Acts 28
1 Ազատելէ ետք՝ իմացանք թէ կղզիին անունը Մալթա է։ Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ։
2 Քանի անձրեւ սկսած էր եւ ցուրտ կ՚ընէր, խարոյկ մը վառեցին եւ անոր շուրջ ընդունեցին մեզ բոլորս։
3 Պօղոս չոր ճիւղերու խուրձ մը ժողվեց եւ խարոյկին մէջ նետելու վրայ էր, երբ տաքութենէն իժ մը ելաւ խուրձին մէջէն եւ իր ձեռքին փաթթուեցաւ։
4 Տեղացիները երբ Պօղոսի ձեռքէն կախուած իժը տեսան, սկսան իրարու ըսել. –Անպայմանմարդասպանմընէայսմարդը, որ թէպէտեւ ծովէն ազատեցաւ, բայց աստուածային արդարութիւնը թոյլ չի տար որ ողջ մնայ։
5 Պօղոս ձեռքը թափ տալով իժը կրակը ձգեց, առանց վնասուելու,
6 մինչ տեղացիները կը սպասէին որ ուռի կամ յանկարծ իյնայ մեռնի։ Բայց բաւական սպասելէ ետք, երբ տեսան թէ անսովոր բան մը չեղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխեցին եւ սկսան ըսել՝ թէ աստուած մըն է։
7 Այդ տեղին շրջակայքը կային ագարակներ, որոնք կը պատկանէին կղզիի գլխաւորին՝ Պոպլիոսի։ Այս մարդը երաշխիք տալով՝ մեզ իր տունը ընդունեց եւ երեք օր սիրով հիւրասիրեց։
8 Պոպլիոսի հայրը հիւանդ պառկած էր ջերմով եւ թանչքի ցաւերով։ Պօղոս անոր սենեակը մտաւ, ձեռքերը անոր գլխուն դնելով աղօթեց եւ բժշկեց զայն։
9 Ասոր վրայ՝ կղզիին միւս հիւանդները եւս սկսան գալ, եւ բժշկուեցան։
10 Այս պատճառով ալ ամէն տեսակի պատիւներ ընծայեցին մեզի, եւ երբ պիտի մեկնէինք՝ տուին մեզի ինչ որ պէտք էր։
11 Երեք ամիս ետք բարձրացանք Աղեքսանդրիական նաւ մը, որ կղզիին մէջ ձմերած էր եւ Երկուորեակ չաստուածներու նշանը կը կրէր։
12 Իջանք Սիրակուսա եւ երեք օր հոն մնացինք։
13 Ապա հոնկէ ելանք եւ շրջան մը ընելով հասանք Ռեգիոն։ Օր մը ետք հարաւային հովը սկսաւ փչել, եւ երկու օրէն եկանք Պոտիոլի,
14 ուր քրիստոնեայ եղբայրներ գտանք, եւ անոնց խնդրանքին վրայ շաբաթ մը հոն մնացինք։ Այսպէս, ի վերջոյ, ուղղուեցանք Հռոմ։
15 Հռոմի քրիստոնեաները մեր մասին լսելով՝ մեզ դիմաւորելու եկան մինչեւ Ապպիոսի Շուկան եւ Երեք Պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։
16 Երբ Հռոմ մտանք, հարիւրապետը բանտարկեալները զօրապետին յանձնեց, իսկ Պօղոսին արտօնութիւն տրուեցաւ որ առանձին ապրի, իր պահապան զինուորին հսկողութեամբ։
17 Երեք օր ետք, Պօղոս Հրեաներու գլխաւորները կանչել տուաւ։ Եւ երբ եկան, ըսաւ անոնց. –Եղբայրնե՛ր, ես առանց մեր ժողովուրդին դէմ կամ մեր հայրենի սովորութիւններուն դէմ բան մը գործած ըլլալու՝ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալուեցայ եւ յանձնուեցայ Հռոմայեցիներու ձեռքը,
18 որոնք զիս հարցաքննելէ ետք՝ ուզեցին ազատ արձակել, քանի որ մահուան արժանի յանցանք մը չգտան վրաս։
19 Սակայն երբ Հրեաներ հակառակեցան ատոր, ստիպուեցայ կայսրին բողոքել, առանց մեր ազգին դէմ ամբաստանութիւն մը ունենալու։
20 Ճիշդ այդ պատճառով ալ խնդրեցի ձեզ տեսնել եւ խօսիլ, որովհետեւ այս շղթաները կը կրեմ ա՛յն անձին համար՝ որ Իսրայէլի յոյսն էր։
21 Անոնք իրեն ըսին. –Մենք քու մասիդ ո՛չ նամակ ստացած ենք Հրէաստանէն, ո՛չ ալ մեր եղբայրներէն մէկը եկած պատմած կամ չար բան մը ըսած է քու մասիդ։
22 Բայց կ՚ուզենք քու կարծիքդ իմանալ, որովհետեւ այս աղանդին մասին մեզի այսքանը ծանօթ է՝ որ անիկա ամէն տեղ հակառակութեան կը հանդիպի։
23 Յետոյ ժամադրուեցան անոր հետ, եւ որոշուած օրը աւելի մեծ թիւով եկան անոր բնակած տունը։ Եւ Պօղոս առտուընէ մինչեւ իրիկուն անոնց խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին, եւ Մովսէսի Օրէնքէն ու մարգարէներէն վկայութիւններ բերելով՝ կը փորձէր զանոնք համոզել որ հաւատան Յիսուսի։
24 Ոմանք համոզուեցան իր խօսքերէն, իսկ ուրիշներ չհաւատացին։
25 Եւ մինչ այդպէս ալ կը հեռանային, առանց իրարու հետ համաձայնելու, Պօղոս այս մէկ բանն ալ աւելցուց. –Սուրբ Հոգին շատ շիտակ խօսեցաւմեր հայրերուն,
26 երբ Եսայի մարգարէին բերնով՝ ըսաւ.– «Գնա՛ եւ ըսէ այս ժողովուրդին.– Անդադար պիտի լսէք բայց պիտի չհասկնաք, շարունակ պիտի նայիք բայց պիտի չտեսնէք։
27 Որովհետեւ այս ժողովուրդին միտքը թանձրացած է. իրենց ականջները խցած են եւ իրենց աչքերը փակած, որպէսզի չըլլայ որ իրենց աչքերը տեսնեն կամ ականջները լսեն եւ միտքերը հասկնան ու դարձի գան, եւ ես զանոնք բժշկեմ»։
28 Հետեւաբար,– եզրակացուց Պօղոս,– կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ Աստուած այժմ փրկութեան այս պատգամը հեթանոսներուն կը ղրկէ, եւ անոնք պիտի լսեն։
29 Այս խօսքին վրայ Հրեաները հեռացան իրմէ, բուռն կերպով վիճաբանելով իրարու հետ։
30 Լման երկու տարի Պօղոս մնաց իր վարձած տան մէջ, ուր կ՚ընդունէր բոլոր անոնք որոնք իր քով կու գային։
31 Առանց ոեւէ արգելքի, ամենայն համարձակութեամբ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր եւ կը սովեցնէր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին։