Bible

Simplify

Your Church Tech & Streamline Your Worship

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

John 20

:
Armenian - 2019
1 Կիրակիառաւօտ կանուխ, մթնշաղին, Մարիամ Մագդաղենացին գերեզման գնաց եւ տեսաւ որ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը վերցուած է։
2 Ուստի վազելով գնաց Սիմոն Պետրոսի եւ միւս աշակերտին մօտ, զոր Յիսուս կը սիրէր, ու ըսաւ անոնց. Տէրը վերցուցեր են գերեզմանէն եւ չենք գիտեր թէ ո՛ւր դրեր են զայն։
3 Ասոր վրայ՝ Պետրոս եւ միւս աշակերտը ելան եւ ճամբայ ինկան դէպի գերեզման։
4 Երկուքը միասին կը վազէին. բայց միւս աշակերտը աւելի արագ վազելով՝ Պետրոսէն առաջ հասաւ գերեզման
5 եւ ծռելով տեսաւ, որ հոն միայն կտաւները կային, սակայն ներս չմտաւ։
6 Հասաւ Սիմոն Պետրոսն ալ, որ ետեւէն կու գար, գերեզմանէն ներս մտաւ եւ տեսաւ որ կտաւները հոն էին,
7 իսկ վարշամակը, որ անոր գլուխն էր, միւս կտաւներուն հետ չէր, այլ ծալլուած եւ առանձին մէկ կողմ դրուած էր։
8 Այն ատեն միւս աշակերտն ալ, որ աւելի առաջ հասած էր գերեզման, ներս մտաւ, տեսաւ եւ հաւատաց։
9 Քանի տակաւին չէին հասկցած Սուրբ գիրքերուն խօսքը, որուն համաձայն՝ պէտք էր որ ան մեռելներէն յարութիւն առնէր։
10 Ապա, աշակերտները վերադառնալով՝ հաւաքուեցան իրարու մօտ։
11 Իսկ Մարիամ դուրսը, գերեզմանին մօտ կեցած՝ կու լար։ Մինչ կու լար, ծռեցաւ եւ գերեզմանէն ներս նայեցաւ
12 ու տեսաւ ճերմակ զգեստներ հագած երկու հրեշտակներ, որոնք նստած էին հոն՝ ուր նախապէս Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը, միւսը՝ ոտքերուն։
13 Անոնք ըսին իրեն. Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս։ Անիկա պատասխանեց. Որովհետեւ Տէրս վերցուցեր են գերեզմանէն եւ չեմ գիտեր թէ ո՛ւր դրեր են զայն։
14 Ասիկա ըսելէ ետք՝ ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը որ կեցած էր, բայց չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։
15 Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես,– հարցուց Յիսուս։ Մարիամ կարծեց թէ պարտիզպանն է, ուստի ըսաւ. Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցեր ես զայն, ըսէ՛ ինծի՝ ո՞ւր դրեր ես, որպէսզի երթամ առնեմ զայն։
16 Յիսուս ըսաւ անոր. Մարիա՛մ։ Անիկա դարձաւ եւ Եբրայերէնով ըսաւ. Րաբբունի՜,– որ կը նշանակէ՝ Վարդապետ ։
17 Մի՛ դպչիր ինծի,– ըսաւ Յիսուս անոր,– որովհետեւ տակաւին Հօրս մօտ չեմ ելած։ Բայց դուն գնա՛ իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց, թէ ես կ՚ելլեմ իմ Հօրս եւ ձեր Հօրը մօտ, իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստուծոյն մօտ։
18 Մարիամ Մագդաղենացին գնաց եւ աշակերտներուն պատմեց, թէ ինք տեսաւ Տէրը եւ յայտնեց այն՝ ինչ որ անիկա ըսած էր իրեն։
19 Այդ Կիրակի օրը երեկոյեան, երբ աշակերտները միասին հաւաքուած էին եւ դռներն ալ գոցած՝ Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. Ողջո՛յն ձեզի։
20 Եւ բարեւելէ ետք՝ անոնց ցոյց տուաւ իր ձեռքերն ու կողը։ Աշակերտները ուրախացան, տեսնելով իրենց Տէրը։
21 Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. Ողջո՛յն ձեզի։ Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ։
22 Ապա փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ. Առէ՛ք Սուրբ Հոգին.
23 եթէ մէկուն ներէք իր մեղքերը՝ թող ներուած ըլլան եւ եթէ չներէք մէկուն մեղքերը՝ թող ներուած չըլլան։
24 Տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Թովմասը, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, Յիսուսի եկած ատեն անոնց հետ չէր։
25 Միւս աշակերտները ըսին անոր. Մենք տեսա՛նք Տէրը ։ Թովմաս ըսաւ անոնց. Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար։
26 Ութը օր ետք, աշակերտները դարձեալ ներսը հաւաքուեր էին եւ Թովմաս իրենց հետ էր։ Հակառակ որ դռները գոց էին, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ ու ըսաւ. Ողջո՛յն ձեզի։
27 Յետոյ ըսաւ Թովմասին. Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ։
28 Թովմաս բացագանչեց. Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս։
29 Յիսուս ըսաւ անոր. Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան։
30 Յիսուս իր աշակերտներուն ներկայութեան ուրիշ բազմաթիւ հրաշքներ ալ կատարեց, որոնք այս գիրքին մէջ գրուած չեն։
31 Իսկ այսքանը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուսն է Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, եւ իրեն հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքին միջոցաւ յաւիտենական կեանք ունենաք։