John 19
1 Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ զայն մտրակով ծեծել տուաւ։
2 Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր։
3 Անոնք իրեն կու գային ու կ՚ըսէին. – Ողջո՛յն, Հրեաներու թագաւոր։ Եւ կ՚ապտակէին զինք։
4 Պիղատոս դարձեալ դուրս ելաւ եւ ըսաւ ամբոխին. – Ահա դուրս կը բերեմ զայն ձեզի, որպէսզի գիտնաք՝ թէ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ անոր վրայ։
5 Եւ Յիսուս դուրս ելաւ՝ փուշէ պսակը գլխուն եւ ծիրանի զգեստը՝ վրան։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. – Ահա՛ ձեր մարդը ձեզի։
6 Երբ աւագ քահանաները եւ սպասաւորները տեսան զինք, բարձրաձայն աղաղակեցին. – Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն։ Պիղատոս ըսաւ. – Այն ատեն՝ դո՛ւք առէք եւ ձեր ձեռքով խաչը հանեցէք, որովհետեւ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ իր վրայ։ –
7 Մենք Օրէնք ունինք,– վրայ բերին Հրեայ ղեկավարները,– եւ մեր Օրէնքին համաձայն պէտք է մեռնի, որովհետեւ ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ։
8 Պիղատոս ասիկա որ լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ։
9 Կրկին պալատ մտաւ եւ հարցուց Յիսուսի. – Ուրկէ՞ ես դուն։ Բայց Յիսուս չպատասխանեց։
10 Պիղատոս ըսաւ անոր. – Չե՞ս խօսիր ինծի հետ. չե՞ս գիտեր՝ թէ իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու, ինչպէս նաեւ՝ քեզ ազատ արձակելու։
11 Յիսուս պատասխանեց. – Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայիր՝եթէ քեզի վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չըլլար։ Հետեւաբար մեծ մեղքը անորն է՝ որ զիս քեզի յանձնեց։
12 Այս խօսքին վրայ՝ Պիղատոս կերպ մը կը փնտռէր, որ ազատ արձակէ Յիսուսը, բայց Հրեայ ղեկավարները կ՚աղաղակէին. – Եթէ ազատ արձակես՝ կայսրին բարեկամ չես։ Ով որ ինքզինք թագաւոր կը կոչէ՝ հակառակ է կայսրին։
13 Երբ Պիղատոս այս խօսքերը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը եւ ատեան նստաւ, այն տեղը՝ որ Քարայատակ կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Կապպաթա։
14 Զատիկի նախորդ օրն էր, կէսօրուան մօտ։ Պիղատոս ըսաւ ամբոխին. – Ահա՛ ձեր թագաւորը ձեզի։
15 Բայց անոնք աղաղակեցին. – Սպաննէ՛ զայն, սպաննէ՜ զայն. խա՛չը հանէ զինք։ Պիղատոս հարցուց. – Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ։ Աւագ քահանաները պատասխանեցին. – Մենք կայսրէն զատ ուրիշ թագաւոր չունի՛նք։
16 Այն ատեն Պիղատոս Յիսուսը անոնց ձեռքը յանձնեց, որպէսզի խաչուի։ Անոնք առին Յիսուսը եւ տարին։
17 Յիսուս խաչը շալկած ելաւ այն տեղը, որ Գանկի վայր կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Գողգոթա։
18 Հոն խաչեցին զինք եւ իրեն հետ՝ երկու հոգի եւս՝ երկու կողմերէն, իսկ Յիսուս անոնց մէջտեղ։
19 Պիղատոս խաչին վրայ դնել տուաւ ցուցատախտակ մը, ուր գրուած էր. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Հրեաներու թագաւորը»։
20 Հրեաներէն շատեր այս գրութիւնը կարդացին, որովհետեւ հոն՝ ուր Յիսուսը խաչուեցաւ, քաղաքին մօտ էր։ Արձանագրութիւնը գրուած էր Եբրայերէն, Լատիներէն եւ Յունարէն լեզուներով։
21 Հրեաներու աւագ քահանաները ըսին Պիղատոսի. – Մի՛ գրեր «Հրեաներու թագաւորը», այլ գրէ՝ «Այս մարդը ըսաւ.– Ես Հրեաներու թագաւորն եմ»։
22 Պիղատոս պատասխանեց. – Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի։
23 Զինուորները Յիսուսը խաչելէ ետք՝ առին անոր հագուստները եւ չորս մասի բաժնեցին, իւրաքանչիւրին մէկ մաս։ Իսկ քանի որ պատմուճանը առանց կարի վերէն վար միակտուր հիւսուած էր,
24 իրարու ըսին. – Չպատռենք ասիկա. այլ եկէք վիճակ ձգենք եւ տեսնենք, թէ որո՞ւ պիտի ելլէ։ Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը.– «Հագուստներս իրենց միջեւ բաժնեցին եւ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Արդ, զինուորները գրուածն էր որ կատարած եղան։
25 Յիսուսի խաչին մօտիկ կեցած էին՝ իր մայրը, մօրա– քոյրը, Կղէոպասի կինը՝ Մարիամը եւ Մարիամ Մագդաղենացին։
26 Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը. – Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։
27 Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին. – Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ։
28 Անկէ ետք Յիսուս գիտցաւ թէ ամէն ինչ վերջացած է, եւ որպէսզի Սուրբ գիրքը ամբողջապէս կատարուած ըլլայ, ըսաւ. – Ծարաւ եմ։
29 Հոն քացախով լեցուն աման մը կար։ Զինուորները սպունգը լեղիով խառն քացախին մէջ թաթխելով՝ անցուցին զոպայի ճիւղի մը ծայրը եւ մօտեցուցին անոր բերանին։
30 Երբ Յիսուս լեղիով խառն քացախը խմեց, ըսաւ. – Ամէն ինչ վերջացած է։ Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց։
31 Զատիկի նախորդ օրն էր։ Հրեայ ղեկավարները չուզեցին որ մարմինները խաչերուն վրայ մնան Շաբաթ օրով, քանի այդ Շաբաթը տօնական մեծ օր մըն էր։ Ուստի Պիղատոսէն խնդրեցին՝ որ խաչեալներուն սրունքները կոտրեն եւ մարմինները մէջտեղէն վերցնեն։
32 Զինուորները եկան եւ առաջինին սրունքները կոտրեցին, նոյնպէս ալ միւսին՝ որ Յիսուսի հետ խաչուած էր։
33 Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները։
34 Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ։
35 Ան որ տեսաւ ասիկա՝ ի՛նք վկայեց այս մասին եւ անոր տուած վկայութիւնը վաւերական է։ Անիկա գիտէ որ ըսածը ճշմարտութիւնն է, որպէսզի դուք ալ հաւատաք։
36 Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը. «Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի»,
37 ինչպէս նաեւ միւս գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։
38 Անկէ ետք, Յովսէփ՝ որ Արիմաթեա քաղաքէն էր, Պիղատոսէն խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն յանձնեն։ Յովսէփ Յիսուսի հետեւորդներէն էր, բայց ծածուկ կերպով, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով։ Պիղատոս արտօնեց, ուստի Յովսէփ եկաւ եւ վերցուց Յիսուսի մարմինը։
39 Յովսէփի միացաւ նաեւ Նիկոդեմոս, ան՝ որ նախապէս գիշերով Յիսուսի մօտ գացած էր։ Անիկա իրեն հետ բերաւ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռս:
40 Անոնք առին Յիսուսի մարմինը եւ կտաւներով փաթթեցին՝ զմուռսին ու հալուէին հետ միասին, ինչպէս Հրեաներուն սովորութիւնն էր պատանքել։
41 Յիսուսի խաչուած տեղը պարտէզ մը կար եւ պարտէզին մէջ՝ ժայռափոր նոր գերեզման մը, ուր երբեք մէկը չէր թաղուած։
42 Հրեաներու Զատիկին նախօրեակը ըլլալուն համար՝ հոն դրին Յիսուսի մարմինը, քանի գերեզմանը մօտ էր։