John 5
1 Դարձեալ հրէական տօն մըն էր, եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։
2 Երուսաղէմ քաղաքի «Ոչխարներու դուռ» ին քով աւազան մը կար, Եբրայերէն Բեթհեզդա կոչուած, որ հինգ սրահներ ունէր։
3 Այդ սրահներուն մէջ բազմաթիւ հիւանդներ կային — կոյրեր, կաղեր, գօսացածներ — որոնք կը սպասէին աւազանի ջուրերուն խառնուելուն։
4 Ժամանակ առ ժամանակ Տիրոջ հրեշտակը կ՚իջնէր աւազանին մէջ եւ ջուրը կը խառնէր. եւ ով որ ջուրը շարժելունպէս առաջին անգամ աւազան կ՚իջնէր, իր հիւանդութենէն կը բժշկուէր։
5 Հոն մարդմըկար, որերեսունութըտարիէիվեր հիւանդ էր։
6 Յիսուս երբ տեսաւ զայն հոն պառկած, եւ գիտնալով որ երկար ատեն հիւանդ պառկած է, ըսաւ. – Կ՚ուզե՞ս առողջանալ։
7 Հիւանդը պատասխանեց. – Տէ՛ր, մէկը չունիմ որ ջուրերը շարժած ատեն զիս աւազան իջեցնէ. եւ մինչ ես կը դանդաղիմ, ուրիշը ինձմէ առաջ կ՚իջնէ աւազան։
8 Յիսուս ըսաւ անոր. – Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛։
9 Մարդը վայրկեանին առողջացաւ, ելաւ, առաւ մահիճը եւ սկսաւ քալել։ Եւ այդ օրը Շաբաթ էր։
10 Հրեայ ղեկավարները բժշկուած մարդուն ըսին. – Օրը Շաբաթ է եւ Օրէնքին դէմ է մահիճդ շալկելը։
11 Մարդը պատասխանեց. – Զիս բժշկողը ի՛նք ըսաւ ինծի՝ «Մահիճդ առ ու քալէ»։
12 Անոնք հարցուցին. – Ո՞վ է այդ մարդը որ քեզի ըսաւ՝ «Մահիճդ առ ու քալէ»։
13 Բայց բժշկուած մարդը չէր գիտեր թէ ով է, որովհետեւ Յիսուս հեռացած էր այդտեղ գտնուող ամբոխին մէջէն։
14 Այս դէպքէն ետք Յիսուս մարդը տաճարին մէջ գտաւ եւ ըսաւ անոր. – Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշը չպատահի քեզի։
15 Մարդը գնաց եւ Հրեայ ղեկավարներուն պատմեց՝ ըսելով, թէ Յիսուսն էր զինք բժշկողը։
16 Այս պատճառով անոնք սկսան հալածել Յիսուսը, որովհետեւ Շաբաթ օրով այս բաները կը կատարէր։
17 Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ։
18 Այս խօսքին համար Հրեաները առաւել եւս կ՚ուզէին զինք սպաննել, որովհետեւ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը չէր պահեր, այլ նաեւ զԱստուած իր Հայրը կը կոչէր՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար ընելով։
19 Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ։ Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ։
20 Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ինչ որ ինք կը կատարէ։ Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին, այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք։
21 Ինչպէս որ Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն։
22 Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին,
23 որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին, ինչպէս որ Հայրը կը պատուեն։ Ան որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հայրը որ զայն ղրկած է։
24 Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է։
25 Հաստա՛ տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին։
26 Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի իր մէջ, այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին։
27 Նոյնպէս ալ դատելու իշխանութիւնը տուաւ Որդիին, որովհետեւ անիկա Մարդու Որդին է։
28 Ուրեմն մի՛ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը
29 եւ դուրս գան. անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին։
30 Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց։ –
31 Եթէ իմ անձիս մասին վկայողը ե՛ս ըլլայի, այդ վկայութիւնը կրնայիք չընդունիլ։
32 Սակայն իմ մասիս ուրիշն է որ կը վկայէ, եւ գիտեմ թէ իմ մասիս անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։
33 Դուք մարդ ղրկեցիք Յովհաննէսին, եւ անիկա ճշմարտութեան ի նպաստ վկայութիւն տուաւ։
34 Բայց ես պէտք չունիմ մարդու մը կողմէ տրուած վկայութեան։ Ասիկա կ՚ըսեմ, որպէսզի դուք փրկուիք։
35 Յովհաննէս այն առկայծ ճրագն էր, որ կը շողար. եւ դուք ուզեցիք որոշ ատեն մը անոր լոյսով ուրախանալ։
36 Բայց ես իմ մասիս տրուած վկայութիւն մը ունիմ, որ աւելի մեծ է քան Յովհաննէսի տուած վկայութիւնը։ Այն գործերը, որ Հայրս տուաւ ինծի որ կատարեմ, նոյնինքն այդ կատարած գործերս են որ կը վկայեն իմ մասիս՝ թէ Հայրը զիս ղրկեց։
37 Եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք է որ իմ մասիս կը վկայէ։ Դուք երբեք չէք լսած անոր ձայնը եւ ոչ ալ տեսած անոր դէմքը.
38 ոչ իսկ իր խօսքը տեղ գտած է ձեր սիրտերուն մէջ, քանի դուք չէք հաւատար անոր՝ որ ինք ղրկեց։
39 Քննեցէ՛ք Սուրբ գիրքերը, քանի կը կարծէք թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք. եւ նոյն գիրքերն են որ կը վկայեն իմ մասիս։
40 Դուք, սակայն, չէք ուզեր ինծի գալ՝ կեանքը ունենալու համար։
41 Ես մարդոցմէ փառաբանութիւն ընդունելու պէտք չունիմ։
42 Բայց ձեզ կը ճանչնամ եւ գիտեմ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէր չունիք ձեր սիրտերուն մէջ։
43 Ես Հօրս անունով եկայ, բայց դուք չէք ընդունիր զիս. մինչդեռ եթէ մէկը ինքն իր անունով գայ՝ պիտի է ընդունիք զայն։
44 Ինչպէ՞ս ինծի պիտի հաւատաք, երբ դուք իրարմէ փառաբանութիւն կ՚ընդունիք, եւ չէք փնտռեր այն փառաբանութիւնը որ կու գայ միակ Աստուծմէ։
45 Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզ պիտի ամբաստանեմ Հօրս դիմաց։ Մովսէս, որուն վրայ ձեր յոյսը դրած էք, ի՛նք պիտի ամբաստանէ ձեզ։
46 Որովհետեւ եթէ Մովսէսի հաւատայիք՝ անշուշտ ինծի ալ պիտի հաւատայիք, որովհետեւ անիկա իմ մասիս է որ գրած է։
47 Բայց եթէ անոր գրածին չէք հաւատար, ի՞նչպէս իմ խօսքերուս պիտի հաւատաք։