Ephesians 22019

1Անցեալինդուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր յան–ցանքներուն եւ մեղքերուն հետեւանքով։

2Այդ մեղքերով կ՚ապրէիք, այս աշխարհի սովորութեան համաձայն, ենթարկուելով Սատանային, որ մթնոլորտին մէջ գործող ոգեղէն ոյժերուն իշխանն է, եւ ներկայիս կը գործէ Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց մէջ։

3Ժամանակ մը մենք բոլորսալ նոյնպէս անհնազանդ էինք եւ մարդկային բնութեան յատուկ ցանկութիւններով կ՚ապրէինք՝ մեր մարմինին ու մտքին բոլոր փափաքները կատարելով, եւ իրապէս Աստուծոյ պատիժին արժանի էինք, միւսներուն պէս։

4Բայց մինչ մենք մեր մեղքերուն պատճառով հոգեւորապէս մեռած էինք, Աստուած, որ առատ է իր ողորմութեամբ, մեզի հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն համար,

5որով մեզ սիրեց, մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով։ Այո՛, շնորհք ըրաւ՝ փրկելով մեզ։

6Քրիստոսի հետ յարուցանեց եւ անոր հետ միասին ալ երկինքի մէջ նստեցուց մեզ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք,

7որպէսզի գալիք բոլոր ժամանակներուն մէջ մարդիկ տեսնեն այն գերազանցօրէն մեծ շնորհքը, որ Աստուած ա՜յնքան բարութեամբ ցոյց տուաւ մեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի անձին մէջ։

8Այո՛, Աստուծոյ շնորհքովը փրկուեցաք, քանի հաւատացիք։ Փրկութիւնը ձեր արժանիքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ պարգեւն է։

9Ձեր գործերով շահուած չէ անիկա, որպէսզի ոեւէ մէկը չպարծենայ։

10Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնն ենք մենք, քանի Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք. ստեղծուած՝ կատարելու համար այն բարի գործերը, որոնց համար Աստուած սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը։

11Ուստի յիշեցէք, որ ժամանակ մը դուք ալ հեթանոս էիք մարմնով. այսինքն « անթլփատ » էիք, ինչպէս որ ձեզ կը կոչէին Հրեաները, որոնք մարմնաւորապէս թլփատուած են։

12Ըսել կ՚ուզեմ, թէ այն ատեն դեռ չէիք ճանչնար Քրիստոսը, մաս չէիք կազմեր Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին, եւ հետեւաբար օտար էիք, կտրուած էիք Աստուծոյ խոստումով կնքուած ուխտերէն, եւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրէիք առանց յոյսի եւ առանց Աստուծոյ։

13Բայց հիմա որ Յիսուս Քրիստոսի միացաք, դուք՝ որ ժամանակ մը խորթ էիք Աստուծոյ՝ հարազատ դարձաք Քրիստոսիզոհագործումովը։

14Ա՛ն է մեր հաշտարարը, որ Հրեայ ու հեթանոս միացուց՝ իր մարմինին զոհագործումովը քանդելով զանոնք բաժնող թշնամութեան պատը,

15եւ խափանելով Մովսիսական Օրէնքը իր պատուիրաններով ու հրահանգներով, որպէսզի Հրեան ու հեթանոսը իր անձին մէջ միաւորելով՝ ստեղծէ նոր եւ միակ ժողովուրդ մը, եւ այսպիսով խաղաղութիւն հաստատէ.

16եւ երկուքը մէկ մարմին եղած՝ Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ իր խաչովը։ Որովհետեւ իր անձին զոհագործումով էր որ անոնց թշնամութիւնը սպաննեց

17եւ եկաւ խաղաղութեան աւետիսը տուաւ բոլորին, թէ՛ ձեզի՝ հեթանոսներուդ, որ Աստուծմէ հեռացած էիք, եւ թէ՛ Հրեաներուն՝ որոնք իրեն մօտիկ էին։

18Իրմով է որ մենք երկուքս, Հրեաներ ու հեթանոսներ, նոյն Հոգին ստացած՝ կրնանք Հօր Աստուծոյ ներկայութեան կանգնիլ։

19Հետեւաբար այլեւս Աստուծոյ համար օտար եւ խորթ չէք, այլ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ համաքաղաքացի էք եւ Աստուծոյ ընտանիքին հարազատ անդամները։

20Մասերն էք այն մեծ կառոյցին, որուն հիմը առաքեալներն ու մարգարէներն են, եւ որուն անկիւնաքարը ինք՝ Քրիստոս Յիսուս է։

21Իրմով է որ ամբողջ կառոյցը ներդաշնակ միասնութեամբ մը կ՚աճի եւ Տիրոջ սեփական սուրբ տաճարը կը դառնայ։

22Անոր միացած՝ դո՛ւք ալ բոլորին հետ միասին Աստուծոյ բնակարան կը դառնաք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Ephesians 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.