Bible

Focus

On Your Ministry and Not Your Media

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Acts 18

:
Armenian - 2019
1 Անկէ ետք Պօղոս Աթէնքէն մեկնելով՝ եկաւ Կորնթոս։
2 Այնտեղ գտաւ ծնունդով Պոնտացի Հրեայ մը, Ակիլաս անունով, որ իր կնոջ՝ Պրիսկիլայի հետ դեռ նոր եկած էր Իտալիայէն, որովհետեւ Կլաւդիոս կայսր հրամայած էր որ բոլոր Հրեաները Հռոմէն հեռացուին։ Պօղոս անոնց քով մնաց,
3 եւ քանի արհեստակից էր՝ անոնց քով կը մնար եւ կ՚աշխատէր, որովհետեւ արհեստով վրանագործ էին։
4 Ամէն Շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր, ջանալով համոզել Հրեաներն ու Յոյները ։
5 Երբ Շիղա եւ Տիմոթէոս Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոս ամբողջ հոգիով ճիգ կը թափէր՝ վկայութեամբ ապացուցանելու Հրեաներուն, թէ Յիսուս սպասուած Փրկիչը՝ Քրիստոսն է։
6 Եւ երբ անոնք հակառակեցան եւ հայհոյեցին իրեն, Պօղոս իր հագուստները թօթուելով ըսաւ. –Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ա՛լ ես յանցաւոր չեմ։ Ասկէ ետք հեթանոսներուն պիտի երթամ։
7 Եւ հոնկէ ելլելով՝ մտաւ Տիտոս Յուստոս անունով աստուածապաշտ մարդու մը տունը, որ ժողովարանին կից էր։
8 Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս, իր ամբողջ ընտանիքով հաւատաց Տիրոջ ։ Շատ մը Կորնթացիներ լսելով Պօղոսը, հաւատացին եւ մկրտուեցան։
9 Գիշերը, Տէրը տեսիլքի մը մէջ ըսաւ Պօղոսին. –Անվախօրէն խօսէ, լուռ մի՛ մնար,
10 որովհետեւ ես քեզի հետ եմ։ Ոեւէ մէկը քեզի դէմ պիտի չելլէ եւ վնաս պիտի չհասցնէ քեզի, որովհետեւ այս քաղաքին մէջ ես մեծ թիւով ժողովուրդ ունիմ։
11 Ուստի Պօղոս տարի մը եւ վեց ամիս այնտեղ մնաց, Աստուծոյ խօսքը ուսուցանելով անոնց։
12 Աքայիայի փոխ–բդեշխին՝ Գալիոնի օրերուն, Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսի դէմ ելան եւ զայն ատեան տարին,
13 ըսելով. –Ասիկա մարդիկը կը դրդէ՝ մեր Օրէնքին հակառակ ձեւով պաշտելու զԱստուած։
14 Հազիւ Պօղոս իր բերանը պիտի բանար, Գալիոն Հրեաներուն ըսաւ. –Եթէ ոեւէ չար բան՝ անիրաւութիւն կամ խարդախութիւն գործած ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, ճիշդ պիտի ըլլար որ ձեր բողոքը լսէի։
15 Բայց քանի խնդիրը ոեւէ խօսքի բացատրութեան, անուններու կամ ձեր Օրէնքին կը վերաբերի, դուք ձեր միջեւ կարգադրեցէք։ Ես այդպիսի բաներու դատաւորութիւն ընել չեմ ուզեր։
16 Եւ զանոնք ատեանէն դուրս դրաւ։
17 Ասոր վրայ, Յոյները բոլորը մէկ բռնեցին Սոսթենէս ժողովրդապետը եւ ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Բայց ասիկա բնաւ Գալիոնի հոգը չեղաւ։
18 Պօղոս ժամանակ մը եւս մնալէ ետք, հաւատացեալ եղբայրներէն հրաժեշտ առաւ՝ նաւով Սուրիա երթալու համար։ Պրիսկիլա ու Ակիլաս միասին էին։ Կենքրայէն ճամբայ ելլելէ առաջ իր մազերը ածիլեց, որովհետեւ ուխտ ըրած էր։
19 Երբ Եփեսոս հասան, զանոնք քաղաք ձգելով՝ ինք գնաց տեղւոյն ժողովարանը եւ խօսեցաւ Հրեաներուն:
20 Աղաչեցին որ երկար ժամանակով մնայ այնտեղ, բայց ինք յանձն չառաւ,
21 այլ՝ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ, ըսելով. –Յառաջիկայ տօնը անպայման Երուսաղէմի մէջ պէտք է կատարեմ. բայց եթէ Աստուած կամենայ՝ դարձեալ կու գամ ձեզի։
22 Եփեսոսէն նաւ առնելով՝ եկաւ Կեսարիա, եւ Երուսաղէմ ելլելով՝ողջունեց եկեղեցին ։ Ապա գնաց Անտիոք։
23 Ժամանակ մը հոն մնալէ ետք՝ ելաւ եւ սկսաւ շրջիլ նախ Գաղատացիներու երկիրը եւ ապա Փռիւգիա, զօրացնելով Տիրոջ բոլոր աշակերտածները։
24 Ապողոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, որ ճարտարախօս էր եւ քաջածանօթ Սուրբ գիրքերուն, եկաւ հասաւ Եփեսոս։
25 Անիկա Տիրոջ վարդապետութեամբ դաստիարակուած էր, հոգիով կ՚եռար, կը քարոզէր եւ ճշգրտութեամբ կ՚ուսուցանէր Յիսուսի մասին։ Գալով մկրտութեան, միայն Յովհաննէսի քարոզած մկրտութեան ծանօթ էր։
26 Անիկա սկսաւ համարձակ կերպով խօսիլ ժողովարանին մէջ։ Երբ Ակիլաս եւ Պրիսկիլա լսեցին իր քարոզութիւնը, զայն իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ ձեւով իրեն պարզեցին Աստուծոյ ճամբան։
27 Երբ Ապողոս ուզեց Աքայիա երթալ, հաւատացեալ եղբայրները համաձայն գտնուեցան եւ գրեցին այնտեղի հաւատացեալներուն՝ որ ընդունին զայն։ Իսկ Ապողոս երբ հոն հասաւ՝ Աստուծոյ շնորհքով մեծապէս օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն,
28 որովհետեւ հրապարակաւ զօրեղապէս կը հերքէր Հրեաներու առարկութիւնները, Սուրբ գիրքերուն մէջէն ցոյց տալով՝ թէ Յիսուսը խոստացուած Քրիստոսն է։