1Ո՜վ պնմիտ Գպղպտպցիներ, ո՞վձեզհրապուրեց։ Մոռցա՞ք խաչի վրայ Յիսուս Քրիստոսի մահը, որ ես ձեր աչքերուն դիմաց պատկերեցի։
2Սա՛ միայն կ՚ուզեմ գիտնալ, ըսէ՛ք, Օրէնքի գործադրութեա՞մբ Սուրբ Հոգին ստացաք, թէ Աւետարանի պատգամին հաւատալով։
3Այդքան անմի՞տէք. Սուրբ Հոգիով նոր կեանք սկսելէ ետք այժմ Օրէնքին պահանջքներո՞ւն կը վերադառնաք։
4Ձեր ունեցած ամբողջ փորձառութիւնը զո՞ւր անցաւ։ Չեմ խորհիր որ զուր անցաւ։
5Աստուած ձեզի Սուրբ Հոգին շնորհեց եւ ձեր մէջ հրաշքներ գործեց՝ Օրէ՞նքը գործադրելնուդ համար, թէ Աւետարանի պատգամին հաւատալնուդ համար։
6Յիշեցէ՛ք Աբրահամի օրինակը։ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Հաւատաց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց»։
7Գիտցէք, հետեւաբար, թէ հաւատքին ապաւինողներն են Աբրահամի իսկական զաւակները։
8Սուրբ գիրքին մէջ նախատեսուած էր, որ Աստուած հաւատքով պիտի արդարացնէր բոլոր ազգերը. ուստի կանուխէն խոստում տրուած էր Աբրահամի, թէ՝ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։
9Այնպէս որ, հաւատքին ապաւինողները կ՚օրհնուին Աբրահամի հետ, որ ի՛նք եւս հաւատքին ապաւինեցաւ։
10Անոնք որ Օրէնքի գործադրութեան կ՚ապաւինին՝ անէծքի ենթակայ են. որովհետեւ նոյն Օրէնքի գիրքը կ՚ըսէ՝ «Անիծեալ ըլլայ՝ ով որ այս Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած բոլոր պատուիրաններուն չի հնազանդիր ու զանոնք չի կատարեր»։
11Արդ, թէ ոեւէ մէկը Օրէնքի գործադրութեամբ չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ՝ շատ յստակ է, որովհետեւ մարգարէն կ՚ըսէ. «Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի»։
12Մինչդեռ Օրէնքը կախում չունի հաւատքէն, այլ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Ով որ կանոնները կատարէ՝ անոնցմով պիտի փրկուի»։
13Քրիստոս Օրէնքի այդ անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով. որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի»։
14Քրիստոս խաչին վրայ կախուեցաւ՝ որպէսզի բոլոր ազգերը Աբրահամի խոստացուած օրհնութիւնը ունենան Քրիստոս Յիսուսով, եւ մենք անոր հաւատալով՝ խոստացուած Սուրբ Հոգին ստանանք։
15Եղբայրնե՛ր, մարդկային սովորական հասկացողութիւն է՝ որ մարդու մը կատարած կտակը ուրիշ ոեւէ մէկը չի կրնար ջնջել, ո՛չ ալ փոփոխութեան ենթարկել։
16Արդ, Աստուած խոստումներ տուաւ Աբրահամի եւ անոր զաւակին։ Սուրբ գիրքը չ՚ըսեր՝ «Եւ անոր զաւակներուն», որ բազմաթիւ անձերու ակնարկութիւն պիտի ըլլար, այլ եզակի ձեւով կ՚ըսէ՝ «Եւ քու զաւակիդ»։ Իսկ այդ զաւակը Քրիստոս է։
17Վերադառնալով կտակին, հետեւեալը կ՚ուզեմ ըսել.– Կտակը որ Աստուած կատարեց՝ Քրիստոսը նկատի ունենալով՝ շատ աւելի կանուխ է քան Օրէնքը, որ չորս հարիւր երեսուն տարիներ ետք տրուեցաւ. եւ ուստի, Օրէնքը անվաւեր չի դարձներ կտակը եւ չի ջնջեր խոստումը։
18Որովհետեւ, եթէ ժառանգուելիք օրհնութիւնը Օրէնքին կապուած ըլլար՝ ա՛լ կախում պիտի չունենար խոստումէն. մինչդեռ Աստուած խոստումով էր որ Աբրահամին շնորհեց ժառանգուելիք օրհնութիւնը։
19Հապա ինչո՞ւ Օրէնքը տրուեցաւ։ Տրուեցաւ՝ որպէսզի մարդիկ իրենց յանցանքները ճանչնան, մինչեւ Աբրահամի զաւակին՝ այսինքն Քրիստոսի գալը, որուն ուղղուած էր խոստումը։ Եւ Օրէնքը տրուեցաւ հրեշտակներու ձեռքով եւ մարդու մը միջնորդութեամբ։
20Մինչդեռ կտակի պարագային միջնորդի պէտք չկար, որովհետեւ կտակը մէկ հոգիի կողմէ կը կատարուի, եւ այդ մէկը Աստուած էր։
21Արդեօք ատիկա կը նշանակէ՝ թէ Օրէնքը Աստուծոյ խոստումներուն հակառա՞կ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Որովհետեւ, եթէ տրուած ըլլար Օրէնք մը որ ճշմարիտ կեանքը տալու կարող ըլլար՝ ապա հաստատապէս կարելի պիտի ըլլար Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ։
22Մինչդեռ Սուրբ գիրքը ցոյց կու տայ, որ ամբողջ աշխարհը ենթակայ է մեղքին, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը ժառանգելու խոստումը հիմնուի Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին վրայ եւ տրուի անոնց՝ որոնք կը հաւատան։
23Որքան ատեն որ հաւատքի ժամանակը եկած չէր՝ Օրէնքը մեզ բանտարկեալներու պէս իր հսկողութեան տակ կը պահէր, սպասելով գալիք հաւատքին՝ Քրիստոսի, որ պիտի յայտնուէր ։
24Ուրեմն Օրէնքը մեր խնամակալ դաստիարակը եղաւ, մեզ Քրիստոսի առաջնորդելով, որպէսզի հաւատքով արդարանանք։
25Բայց հիմա որ հաւատքը եկաւ, այլեւս դաստիարակի պէտք չունինք,
26որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով՝ բոլորդ ալ Աստուծոյ որդիներ եղաք։
27Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։
28Ալ ո՛չ Հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք։
29Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք՝ կը նշանակէ թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ։