Acts 21
1 Երբանոնցմէ բաժնուեցանք, նաւ ելանքեւուղիղ գծով հասանք Կոս։ Յաջորդ օր եկանք Ռոդոս, իսկ անկէ՝ Պատարա։
2 Այստեղ գտնելով նաւ մը որ Փիւնիկէ կ՚երթար, նաւ բարձրացանք ու ճամբայ ելանք։
3 Երբ Կիպրոսը երեւցաւ, զայն մեր ձախին ձգելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ իջանք Տիւրոս, որովհետեւ այնտեղ նաւը իր բեռները պիտի պարպէր։
4 Հոն Քրիստոսի հետեւորդներ գտանք եւ եօթը օր մնացինք այնտեղ։ Անոնք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ Պօղոսին կ՚ըսէին որ Երուսաղէմ չերթայ։
5 Բայց երբ մեր օրերը լմնցան եւ ելանք երթալու համար, բոլորը մէկ՝ իրենց կիներով եւ զաւակներով մեզի ընկերացան մինչեւ քաղաքէն դուրս, եւ ծովեզերքը ծունկի գալով աղօթեցինք։
6 Ապա իրարմէ հրաժեշտ առինք եւ նաւ բարձրացանք, իսկ իրենք վերադարձան իրենց տուները։
7 Տիւրոսէն ելլելով, մեր նաւային ճամբորդութիւնը վերջացուցինք՝ հասնելով Պտոլեմայիս, ուր հաւատացեալ եղբայրները ողջունելով՝ մէկ օր իրենց քով մնացինք։
8 Իսկ յաջորդ օր հոնկէ ելլելով եկանք Կեսարիա, մտանք Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը, որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր, եւ հոն մնացինք։
9 Փիլիպպոս չորս աղջիկ ունէր, որոնք ամուսնացած չէին եւ մարգարէութիւն կ՚ընէին։
10 Բաւական ատեն հոն մնացեր էինք, երբ Հրէաստանէն Ագաբոս անունով մարգարէ մը եկաւ։
11 Ասիկա մեզի գալով՝ Պօղոսի գօտին առաւ եւ անով ինքն իր ոտքերն ու ձեռքերը կապելով, ըսաւ. –Սուրբ Հոգին այսպէս կ՚ըսէ. «Երուսաղէմի մէջ Հրեաներ այսպէս պիտի կապեն ու հեթանոսներու ձեռքը յանձնեն այն անձը՝ որուն կը պատկանի այս գօտին»։
12 Երբ ասիկա լսեցինք, թէ՛ մենք եւ թէ՛ տեղացիները՝ կ՚աղաչէինք որ Պօղոս Երուսաղէմ չերթայ։
13 Այն ատեն Պօղոս ըսաւ. –Ինչո՞ւ այդպէս կու լաք եւ իմ սիրտս ալ կը ճմլէք. որովհետեւ Տէր Յիսուսի սիրոյն համար ոչ միայն կապուելու, այլ մեռնելու իսկ պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ։
14 Երբ չուզեց համոզուիլ՝լռեցինք. ըսինք. –Տիրոջ կամքը թող ըլլայ։
15 Քանի մը օր ետք պատրաստուեցանք եւ ճամբայ ելանք դէպի Երուսաղէմ։
16 Կեսարիայէն քանի մը հաւատացեալներ մեզի հետ եկան, մեզ տանելով Մնասոն անունով Կիպրացիի մը քով, որ Քրիստոսի առաջին հետեւորդներէն էր, եւ որուն հիւրը պիտի ըլլայինք։
17 Երբ Երուսաղէմ մտանք, հաւատացեալ եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։
18 Յաջորդ օր, Պօղոս մեզի հետ միասին Յակոբոսի քով գնաց։ Եկան նաեւ բոլոր երէցները:
19 Պօղոս զանոնք ողջունելէ ետք սկսաւ մէկ առ մէկ պատմել այն՝ ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն մէջ իրականացուց իր գործակցութեամբ։
20 Իսկ անոնք լսելով՝ Աստուծոյ փառք կու տային։ Ապա ըսին իրեն. –Կը տեսնե՞ս, եղբայր, տասնեակ հազարաւոր Հրեայ հաւատացեալներ կան, եւ բոլորն ալ Օրէնքը պահելու նախանձախնդիր են։
21 Բայց քու մասիդ իմացեր են, որ հեթանոսներուն մէջ ապրող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես՝ որ Մովսէսի Օրէնքը թողուն. այսինքն կ՚ըսես՝ որ իրենց տղաքը չթլփատեն եւ իրենց սովորութիւնները չպահեն։
22 Արդ, ի՞նչ կարելի է ընել։ Ամէն պարագայի պիտի լսեն որ եկած ես, եւ բոլորը գլխուդ պիտի հաւաքուին։
23 Հետեւաբար եկուր, ինչ որ կ՚ըսենք՝ ըրէ՛։ Մեր քով չորս հոգիներ կան, որոնք ուխտ ըրած են։
24 Զանոնք հետդ առ եւ անոնց հետ միասին ծիսական արարողութեամբ սրբուէ, իրենց գլուխները ածիլելու ծախսերն ալ դուն տուր, որպէսզի մարդիկ գիտնան՝ թէ ինչ որ քու մասիդ իմացեր են՝ սխալ է. այլ՝ թէ դուն ալ Օրէնքը պահելու համաձայն ես։
25 Իսկ ինչ կը վերաբերի հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն, մենք նամակով իրենց փոխանցեցինք մեր որոշումը՝ որ հեռու մնան կուռքերու զոհուած կերակուրներէ, արիւնէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ պոռնկութենէ։
26 Այն ատեն Պօղոս ուխտադիր մարդիկը առնելով՝ յաջորդ օր անոնց հետ սրբուելէ ետք մտաւ տաճար, իմացնելու համար թէ ե՛րբ է որ իրենց մաքրութեան օրերը պիտի լմննան, որպէսզի իւրաքանչիւրին համար որոշուած զոհը մատուցուի։
27 Ուխտի եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիա նահանգէն եկած Հրեաներ զայն տաճարին մէջ տեսնելով՝ ամբողջ բազմութիւնը անոր գլխուն ժողվեցին, եւ զայն բռնելով՝
28 կը պոռային. –Ո՜վ Իսրայէլացիներ, օգնեցէ՛ք. այս է այն մարդը՝ որ մեր ժողովուրդին, Օրէնքին եւ այս սրբավայրին դէմ կը խօսի ամէն տեղ եւ բոլորին։ Դեռ աւելին ըլլալով՝ հեթանոսներ մտցուց այս տաճարը եւ պղծեց այս սուրբ վայրը։
29 Ասիկա կ՚ըսէին, որովհետեւ նախապէս քաղաքին մէջ Եփեսացի Տրոֆիմոսը տեսեր էին իրեն հետ միասին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զայն տաճար մտցուցած է։
30 Ամբողջ քաղաքը ոտքի ելաւ։ Ահագին ժողովուրդ խռնուեցաւ։ Պօղոսը բռնեցին տաճարէն դուրս քաշեցին, եւ անմիջապէս տաճարին դռները փակուեցան։
31 Երբ կ՚ուզէին զայն սպաննել, գունդի հազարապետին լուր հասաւ, թէ ամբողջ Երուսաղէմը իրար անցած է։
32 Անմիջապէս զինուորներ ու հարիւրապետներ առնելով խուժեց անոնց վրայ։ Անոնք հազարապետն ու զինուորները տեսնելով՝ դադրեցան Պօղոսը ծեծելէ։
33 Այն ատեն հազարապետը մօտեցաւ, բռնեց զայն եւ հրամայեց որ զոյգ շղթաներով կապեն։ Ապա սկսաւ հարցնել թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ ըրած է։
34 Բազմութեան մէջէն ամէն մէկը բան մը կը պոռար։ Աղմուկին պատճառով չկարենալով ստոյգ բան մը գիտնալ, հրամայեց որ զայն զօրանոց տանին։
35 Երբ Պօղոս զօրանոցին աստիճաններուն հասաւ, զինուորները զինք վեր բարձրացուցած տարին՝ ամբոխին վայրագութեան պատճառով,
36 որովհետեւ ժողովուրդին բազմութիւնը իրեն կը հետեւէր, պոռալով. –Մէջտեղէն վերցո՛ւր զայն։
37 Զօրանոց մտնելու վրայ էին, երբ Պօղոս հազարապետին ըսաւ. –Կրնա՞մ քեզի բան մը ըսել։ Իսկ անիկա հարցուց. –Ուրեմն Յունարէն գիտե՞ս։
38 Դուն այն Եգիպտացին չե՞ս, որ ասկէ կարճ ժամանակ մը առաջ ապստամբելով՝ չորս հազար զինուած մարդասպաններ ետեւէդ անապատ քաշեցիր։
39 Պօղոս պատասխանեց. –Ես Հրեայ մարդ մըն եմ, Տարսոնցի, Կիլիկիայէն. այսինքն՝ աննշան քաղաքի մը քաղաքացի չեմ։ Խնդրեմ, արտօնէ որ խօսիմ ժողովուրդին։
40 Երբ հազարապետը արտօնեց, Պօղոս աստիճաններուն վրայ կանգնեցաւ, ձեռքով ժողովուրդին նշան ըրաւ որ լուռ կենան, եւ երբ մեծ լռութիւն տիրեց՝ սկսաւ Եբրայերէն լեզուով խօսիլ, ըսելով.