1Այնուհետեւ, տասնըչորս տարիետքկրկին Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ, Տիտոսն ալ միասին առնելով։
2Գացի, որովհետեւ Աստուած յայտնեց որ երթամ։ Այնտեղ, Երուսաղէմի եկեղեցիին զեկոյց տուի հեթանոսներուն մէջ կատարած քարոզութեանս մասին։ Առանձնաբար զեկոյց տուի նաեւ եկեղեցւոյ ղեկավարներուն, որպէսզի զուր տեղը աշխատած չըլլամ եւ չաշխատիմ։
3Անոնք բնաւ չստիպեցին որ թլփատուի ինծի ընկերացող Տիտոսը, որ հեթանոս Յոյն մըն էր։
4Թլփատութիւն պահանջողները քանի մը կեղծ քրիստոնեաներ էին, որոնք հաւատացեալներու շարքերուն մէջ սպրդած էին՝ Յիսուս Քրիստոսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու եւ մեզ Մովսիսական օրէնքներու ծառայութեան մէջ պահելու համար։
5Բայց վայրկեան մը իսկ տեղի չտուինք անոնց, որպէսզի վստահ ըլլաք՝ թէ ճշմարիտ էր ինչ որ ձեզի քարոզեցինք։
6Գալով անոնց՝ որոնք եկեղեցւոյ ղեկավարները կը համարուէին, ինծի համար բնաւ կարեւորութիւն չունի թէ անցեալին ի՛նչ եղած են անոնք։ Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ։ Արդ, ղեկավար համարուած այդ առաքեալները ոեւէ նոր բան չըսին ինծի այս մասին։
7Ընդհակառակը, երբ տեսան թէ Աստուած ինծի վստահած է հեթանոսներու քարոզութիւնը, ինչպէս Պետրոսի յանձնած էր Հրեաներու քարոզութիւնը –
8որովհետեւ Աստուած ինչպէս Պետրոսի առաքելութիւնը յաջողցուց Հրեաներուն մէջ, նոյնպէս ալ իմ առաքելութիւնս յաջողցուց հեթանոսներուն մէջ–,
9այն ատեն՝ Յակոբոս, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք եկեղեցւոյ սիւները կը համարուէին, ճանչցան Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքը, իմ եւ Բառնաբասի ձեռքը թօթուելով հաւանութիւն տուին որ մենք հեթանոսներուն մէջ աշխատինք, իսկ իրենք՝ Հրեաներուն։
10Միայն խնդրեցին, որ Երուսաղէմի աղքատներուն օգնել չմոռնանք. բան մը, որուն համար ես սրտանց աշխատեցայ։
11Եւ երբ Կեփաս Անտիոք եկաւ եւ մեղադրելի ընթացքի մէջ էր, իրեն դէմ կեցայ։
12Որովհետեւ, մինչեւ Յակոբոսի քովէն քանի մը հոգիի գալը՝ հեթանոսութենէ դարձածներուն հետ սեղան կը նստէր, առանց խտրութիւն դնելու։ Բայց անոնց գալէն ետք զատուեցաւ եւ ինքզինք հեթանոսներէն հեռու կը պահէր, վախնալով թլփատութեան կողմնակիցներէն։
13Միւս Հրեայ եղբայրները եւս Կեփասի կեղծաւոր ընթացքին հետեւեցան. նոյնիսկ Բառնաբաս տարուեցաւ եւ հետեւեցաւ անոնց կեղծաւոր ընթացքին։
14Երբ տեսայ թէ Աւետարանի ճշմարտութեան ուղիղ ճամբուն մէջ չեն, բոլորին ներկայութեան ըսի Կեփասին. «Եթէ դուն Հրեայ ըլլալով հանդերձ ազատ կը զգաս հեթանոսներուն պէս ապրելու, փոխանակ Հրեայի մը պէս ապրելու, ի՞նչպէս կը ստիպես որ հեթանոսները Հրեայի պէս ապրին»։
15Մենք՝ որ ծնունդով Հրեայ ենք եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքը չճանչցող « մեղաւոր հեթանոսներ », ինչպէս մենք զանոնք կը կոչենք,
16գիտենք՝ թէ ոեւէ մարդ չ՚արդարանար Օրէնքը գործադրելով, այլ միայն Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով։ Եւ մենք ալ Քրիստոս Յիսուսի հաւատացինք՝ որպէսզի Քրիստոսի մեր հաւատալովը արդարանանք եւ ո՛չ թէ Օրէնքը գործադրելով. որովհետեւ Օրէնքի գործադրութեամբ ոեւէ մէկը պիտի չարդարանայ։
17Իսկ եթէ Քրիստոսով արդարանալ ուզելով՝ մենք ալ հեթանոսներուն պէս «մեղաւոր» եղած եղանք, ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն, ուրեմն Քրիստոս մեզ մեղքի՞ առաջնորդած եղաւ։ Բնա՛ւ երբեք։
18Ընդհակառակը, եթէ վերստին կեանքի կոչեմ Օրէնքին պահանջքները, որոնք արդէն մէկ կողմ դրի, Օրէնքին դիմաց ես ինքզինքս յանցաւոր կը դարձնեմ։
19Բայց այլեւս ես մեռած եմ Օրէնքին համար, որ զիս սպաննեց, որպէսզի Աստուծոյ համար ապրիմ։
20Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ՚ապրի իմ մէջս։ Այս կեանքը, որ այժմ կ՚ապրիմ մարմնով, կ՚ապրիմ՝ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի համար։
21Ուստի Աստուծոյ շնորհքը չեմ մերժեր. որովհետեւ եթէ կարելի ըլլար Օրէնքին միջոցաւ արդարանալ, Քրիստոս զուր տեղը մեռած եղաւ։