John 12
1 Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, հոն՝ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, այն մարդը՝ որ մեռած էր եւ որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։
2 Հոն իրեն ընթրիք պատրաստեցին։ Մարթան կը սպասարկէր եւ Ղազարոսն ալ սեղանակիցներէն մէկն էր։
3 Ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք։ Տունը իւղին անուշահոտութեամբը լեցուեցաւ։
4 Աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիոտացին, որ զայն մատնողը պիտի ըլլար, ըսաւ. –
5 Ինչո՞ւ այդ իւղը երեք հարիւր արծաթ դահեկանի չծախուէր եւ աղքատներուն չտրուէր։
6 Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ անոր համար որ կը մտահոգուէր աղքատներով, այլ որովհետեւ գող էր։ Իր քով կը գտնուէր գանձանակը եւ ի՛նչ որ հոն կը ձգուէր՝ անկէ կ՚օգտուէր։
7 Յիսուս պատասխանեց. – Ազա՛տ ձգէ զինք, որովհետեւ թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ՚ընէ։
8 Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։
9 Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս Բեթանիայի մէջ է, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։
10 Ուստի աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել,
11 որովհետեւ Հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի։
12 Յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ,
13 արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղաղակելով. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով, Իսրայէլի թագաւորը»։
14 Յիսուս էշ մը գտնելով՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.–
15 «Մի՛ վախնար, ո՜վ Երուսաղէմ, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա թագաւորդ քեզի կու գայ իշու մը աւանակին վրայ նստած»։
16 Յիսուսի աշակերտները այս բոլորը չհասկցան ատենին, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ՝ այն ատեն յիշեցին, թէ այս կատարուածները Յիսուսի համար գրուած էին եւ իրենք այդ գրուածն էր որ կատարեցին։
17 Բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսի հետ էին՝ երբ անիկա Ղազարոսը կանչեց գերեզմանէն եւ զայն մեռելներէն յարուցանեց, այդ մասին վկայութիւն կու տային։
18 Այդ իսկ պատճառով Երուսաղէմ գտնուողները բոլորն ալ զինք դիմաւորելու ելան, որովհետեւ լսած էին, թէ ի՛նչպէս անիկա յարութեան հրաշքը գործած էր։
19 Իսկ Փարիսեցիները իրարու կ՚ըսէին. – Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամ– բողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի։
20 Տօնին առիթով կարգ մը Յոյներ ալ եկած էին Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ երկրպագելու։
21 Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդա քաղաքէն էր, եւ աղաչելով ըսին. – Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսուսը տեսնել։
22 Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ եւ երկուքը միասին Յիսուսի ներկայացուցին անոնց խնդրանքը։
23 Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ։
24 Վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ։
25 Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր անձը կ՚անտեսէ այս աշխարհի վրայ՝ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ՚ըլլայ։
26 Ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը։
27 Բայց հիմա հոգիս խռոված է. եւ ի՞նչ ըսեմ։ Ըսե՞մ՝ «Հա՜յր, ազատէ՛ զիս այս ժամէն»։ Բայց տառապանքի այս ժամուն համար եկած եմ արդէն։
28 Հա՜յր, փառաւորէ՛ քու անունդ։ Ձայն մը եկաւ երկինքէն, որ կ՚ըսէր. – Փառաւորեցի եւ դարձեալ պիտի փառաւորեմ։
29 Ժողովուրդը, որ հոն կը գտնուէր, լսեց ձայնը։ Ոմանք ըսին. – Որոտում եղաւ։ Իսկ ուրիշներ ըսին. – Հրեշտակ մը խօսեցաւ իրեն։
30 Բայց Յիսուս պատասխանեց. – Ինծի համար չէ որ այս ձայնը եկաւ, այլ՝ ձեզի համար։
31 Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը ։ Հիմա այս աշխարհի իշխանը դուրս պիտի նետուի։
32 Եւ երբ երկրէն բարձրանամ՝ ամէնքն ալ ինծի պիտի քաշեմ։
33 Ասիկա ըսելով՝ կը հասկցնէր թէ ի՛նչ տեսակ մահով պիտի մեռնէր։
34 Ժողովուրդը պատասխանեց. – Մեր Օրէնքը մեզի կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս յաւիտեան պիտի մնայ, իսկ դուն ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ։ Ո՞վ է այդ Մարդու Որդին։
35 Յիսուս պատասխանեց. – Լոյսը քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ է. քալեցէ՛ք քանի լոյսը ունիք, որպէսզի խաւարը ձեզի չտիրէ։ Որովհետեւ ան որ խաւարին մէջ կը քալէ՝ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ։
36 Հաւատացէ՛ք լոյսին՝ քանի տակաւին լոյսը ունիք, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլաք։ Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ գնաց եւ անոնցմէ պահուըտեցաւ։
37 Հակառակ անոր որ Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն,
38 որպէսզի իրականանայ ինչ որ Աստուած ըսած էր Եսայի մարգարէի բերնով.– « Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տիրոջ զօրութիւնը որո՞ւն յայտնուեցաւ»։
39 Անոնք չէին կրնար հաւատալ, որովհետեւ Տէրը դարձեալ կ՚ըսէ Եսայիի բերնով.–
40 «Աստուած անոնց աչքերը կուրցուց, եւ անոնց միտքերը կարծրացուց, որպէսզի չըլլայ որ աչքերով տեսնեն եւ միտքով հասկնան ու դարձի գան, եւ ես բժշկեմ զանոնք»։
41 Եսայի այս խօսքերը ըսաւ, որովհետեւ տեսաւ Յիսուսի փառքը եւ խօսեցաւ անոր մասին։
42 Ամէն պարագայի, նոյնիսկ Հրեայ իշխանաւորներէն շատեր հաւատացին Յիսուսի, բայց Փարիսեցիներուն պատճառով չէին յայտներ, որպէսզի ժողովարաններէն դուրս չդրուին,
43 քանի նախընտրեցին մարդոցմէ փառաւորուիլ, քան՝ Աստուծմէ։
44 Եւ Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ. – Ով որ ինծի կը հաւատայ, ո՛չ թէ ինծի հաւատացած կ՚ըլլայ, այլ անոր՝ որ զիս ղրկած է։
45 Նոյնպէս, ով որ զիս կը տեսնէ՝ զիս ղրկողն ալ տեսած կ՚ըլլայ։
46 Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ։
47 Ես չեմ դատապարտեր ան՝ որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ սակայն չի գործադրեր, որովհետեւ չեմ եկած աշխարհը դատապարտելու, այլ՝ աշխարհը փրկելու։
48 Սակայն կայ մէկը որ պիտի դատապարտէ զիս անարգողը եւ խօսքերս չընդունողը։ Աստուծոյ խօսքը, որ ես ձեզի խօսեցայ, անիկա՛ զայն պիտի դատապարտէ վերջին օրը։
49 Որովհետեւ ես ինձմէ չխօսեցայ, այլ զիս ղրկող Հայրը ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ խօսիմ։
50 Եւ գիտեմ որ այդ պատուէրը յաւիտենական կեանք կու տայ։ Հետեւաբար, ինչ որ կը խօսիմ՝ Հօրս ինծի ըսածն է որ կը խօսիմ։