1Այս պատճառով ալ, ես՝ Պօղոս, բանտը կը գտնուիմ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն եւ ձեզի՝ հեթանոսներուդ համար։
2Անշուշտ լսած էք, թէ Աստուած իր շնորհքին մատակարարումը ինծի վստահեցաւ՝ ձեզի օգնելու համար։
3Եւ յայտնութեամբ մը ինծի ցոյց տուաւ իր ծածուկ ծրագիրը, ինչպէս վերը համառօտակի գրեցի։
4Զայն կարդալով՝ կրնաք հասկնալ թէ ո՛րքանով տեղեակ եմ Քրիստոսի ծածուկ ծրագրին։
5Այդ ծրագիրը Աստուած չյայտնեց մարդկութեան նախորդ սերունդներուն այնպէս՝ ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիին միջոցաւ յայտնեց իր սուրբ առաքեալներուն եւ մարգարէներուն ։
6Եւ Աստուծոյ ծրագիրը սա է, որ Աւետարանին միջոցաւ բոլոր ազգերն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին ժառանգակից ըլլան, դառնան նոյն մարմինին անդամ, եւ բաժնեկից այն խոստումին՝ որ Աստուած իրագործեց Քրիստոս Յիսուսով։
7Եւ այդ Աւետարանին սպասաւոր եղայ Աստուծոյ ձրի շնորհքովը, որ Աստուած իր ներգործող զօրութեամբը ինծի տուաւ։
8Այո՛, ինծի՝ որ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ յետիններուն յետինն եմ՝ Աստուած այս շնորհքը տուաւ, որպէսզի բոլոր ազգերուն աւետիս տամ՝ թէ ի՛նչպիսի աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս,
9եւ լուսաւորեմ բոլորը, որպէսզի տեսնեն թէ ի՛նչպէս Աստուած կ՚իրագործէ իր ծրագիրը։ Ան, ամբողջ տիեզերքի արարիչը, անցեալ բոլոր ժամանակներուն ծածուկ պահեց այս ծրագիրը,
10որպէսզի ներկայ ժամանակին եկեղեցիին միջոցաւ Աստուծոյ բազմապատիկ իմաստութիւնը յայտնուի երկինքի մէջ գտնուող իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն,
11այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն նախասահմանած էր, եւ ինչպէս որ զայն իրագործեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։
12Եւ մենք, Քրիստոսի միացածներս, համարձակօրէն եւ ամենայն վստահութեամբ կը կանգնինք Աստուծոյ ներկայութեան, քանի Քրիստոսի հաւատացինք։
13Ուստի կ՚աղաչեմ որ չընկճուիք, տեսնելով այն նեղութիւնները որ ես ձեզի համար յանձն առած եմ, եւ որոնք ձեր փառքն են։
14Ատոր համար ալ ծունկի կու գամ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հօրը առջեւ,
15որմէ իր գոյութիւնը կ՚առնէ երկնային թէ երկրաւոր ոեւէ ազգատոհմ,
16որպէսզի իր ճոխ փառքին համաձայն ձեզի զօրութիւն տայ՝ որ իր Հոգիովը ամրապնդուիք ներքնապէս,
17եւ ձեր հաւատքին միջոցաւ Քրիստոս ձեր սիրտերուն մէջ բնակի։ Կ՚աղօթեմ որ սիրոյ մէջ արմատանաք եւ հաստատուն հիմեր ունենաք,
18որպէսզի կարենաք հասկնալ, Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հետ միասին, Քրիստոսի սիրոյն ամբողջական տարողութիւնը՝ իր լայնութեամբ ու երկարութեամբ, իր բարձրութեամբ ու խորութեամբ։
19Այո՛, որպէսզի ճանչնաք Քրիստոսի սէրը, որ ոեւէ միտքի հասողութենէն վեր կը մնայ, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջական լիութեամբը։
20Ուստի փա՜ռք Աստուծոյ. անոր՝ որ մեր մէջ ներգործող իր զօրութեամբ՝ միշտ ալ մեր խնդրածէն ու մեր խորհածէն շատ աւելին կ՚ընէ։
21Եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ փա՜ռք իրեն՝ բոլոր ժամանակներու սերունդներուն կողմէ, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։