Acts 22
1 Մարդի՛կ, եղբայրներ եւ հայրեր, լսեցէ՛քինչ որ ձեզի պիտի ըսեմ՝ իբրեւ պատասխան ձեր ամբաստանութեանց։
2 Երբ լսեցին որ Եբրայերէն լեզուով կը խօսի իրենց, աւելի լուռ կեցան։ Եւ Պօղոս շարունակեց. –
3 Ես Հրեայ մարդ մըն եմ՝ Կիլիկիայի Տարսոն քաղաքը ծնած, բայց սնած այս քաղաքին մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ եւ մեր հայրենի ճշգրիտ Օրէնքով դաստիարակուած։ Ես նոյնքան նախանձախնդրութեամբ նուիրուած էի Աստուծոյ՝ որքան դուք բոլորդ այսօր։
4 Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ այս վարդապետութեան հետեւողները հալածեցի մինչեւ մահ, ձերբակալելով եւ բանտ նետել տալով այր թէ կին,
5 ինչպէս քահանայապետը եւ ամբողջ ծերակոյտը կրնան վկայել, որովհետեւ իրենցմէ նամակներ առած էի՝ Դամասկոսի մեր եղբայրներուն ուղղուած, եւ հոն կ՚երթայի՝ Դամասկոս եղողներն ալ ձերբակալելու եւ Երուսաղէմ բերելու համար, որպէսզի պատժուին։
6 Բայց գացած ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենայի, կէսօրուան մօտ, յանկարծ երկինքէն սաստիկ լոյս մը փայլատակեց չորս դիս։
7 Գետին ինկայ, եւ լսեցի ձայն մը որ ինծի կ՚ըսէր. «Սաւու՛ղ, Սաւու՛ղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»։
8 Հարցուցի. «Ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Եւ ըսաւ. «Ես Նազովրեցի Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես»։
9 Հետս եղողները լոյսը կը տեսնէին, բայց ինծի հետ խօսող ձայնը չէին լսեր։
10 Ըսի իրեն. «Ի՞նչ ընեմ, Տէ՛ր»։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, Դամասկոս գնա, եւ հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ սահմանած եմ որ ընես»։
11 Լոյսին փայլատակումէն այլեւս չէի տեսներ. ուստի հետս եղողները ձեռքէս բռնելով տարին, եւ մտայ Դամասկոս։
12 Այնտեղ Օրէնքը պահող բարեպաշտ մարդ մը կար, Անանիա անունով, որուն մասին հոն բնակող բոլոր Հրեաներն ալ լաւ կը վկայէին։
13 Այս մարդը ինծի եկաւ եւ քովս կանգնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ, տե՛ս»։ Նոյն վայրկեանին տեսողութիւնս վերագտայ եւ նայեցայ իրեն։
14 Այն ատեն ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը սկիզբէն քեզ ընտրեց՝ ուզելով որ իր կամքը ճանչնաս, Արդարը տեսնես եւ անոր ձայնը լսես՝ իր իսկ բերնէն,
15 որպէսզի բոլոր մարդոց քով իր վկան դառնաս, պատմելով ինչ որ տեսար եւ լսեցիր։
16 Իսկ հիմա ինչո՞ւ կ՚ուշանաս. ե՛լ, մկրտուէ՛ եւ լուա՛ մեղքերդ՝ իրեն աղօթելով»։
17 Երուսաղէմ վերադարձիս, երբ որ տաճարին մէջ կ՚աղօթէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ
18 եւ տեսայ Տէրը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Աճապարէ՛, շուտով Երուսաղէմէն դուրս ել, որովհետեւ պիտի չընդունին այն վկայութիւնը որ ինծի համար կու տաս»։
19 Եւ ես ըսի. «Տէ՛ր, իրենք լաւ գիտեն՝ թէ ես էի որ բանտարկել եւ ժողովարաններուն մէջ գանահարել կու տայի քեզի հաւատացողները.
20 եւ երբ քու վկայիդ՝ Ստեփանոսի արիւնը կը թափէին՝ ես ալ իրենց կողքին էի, անոր մահը պահանջողներէն մէկն էի եւ սպաննողներուն վերարկուները ե՛ս բռնած էի»։
21 Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Գնա՛, որովհետեւ ես քեզ հեռաւոր ազգերուն պիտի ղրկեմ»։
22 Մինչեւ ասիկա ըսելը՝ մտիկ կ՚ընէին զինք. բայց ասոր վրայ՝ իրենց ձայնը բարձրացուցին, պոռալով. –Աշխարհէն վերցո՛ւր այս մարդը, որովհետեւ ասանկ մէկը պէտք չէ՛ ողջ մնայ։
23 Երբ սկսան պոռչտալ, իրենց վերարկուները օդին մէջ շարժել եւ փոշի առնելով օդը նետել,
24 հազարապետը հրամայեց որ զայն զօրանոց մտցնեն, պատուիրելով՝ որ ծեծով հարցաքննեն զայն, գիտնալու համար թէ ի՞նչ յանցանքի համար այդպէս կ՚աղաղակէին անոր դէմ։
25 Երբ կաշիէ կապերով զինք պրկեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. –Հռոմայեցի եւ անմեղ մարդ մը գանակոծելու իրաւունք ունի՞ք։
26 Հարիւրապետը երբ ասիկա լսեց՝ եկաւ հազարապետին պատմեց, ըսելով. –Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընենք. քանի այս մարդը Հռոմայեցի է։
27 Հազարապետը Պօղոսի քով եկաւ եւ հարցուց. –Ըսէ՛ ինծի, Հռոմայեցի՞ ես։ Եւ երբ Պօղոս «Այո» պատասխանեց,
28 հազարապետը ըսաւ. –Ես մեծ գումարով ձեռք բերած եմ այս քաղաքացիութիւնը։ Պօղոս պատասխանեց. –Իսկ ես ծնունդով Հռոմայեցի եմ։
29 Ասոր վրայ, անոնք որ զինք ծեծով պիտի հարցաքըննէին՝ անմիջապէս հեռացան. իսկ հազարապետը անոր Հռոմայեցի ըլլալը գիտնալով՝ վախցաւ, որովհետեւ զայն կապել տուած էր։
30 Յաջորդ օր, հազարապետը ուզելով ստոյգ կերպով գիտնալ թէ Հրեաներ ինչո՛վ կ՚ամբաստանեն Պօղոսը, արձակել տուաւ անոր կապերը եւ հրամայեց կանչել աւագ քահանաներն ու ամբողջ Ատեանը ։ Ապա Պօղոսը զօրանոցէն վար իջեցնելով՝ անոնց դիմաց կանգնեցուց։