John 3
1 Նիկոդեմոսանունով Փարիսեցիմարդմըկար, Հրեայ իշխան մը,
2 որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր. Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ։
3 Յիսուս պատասխանեց անոր. – Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը։
4 Նիկոդեմոս հարցուց անոր. – Ծեր մարդ մր ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ։ Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի։
5 Յիսուս պատասխանեց. – Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել,
6 որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի։
7 Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք։
8 Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՚երթայ։ Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին։
9 Նիկոդեմոս հարցուց. – Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա։
10 Յիսուս պատասխանեց. – Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկա չե՞ս գիտեր։
11 Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։
12 Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի՝ եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ։ –
13 Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է։
14 Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ,
15 որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ։
16 Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեցաշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ։
17 Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ։
18 Ով որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար։ –
19 Եւ դատապարտութիւնը այս է.– Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։
20 Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։
21 Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են։
22 Այս հանդիպումէն ետք Յիսուս իր աշակերտներով Հրէաստանի գաւառները գնաց, ուր անոնց հետ կը շրջէր ու կը մկրտէր։
23 Եկաւ Այենոն, Սաղիմի մօտիկ, ուր Յովհաննէս ալ մկրտութիւն կ՚ընէր, որովհետեւ առատ ջուր կար հոն։ Ժողովուրդը Յովհաննէսին կու գար եւ կը մկրտուէր։
24 Ասիկա կը պատահէր Յովհաննէսի բանտարկութենէն առաջ։
25 Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանք Հրեայի մը հետ սկսան վիճաբանիլ՝ մաքրութեան վերաբերող ծէսերու մասին։
26 Այդ աշակերտները Յովհաննէսին եկան եւ ըսին. – Վարդապե՛տ, ան որ քեզի հետ էր Յորդանան գետին միւս կողմը եւ որուն մասին վկայութիւն տուիր, ահաւասիկ ինք ալ կը մկրտէ, ու բոլորն ալ իրեն կ՚երթան։
27 Յովհաննէս պատասխանեց. – Մարդ ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, եթէ իրեն վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չէ։
28 Դուք ներկայ էիք, երբ ձեզի ըսի՝ թէ ես Քրիստոսը չեմ, այլ իրմէ առաջ ղրկուած մէկը։
29 Ով որ հարսը ունի՝ ա՛ն է փեսան. իսկ փեսային բարեկամը, որ մօտը կանգնած է, փեսային ձայնը լսելով մեծապէս կ՚ուրախանայ։ Ես նոյն այդ ուրախութիւնն է որ ունիմ, եւ իմ ուրախութիւնս կատարեալ է։
30 Ասկէ ետք իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշուիմ։ –
31 Ան որ Աստուծմէ կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է։ Ան որ այս աշխարհէն է՝ այս աշխարհին կը պատկանի եւ երկրաւոր բաներու մասին կը խօսի. ան որ երկինքէն կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է.
32 անիկա կը վկայէ իր տեսածներուն եւ լսածներուն մասին, սակայն իր վկայութիւնը ոչ ոք կ՚ընդունի։
33 Ով որ անոր վկայութիւնը կ՚ընդունի, հաստատած կ՚ըլլայ թէ Աստուած ճշմարիտ է։
34 Ան որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է՝ Աստուծոյ խօսքերը կը քարոզէ, որովհետեւ Աստուած իր Հոգին ամբողջապէս անոր տուած է։
35 Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն ինչ անոր յանձնած է։
36 Ով որ կը հաւատայ Որդիին՝ յաւիտենական կեանքը կ՚ունենայ, իսկ ան որ չի հնազանդիր Որդիին՝ կեանք պիտի չունենայ, այլ՝ Աստուծոյ պատիժը պիտի գայ անոր վրայ։