John 15
1 Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է։
2 Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան։
3 Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այն խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ։
4 Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ։ Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք։
5 Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել։
6 Ով որ ինծի միացած չի մնար՝ կտրուելով դուրս կը նետուի եւ կը չորնայ, նման այն ճիւղերուն՝ որ կը հաւաքեն եւ կրակը նետելով կ՚այրեն։
7 Եթէ ինծի միացած մնաք եւ խօսքերս ձեր մէջ մնան, խնդրեցէք Աստուծմէ ինչ որ ուզէք եւ պիտի տայ ձեզի։
8 Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք։
9 Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց, նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի։ Մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ։
10 Եթէ գործադրէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ մնացած պիտի ըլլաք, ինչպէս որ ես Հօրս պատուիրանները գործադրելով անոր սիրոյն մէջ կը մնամ։
11 Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։
12 Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։
13 Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։
14 Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի։
15 Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ՝ ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ ինչ որ Հօրմէս լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի։
16 Դուք չէ որ զիս ընտրեցիք, այլ ե՛ս ձեզ ընտրեցի եւ նշանակեցի ձեզ՝ որ երթաք եւ պտղաբեր ըլլաք եւ ձեր պտուղը մնայուն ըլլայ, որպէսզի Հայրս տայ ձեզի ինչ որ իմ անունովս խնդրէք։
17 Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք իրար։ –
18 Եթէ աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց։
19 Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս։
20 Յիշեցէ՛ք այն խօսքը որ ըսի ձեզի, թէ «Ծառան իր տիրոջմէ աւելի մեծ չէ»։ Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն. եթէ իմ խօսքերս գործադրեցին, ապա ձերն ալ պիտի գործադրեն։
21 Բայց այս բոլորը ձեզի պիտի ընեն իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ զիս ղրկողը չեն ճանչնար։
22 Եթէ աշխարհ եկած չըլլայի եւ խօսած չըլլայի իրենց, մեղք պիտի չունենային. բայց հիմա իրենց մեղքին համար ոեւէ արդարացում չունին։
23 Ով որ զիս կ՚ատէ, իմ Հայրս ատած կ՚ըլլայ։
24 Եթէ իրենց մէջ կատարած չըլլայի այնպիսի գործեր, որոնք ուրիշ ոչ ոք ըրած է, անոնք մեղք պիտի չունենային։ Սակայն ահա անոնք տեսան իմ գործերս եւ ատեցին թէ՛ զիս եւ թէ՛ Հայրս։
25 Արդ, կը կատարուի իրենց Օրէնքին մէջ գրուածը, որ կ՚ըսէ «Զիս ատեցին՝ առանց ոեւէ պատճառի»։
26 Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ իմ մասիս։
27 Դուք ալ կը վկայէք իմ մասիս, որովհետեւ սկիզբէն ինծի հետ եղաք։