էր, ըսաւ.
9 Հոս պատանի մը կայ, որ գարիի հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունի. բայց ատիկա ի՞նչ կ՚ընէ այսքան մարդոց համար։
10 Նստեցուցէ՛ք ժողովուրդը,– ըսաւ Յիսուս։ Խոտը առատ էր հոն. եւ շուրջ հինգ հազար մարդիկ նստան գետին։
11 Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։
12 Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։
13 Աշակերտները հաւաքեցին բազմացած հինգ գարիի հացերու կտորները, որոնք աւելցան ժողովուրդին կերածէն, եւ տասներկու սակառ լեցուցին։
14 Իսկ մարդիկ երբ Յիսուսի գործած այս հրաշքը տեսան, ըսին. Իրապէս որ ասիկա է մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար։
15 Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն։
16 Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան
17 եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում։ Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած։
18 Լիճը զօրաւոր հովէն կ՚ալեկոծէր։
19 Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։
20 Յիսուս ըսաւ անոնց. Ես եմ, մի՛ վախնաք։
21 Անոնք կ՚ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ՚երթային։
22 Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձինն գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ։
23 Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն։
24 Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար։
25 Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին. Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս։
26 Յիսուս անոնց պատասխանեց. Կ՚ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք։
27 Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։
28 Անոնք հարցուցին. Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք։
29 Յիսուս անոնց պատասխանեց. Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։
30 Անոնք ըսին. Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես։
31 Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»։
32 Յիսուս անոնց ըսաւ. Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։
33 Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին ։
34 Անոնք ըսին. Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը։
35 Յիսուս ըսաւ անոնց. Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։
36 Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար։
37 Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ.
38 որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց։
39 Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
40 Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
41 Հրեաները սկսան տրտնջալ իրեն դէմ, որովհետեւ ըսած էր՝ թէ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը»,
42 եւ կը հարցնէին. Այս մարդը Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. ինչպէ՞ս ուրեմն կ՚ըսէ՝ «Ես երկինքէն իջայ»։
43 Յիսուս անոնց պատասխանեց. Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք։
44 Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։
45 Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. «Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»։ Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ իրմէ կը սորվի՝ ինծի կու գայ։
46 Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն անիկա տեսած է Հայրը։
47 Ու ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի։
48 Ե՛ս եմ կեանքի հացը։
49 Ձեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, բայց մեռան.
50 մինչդեռ ով որ ուտէ երկինքէն իջած այս հացէն՝ պիտի չմեռնի։
51 Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։
52 Այս խօսքին վրայ Հրեաները սկսան իրարու հետ բուռն կերպով վիճաբանիլ, ըսելով. Ի՞նչպէս կրնայ այս մարդը իր մարմինը մեզի տալ ուտելու համար։
53 Յիսուս ըսաւ անոնց. Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ։
54 Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը,
55 քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք։
56 Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ ես՝ անոր մէջ։
57 Ինչպէս Հայրը, որ զիս ղրկեց, կ՚ապրի, ես ալ իրմով կ՚ապրիմ։ Նմանապէս, ով որ իմ մարմինէս կ՚ուտէ՝ պիտի ապրի ինձմով։
58 Ա՛յս է երկինքէն իջած հացը։ Ասիկա չի նմանիր այն մանանային, որ ձեր հայրերը կերան եւ յետոյ մեռան։ Ով որ այս հացը ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։
59 Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ, երբ կ՚ուսուցանէր Կափառնաումի ժողովարանին մէջ։
60 Երբ աշակերտներէն շատերը լսեցին այս խօսքերը, ըսին. Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել։
61 Յիսուս երբ գիտցաւ թէ աշակերտները ատոր համար կը տրտնջային, ըսաւ անոնց. Ատիկա կը գայթակղեցնէ՞ ձեզ։
62 Ի՞նչ պիտի ընէք հապա, եթէ տեսնէք որ Մարդու Որդին կ՚ելլէ հոն՝ ուր էր նախապէս։
63 Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։
64 Բայց ձեզմէ ոմանք չեն հաւատար։ Յիսուս ասիկա ըսաւ, քանի սկիզբէն գիտէր, թէ որո՛նք են անոնք որ չեն հաւատար եւ ո՛վ է ան որ պիտի մատնէր զինք։
65 Եւ աւելցուց. Ճիշդ ատոր համար ըսի ձեզի, թէ ոչ ոք կրնայ ինծի գալ, եթէ Հայրս իրեն շնորհքը չտայ։
66 Այս խօսքերուն պատճառով աշակերտներէն շատերը հեռացան եւ այլեւս չէին շրջեր իրեն հետ։
67 Յիսուս հարցուց տասներկու աշակերտներուն. Միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ։
68 Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։
69 Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը։
70 Յիսուս ըսաւ անոնց. Չէ՞ որ ես էի որ ձեզ՝ տասներկուքդ ընտրեցի. բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է։
71 Յիսուս կ՚ակնարկէր Սիմոնի որդի Յուդա Իսկարիոտացիին, որ պիտի մատնէր զինք. եւ անիկա տասներկու աշակերտներէն մէկն էր։