Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

John 14

:
Armenian - 2019
1 Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։
2 Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան. եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ։
3 Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։
4 Եւ դուք գիտէք թէ ո՛ւր կ՚երթամ եւ անոր ճամբան ալ գիտէք։
5 Թովմաս ըսաւ իրեն. Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ՚երթաս. արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գիտնալ։
6 Յիսուս պատասխանեց անոր. Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ։
7 Եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք. եւ այժմէն իսկ դուք գիտէք զայն եւ տեսած էք զայն։
8 Փիլիպպոս ըսաւ. Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի։
9 Յիսուս պատասխանեց. Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս։ Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ, ալ ի՞նչպէս կ՚ըսես՝ «Ցոյց տուր մեզի Հայրը»։
10 Չե՞ս հա– ւատար թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս է։ Այս խօս– քերը որ ձեզի կ՚ըսեմ՝ ես ինձմէ չեմ ըսեր. Հայրը որ մէջս կը բնակի՝ իմ միջոցաւս կը կատարէ իր գործերը։
11 Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս. եթէ ոչ խօսքերուս համար՝ գոնէ կատարած գործերուս համար հաւատացէք։
12 Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ՚ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ՚երթամ։
13 Եւ ինչ որ իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի կատարեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով։
14 Այո՛, եթէ ոեւէ բան խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի կատարեմ զայն։
15 Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս։
16 Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ։
17 Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն։ Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ։
18 Որբ պիտի չձգեմ ձեզ. կրկին պիտի գամ ձեզի։
19 Մօտ ատենէն այլեւս աշխարհը զիս պիտի չտեսնէ, բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ՚ապրիմ եւ դուք ալ պիտի ապրիք։
20 Այն օրը դուք պիտի գիտնաք՝ թէ ես Հօրս մէջ եմ, դուք իմ մէջս եւ ես՝ ձեր մէջ։
21 Ով որ կ՚ընդունի իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ։ Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը։ Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր։
22 Յուդան, ոչ Իսկարիոտացին, ըսաւ իրեն. Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ոչ թէ աշխարհին։
23 Յիսուս պատասխանեց անոր. Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք։
24 Եւ ով որ չի սիրեր զիս՝ խօսքերս չի գործադրեր։ Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց։
25 Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ։
26 Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի։
27 Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք։
28 Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ՚երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»։ Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ՚երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է։
29 Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք։
30 Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի։
31 Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ։ Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն։