John 4
1 Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս շատ աւելի հետեւորդներ կը շահի ու կը մկրտէ՝ քան Յովհաննէսը։
2 (Թէեւ Յիսուս անձամբ չէր մկրտեր, այլ իր աշակերտներն էին մկրտողները)։ Յիսուս երբ իմացաւ այդ մասին,
3 ձգեց Հրէաստանը եւ կրկին գնաց Գալիլեա։
4 Ստիպուած էր Սամարիայէն անցնիլ։
5 Ճամբուն վրայ եկաւ Սիւքար, որ Սամարիայի քաղաքներէն մէկն էր, մօտիկը այն տեղին, որ Յակոբ իր զաւակին՝ Յովսէփի տուած էր։
6 Հոն կը գտնուէր նաեւ Յակոբի ջրհորը։ Յիսուս ճամբորդութենէն յոգնած՝ նստաւ ջրհորին քով։ Գրեթէ կէսօր էր։
7 Սամարացի կին մը եկաւ ջուր քաշելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Ջուր տուր ինծի։
8 (Մինչ այդ, աշակերտները քաղաք գացած էին ուտելիք գնելու համար)։
9 Սամարացի կինը ըսաւ. – Դուն որ Հրեայ մըն ես, ինչպէ՞ս ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը խմելու ջուր կ՚ուզես։ (Քանի Հրեաները Սամարացիներուն հետ երբեք չեն յարաբերիր)։
10 Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբարդո՛ւն իրմէջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար։
11 Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս, եւ ջրհորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս կենսատու ջուրը։
12 Միթէ դուն աւելի՞ մեծ մէկն ես, քան մեր նախահայրը՝ Յակոբը, որ այս ջրհորը տուաւ մեզի, ուրկէ խմեցին ինք, իր որդիներն ու իր անասունները։
13 Յիսուս պատասխանեց. – Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ,
14 բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ։
15 Կինը ըսաւ. – Տէ՜ր, տո՛ւր ինծի այդ ջուրը, որպէսզի այլեւս չծարաւնամ եւ հոս չգամ ջուր քաշելու համար։
16 Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛ ամուսինդ կանչէ եւ կրկին հոս եկուր։ –
17 Ամուսին չունիմ,– պատասխանեց կինը։ Յիսուս ըսաւ. – Ճի՛շդ ըսիր, թէ ամուսին չունիս.
18 որովհետեւ հինգ ամուսին ունեցեր ես, եւ ան՝ որուն հետ որ կ՚ապրիս, ամուսինդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր։
19 Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, ինծի կը թուի թէ դուն մարգարէ ես։
20 Մեր հայրերը այս լերան վրայ զԱստուած պաշտեցին, բայց դուք՝ Հրեաներդ, կ՚ըսէք՝ թէ Երուսաղէմն է միակ այն վայրը, ուր պէտք է զԱստուած պաշտել։
21 Յիսուս ըսաւ. – Ո՜վ կին, հաւատա՛ ինծի, թէ ժամանակը կու գայ՝ երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պաշտէք Հայրը։
22 Դուք՝ Սամարացիներդ զԱստուած կը պաշտէք առանց զայն ճանչնալու, մինչ մենք՝ Հրեաներս, զԱստուած կը պաշտենք՝ ճանչնալով զանիկա, որովհետեւ փրկութիւնը Հրեաներէն պիտի գայ։
23 Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան։
24 Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն։
25 Կինը ըսաւ Յիսուսի. – Գիտեմ թէ Մեսիան, այսինքն Քրիստոսը պիտի գայ. երբ անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի։
26 Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ անիկա, ես՝ որ հետդ կը խօսիմ։
27 Ճիշդ այդ ատեն աշակերտները վերադարձան եւ զարմացան որ Յիսուս կնոջ հետ կը խօսէր. բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց՝ «Ի՞նչ կ՚ուզես», կամ «Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ»։
28 Այն ատեն կինը իր սափորը ձգեց եւ քաղաք գնաց եւ այնտեղի մարդոց ըսաւ. –
29 Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։
30 Անոնք քաղաքէն ելան եւ եկան Յիսուսի մօտ։
31 Մինչ այդ աշակերտները կ՚աղաչէին Յիսուսի՝ ըսելով. – Վարդապե՛տ, հաց կեր։
32 Յիսուս պատասխանեց. – Ես ուտելիք կերակուր մը ունիմ, որ դուք չէք գիտեր։
33 Աշակերտները սկսան իրարու հարցնել. – Արդեօք մէկը իրեն կերակուր բերա՞ւ։
34 Յիսուս ըսաւ. – Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը։
35 Դուք չէ՞ք ըսեր. «Չորս ամիսէն հունձքի ժամանակը կու գայ»։ Բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտերը. որովհետեւ դեղնած են եւ հնձուելու պատրաստ։
36 Հնձողը իր վարձքը կ՚առնէ եւ յաւիտենական կեանքի համար հունձք կը հաւաքէ, որպէսզի ցանողն ու հնձողը միասին ուրախանան։
37 Շատ շիտակ է ըսուած խօսքը. «Ցանողը ուրիշ, հնձողը ուրիշ»։
38 Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն՝ որուն համար դուք աշխատանք չէիք տարած։ Ուրիշներ աշխատեցան եւ դուք անոնց յոգնութենէն օգտուեցաք։
39 Այդ քաղաքէն շատ մը Սամարացիներ հաւատացին Յիսուսի, կնոջ տուած այն վկայութեան վրայ, թէ՝ «Իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի»։
40 Հետեւաբար երբ Սամարացիները եկան Յիսուսի մօտ, աղաչեցին որ իրենց մօտ մնայ. եւ Յիսուս երկու օր հոն մնաց։
41 Տակաւին ուրիշ շատեր ալ հաւատացին իրեն՝ իր խօսքերուն համար։
42 Անոնք կնոջ կ՚ըսէին. – Ասկէ ետք կը հաւատանք՝ ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար, այլ որովհետեւ մենք անձամբ լսեցինք զինք եւ գիտենք թէ ճշմարտապէս ի՛նքն է աշխարհի Փրկիչը։
43 Երկու օր ետք Յիսուս հոնկէ մեկնեցաւ եւ Գալիլեա գնաց։
44 Յիսուս ինք ըսած էր, թէ մարգարէն իր գաւառին մէջ յարգ չունի,
45 բայց երբ Գալիլեա հասաւ, Գալիլեացիները զինք ընդունեցին, որովհետեւ իրենք ալ տօնին առիթով Երուսաղէմ գացեր էին եւ տեսեր այն բոլոր հրաշքները, որ գործեր էր տօնին ժամանակ։
46 Յիսուս դարձեալ եկաւ Գալիլեայի Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Պալատական մարդ մը կար, որուն որդին հիւանդ էր Կափառնաումի մէջ։
47 Անիկա երբ լսեց թէ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլեա եկած է, գնաց Յիսուսի մօտ եւ աղաչեց որ Կափառնաում երթայ եւ բժշկէ իր որդին, որ մահամերձ էր։
48 Յիսուս ըսաւ անոր. – Մինչեւ որ նշաններ եւ հրաշքներ չտեսնէք՝ պիտի չհաւատաք։
49 Պալատականը ըսաւ. – Տէ՛ր, երթա՛նք, քանի տակաւին զաւակս չէ մեռած։
50 Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛, զաւակդ ողջ է։ Պալատականը հաւատաց Յիսուսի խօսքին ու գնաց։
51 Մինչ կ՚երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետեցին՝ ըսելով. – Տղադ առողջացաւ։ –
52 Ո՞ր ժամուն ապաքինեցաւ զաւակս,– հարցուց պալատականը ծառաներուն։ Անոնք պատասխանեցին. – Երէկ կէսօրէ ետք ժամը մէկ էր, երբ տաքութիւնը գնաց։
53 Այն ատեն հայրը անդրադարձաւ՝ թէ ճիշդ այն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն՝ «Գնա՛, զաւակդ ողջ է»։ Եւ ինք ու իր ամբողջ ընտանիքը հաւատացին։
54 Ասիկա երկրորդ հրաշքն էր, որ Յիսուս կատարեց Հրէաստանէն Գալիլեա գալէն ետք։