Ephesians 12019

1Ես, Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Քրիստոս Յիսուսի առաքեալը, կը գրեմ Եփեսոս բնակող եղբայրներուդ, Քրիստոս Յիսուսի հաւատացողներուդ։

2Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։

3Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ։

4Անիկա աշխարհի գոյութենէն իսկ առաջ մեզ ընտրած էր՝ Քրիստոսի միջոցաւ իրեն պատկանելու համար, որպէս սուրբ եւ անարատ ժողովուրդ,

5եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլալու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը։

6Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար՝ որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ։

7Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք։ Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը,

8որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ։

9Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի։

10Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին՝ Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։

11Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան ։ Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագրին ու կամքին,

12անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ իր փառքը գովերգելու. մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք։

13Դուք ալ, երբ լսեցիք ճշմարիտ քարոզութիւնը, այսինքն Աւետարանը որ ձեզի փրկութիւն բերաւ, հաւատացիք Քրիստոսի եւ խոստացուած Սուրբ Հոգիով կնքուեցաք։

14Եւ Սուրբ Հոգին գրաւական է՝ թէ պիտի ժառանգենք Աստուծոյ խոստումը, երբ Աստուած պիտի փրկէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի իր փառքը գովերգենք։

15Ահա թէ ինչո՛ւ, Տէր Յիսուսի վրայ ձեր հաւատքին եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ ձեր սիրոյն մասին լսելէս ի վեր՝

16չեմ դադրիր Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելէ ձեզի համար։ Միշտ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ ձեզ,

17որպէսզի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, Հայրը՝ որուն կը պատկանի փառքը, ձեզի տայ իմաստութիւն եւ յայտնութիւն պարգեւող Հոգին, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ։

18Այո՛, կ՚աղօթեմ որ Աստուած ձեր մտքի աչքերը լուսաւորէ, որպէսզի գիտնաք՝ թէ ի՛նչ է այն յոյսը որուն հրաւիրեց ձեզ, եւ ի՜նչ ճոխ ու փառաւոր է խոստումը՝ որ իր ընտրեալները պիտի ժառանգեն,

19եւ ի՜նչ գերազանց ու մեծ է այն ոյժը, կարողութիւնն ու զօրութիւնը, որ կը ներգործէ հաւատացեալներուս մէջ։

20Այդ ներգործող զօրութիւնը Աստուած ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, զայն մեռելներէն յարուցանելով եւ երկինքի մէջ նստեցնելով իր աջ կողմը,

21ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններէն ու պետութիւններէն, զօրութիւններէն ու տէրութիւններէն գերիվեր, եւ դեռ ուրիշ անուններով ծանօթ բոլոր իշխանութիւններուն վրայ, թէ՛ ներկայ աշխարհին մէջ եւ թէ՛ գալիքին։

22«Աստուած ամէն բան անոր իշխանութեան ենթարկեց» եւ եկեղեցւոյ գլուխ կարգեց զայն՝ վեր ամէն բանէ։

23Հետեւաբար եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for Ephesians 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.