John 16
1 Ասոնքխօսեցայ ձեզի, որպէսզի ձեր հաւատքը չկորսնցնէք։
2 Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի դնեն ձեզ, եւ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛վ որ ձեզ սպաննէ՝ պիտի կարծէ թէ Աստուծոյ ծառայութիւն կը մատուցանէ։
3 Մարդիկ այս բաները պիտի ընեն ձեզի, որովհետեւ չճանչցան ո՛չ Հայրը եւ ո՛չ ալ զիս։
4 Սակայն ասիկա ըսի ձեզի, որպէսզի երբ ատոնց ժամանակը գայ՝ յիշէք թէ արդէն ըսեր էի ձեզի։ Ասոնք սկիզբէն չըսի ձեզի, որովհետեւ ձեզի հետ էի։
5 Բայց հիմա կ՚երթամ զիս ղրկողին մօտ, եւ ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ ինծի, թէ՝ ո՛ւր կ՚երթաս։
6 Սակայն որովհետեւ այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, ձեր սիրտերը տրտմութեամբ լեցուեցան։
7 Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի.– Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի։
8 Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը։
9 Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ ինծի չեն հաւատար,
10 իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ ես Հօրս քով կ՚երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս,
11 եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ Սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է։
12 Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ։
13 Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։
14 Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։
15 Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ –
16 Ես Հօրս քով կ՚երթամ։ Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս։
17 Աշակերտներէն ոմանք իրարու հարցուցին. – Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ մեզի իր այս խօսքերով, թէ՝ «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս. բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս», ինչպէս նաեւ կ՚ըսէ թէ՝ «Ես Հօրս քով կ՚երթամ»։
18 Այս «Մօտ ատենէն» ը ի՞նչ կը նշանակէ։ Չենք գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսի։
19 Յիսուս գիտցաւ թէ կ՚ուզէին իրեն հարցնել, ուստի ըսաւ անոնց. – Ի՞նչ է. «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս» ըսելո՞ւս համար իրարու կը հարցնէք։
20 Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։
21 Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան ժամանակը հասած է, բայց երախային ծնունդէն ետք այլեւս իր նեղութիւնները չի յիշեր այն ուրախութեան պատճառով, որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։
22 Նոյնն է ձեր պարագային. դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբմը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ։
23 Այդ օրը այլեւս ինծի բան պիտի չհարցնէք։ Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի։
24 Մինչեւ հիմա իմ անունովս բան չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ –
25 Այս բաները պատկերաւոր բացատրութիւններով ըսի ձեզի։ Բայց ժամանակ պիտի գայ, երբ այլեւս պատկերաւոր ձեւով պիտի չխօսիմ, այլ բացայայտօրէն պիտի խօսիմ ձեզի՝ Հօրս մասին։
26 Այդ օր իմ անունովս դո՛ւք պիտի խնդրէք իրմէ. ես պէտք պիտի չունենամ ձեզի համար Հօրս աղաչելու,
27 որովհետեւ Հայրս ինք ձեզ կը սիրէ, քանի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ Աստուծմէ ելայ։
28 Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը կ՚երթամ։
29 Աշակերտները ըսին իրեն. – Ահա հիմա բացայայտ կը խօսիս, առանց պատկերաւոր բացատրութիւններ գործածելու։
30 Այժմ գիտենք որ ամէն ինչ գիտես եւ պէտք չունիս ոեւէ մէկուն հարցումին՝ պատասխան տալու համար։ Ասոր համար է որ կը հաւատանք՝ թէ Աստուծմէ ելար։
31 Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Կը հաւատա՞ք հիմա։
32 Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք։ Բայց ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս ինծի հետ է։
33 Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։