Romans 1
1 Ես, Պօղոս, ծառան եմ Քրիստոս Յիսուսի, որ զիս կանչեց իր առաքեալը ըլլալու եւ պաշտօն տուաւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու։
2 Սուրբ գիրքերուն մէջ արձանագրուած կը գտնէք, թէ Աստուած կանուխէն իր մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ տալ այս աւետիսը,
3 որ կը վերաբերի իր Որդիին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իբրեւ մարդ՝ Դաւիթի սերունդէն ծնաւ,
4 բայց որ իբրեւ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ, երբ իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ։
5 Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը,
6 որոնց կարգին դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի պատկանելու կանչուեցաք։
7 Ողջո՜յն բոլորիդ որ Հռոմ կը բնակիք. ձեզի՝ որ Աստուած սիրեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կանչեց։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
8 Նախ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իմ Աստուծոյս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին համար, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մէջ կը խօսուի ձեր հաւատքին մասին։
9 Աստուած, որուն կը ծառայեմ հոգիովս՝ իր Որդիին Աւետարանը քարոզելով, վկայ է՝ թէ անդադար կը յիշեմ ձեզ,
10 եւ միշտ աղօթքներուս մէջ կը խնդրեմ որ Աստուծոյ կամքով յաջողիմ ձեզի գալ։
11 Որովհետեւ շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ.
12 այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես։
13 Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ բազմիցս մտադրեցի գալ ձեզի, սակայն մինչեւ հիմա արգելքներ ունեցայ։ Որովհետեւ կ՚ուզեմ ձեր մէջ եւս վաստակ ունենալ, ինչպէս ունիմ ուրիշ ազգերու մէջ.
14 որովհետեւ, ինչպէս ինքզինքս պարտական զգացի թէ՛ Յոյնին եւ թէ՛ ոչ– Յոյնին, թէ՛ իմաստունին եւ թէ՛ անմիտին հանդէպ,
15 այնպէս ալ պարտական կը զգամ յօժարութեամբ աւետարանել ձեզի, որ Հռոմի մէջ էք։
16 Ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ ամօթ չեմ համարեր Աւետարանը ։ Ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող, նախ Հրեան, ապա նաեւ ոչ–Հրեան։
17 Որովհետեւ Աւետարանը կը յայտնէ թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդիկը արդար կը սեպէ իրենց հաւատքով՝ որպէսզի հաւատան. ինչպէս որ գրուած է, «Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի»։
18 Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ։
19 Որովհետեւ Աստուծոյ մասին ինչ որ կարելի է գիտնալ՝ գիտեն արդէն, քանի Աստուած ինք յայտնեց անոնց։
20 Արդարեւ, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ՚իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ ոեւէ արդարացում չունենան։
21 Որովհետեւ զԱստուած ճանչնալով հանդերձ՝ իբրեւ Աստուած չփառաւորեցին եւ շնորհակալ չեղան, այլ՝ անհեթեթ խորհուրդներ ունեցան, որով իրենց միտքը անմտութեամբ խաւարեցաւ։
22 Իրենք զիրենք իմաստուն համարելով՝ յիմարացան,
23 եւ անմահ Աստուծոյ փառքը յատկացուցին մահկանացու մարդոց, թռչուններու, չորքոտանիներու եւ սողուններու նմանութիւնը եղող պատկերներու։
24 Այդ պատճառով ալ Աստուած թոյլ տուաւ, որ իրենց սրտի ցանկութիւններով պղծութեան յանձնուին եւ իրենք իրենց մարմինը անպատուեն,
25 քանի որ Աստուծոյ վերաբերմամբ ճշմարտութեան փոխարէն ստութիւնը նախընտրեցին. արարածներուն յարգանք ընծայեցին եւ զանոնք պաշտեցին, փոխանակ Արարիչը պաշտելու, որ օրհնեալ է յաւիտեան. ամէն ։
26 Ահա թէ ինչու՝ Աստուած թոյլ տուաւ որ անարգ կիրքերու անձնատուր ըլլան։ Որովհետեւ անոնց էգերը իրենց բնական կարիքները հակաբնական կարիքներու հետ փոխանակեցին։
27 Նոյնպէս ալ արուները, կիներու հետ բնական յարաբերութիւնը ձգած՝ հակաբնական ախորժակներով իրարու ցանկացին. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային Աստուծմէ։
28 Այսինքն, քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել.
29 այսինքն՝ լեցուին ամէն տեսակ անիրաւութեամբ, պոռնկութեամբ, անզգամութեամբ, ագահութեամբ, չարութեամբ, եւ ըլլան նախանձոտ, սպանող, հակառակասէր, նենգ, չարաբարոյ, բամբասող,
30 չարախօս, աստուածատեաց, անամօթ, ամբարտաւան, ինքնահաւան, չարիք հնարող, ծընողք անարգող,
31 անմիտ, խոստմնադրուժ, անգութ, անհաշտ եւ անողորմ։
32 Եւ գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ այսպիսի բաներ ընողները մահուան արժանի են, ո՛չ միայն իրենք կ՚ընեն, այլ նաեւ հաւանութիւն կու տան ընողներուն։