Acts 19
1 Մինչ Ապողոս Կորնթոս կը գտնուէր, Պօղոս Գաղատիայի եւ Փռիւգիայի կողմերը պտըտելէ ետք Եփեսոս իջաւ։ Այստեղ Տիրոջ աշակերտած մարդիկ գտնելով՝
2 հարցուց անոնց. –Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք։ Անոնք պատասխանեցին. –Նոյնիսկ չենք լսած թէ Սուրբ Հոգի մը կայ։
3 Պօղոս հարցուց. –Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք։ Պատասխանեցին. –Յովհաննէսի մկրտութեամբ։
4 Եւ Պօղոս ըսաւ. –Յովհաննէս ժողովուրդը մկրտեց մկրտութեամբ մը՝ որ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր, բայց կ՚ըսէր որ հաւատան անոր՝ որ իրմէ ետք պիտի գար, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսին ։
5 Եփեսացիները ասիկա լսելով, Տէր Յիսուսի անունով մկրտուեցան։
6 Իսկ երբ Պօղոս ձեռքը դրաւ անոնց գլխուն, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, անծանօթ լեզուներով կը խօսէին ու կը մարգարէանային:
7 Անոնք ընդամէնը շուրջ տասներկու հոգի էին։
8 Պօղոս ժողովարան մտնելով՝ երեք ամիս համարձակօրէն Աստուծոյ արքայութեան մասին կը խօսէր անոնց եւ կը փորձէր համոզել։
9 Սակայն երբ անոնցմէ ոմանք սկսան յամառօրէն հակաճառել եւ բազմութեան դիմաց վարկաբեկել Տիրոջ վարդապետութիւնը, Պօղոս ժողովարանէն քաշուեցաւ եւ Տիրոջ աշակերտածներն ալ միասին տարաւ, եւ ամէն օր կը խօսէր անոնց, Տիրան անունով մէկու մը դպրոցին մէջ։
10 Երկու տարի այսպէս շարունակուեցաւ. այնպէս որ Ասիա նահանգի բոլոր բնակիչները, Հրեայ թէ Յոյն, Տիրոջ խօսքը լսեցին։
11 Աստուած Պօղոսի ձեռքով արտասովոր հրաշքներ կը գործէր։
12 Մարդիկ մինչեւ իսկ անոր քրտինքոտ թաշկինակն ու գործի հագուստը կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին իրենց ցաւերէն, կամ չար ոգիները կ՚ելլէին։
13 Քանի մը Հրեաներ, որոնք շրջուն երդմնեցուցիչներ էին, մարդոցմէ չար ոգիները հանելու համար յանդգնեցան Տէր Յիսուսի անունը գործածել, ըսելով. –Երդումով կը հրամայեմ ձեզի՝ այն Յիսուսին անունով որ Պօղոս կը քարոզէ։
14 Այս բանը ընողները Սկեւա անունով Հրեայ աւագ երէցի մը եօթը որդիներն էին։
15 Չար ոգին պատասխանեց, ըսելով. –Յիսուսը գիտեմ, Պօղոսն ալ կը ճանչնամ. բայց դուք ո՞վ էք։
16 Եւ մարդը, որուն մէջն էր չար ոգին, յարձակեցաւ անոնց վրայ եւ մէկ առ մէկ բռնելով խոշտանգեց զանոնք, այնպէս մը՝ որ կիսամերկ ու վիրաւոր՝ փախան այդ տունէն։
17 Եփեսոս բնակող բոլոր Հրեաներն ու Յոյները իմացան այս մասին, եւ բոլորին վրայ վախ մը ինկաւ։ Եւ Տէր Յիսուսի անունը երթալով կը փառաւորուէր։
18 Հաւատացողներէն շատեր կու գային եւ կը խոստովանէին՝ իրենց գործած մեղքերը պատմելով։
19 Իսկ կախարդութիւն ընողներէն շատեր իրենց գիրքերը բերին եւ բոլորին առջեւ այրեցին։ Անոնց գինը հաշուեցին եւ գտան որ յիսուն հազար արծաթ դրամ կ՚ընէր։
20 Այսպիսով, մեծ զօրութեամբ Տիրոջ խօսքը կը տարածուէր, եւ եկեղեցին կը զօրանար։
21 Իր աշխատանքները աւարտելէ ետք, Պօղոս մտադրեց Մակեդոնիա եւ Աքայիա շրջիլ եւ ապա Երուսաղէմ երթալ։ Կ՚ըսէր. –Հոն երթալէս ետք՝ պէտք է Հռոմ ալ երթամ։
22 Իր օգնականներէն երկուքը՝ Տիմոթէոսն ու Երաստոսը Մակեդոնիա ղրկեց, իսկ ինքը ժամանակ մը եւս Ասիա մնաց։
23 Այդ օրերուն էր, որ Եփեսոսի մէջ մեծ խռովութիւն մը եղաւ Տիրոջ վարդապետութեան համար։
24 Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը կար, որ Արտեմիս դիցուհիի տաճարին արծաթէ մանրակերտները կը շինէր, ինչ որ ահագին շահ կը բերէր արհեստաւորներուն։
25 Այս մարդը հաւաքեց նոյն արհեստով զբաղող գործաւորները եւ ըսաւ անոնց. –Մարդի՛կ, դուք շատ լաւ գիտէք՝ թէ այս գործէն է որ մենք մեր ապրուստը կը շահինք։
26 Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք, թէ այդ Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսոսի, այլ գրեթէ ամբողջ Ասիա նահանգին մէջ մեծ բազմութիւն մը համոզելով մոլորեցուց, ըսելով՝ թէ «Ձեռքով շինուած աստուածները աստուած չեն»։
27 Ասիկա ո՛չ միայն մեր գործի վարկին վնաս հասցնել կը սպառնայ, այլ նաեւ Արտեմիս մեծ աստուածուհիի մեհեանին, որ ոչինչի պիտի վերածուի եւ պիտի նսեմացնէ մեծափառութիւնը Արտեմիսի, որ թէ՛ Ասիան եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհը կը պաշտեն։
28 Ասիկա լսելով՝ բարկութեամբ լեցուեցան եւ սկսան աղաղակել. –Մե՜ծ է Եփեսացիներու Արտեմիսը։
29 Ամբողջ քաղաքը իրար անցաւ։ Բոլորը միասին թատրոն խուժեցին, իրենց հետ քաշկռտելով Պօղոսի ուղեկիցները՝ Գայիոսն ու Մակեդոնացի Արիստարքոսը։
30 Երբ Պօղոս ուզեց հաւաքավայրը երթալ, Տիրոջ աշակերտածները չթողուցին։
31 Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկեցին իրեն՝ աղաչելով որ թատրոն չերթայ։
32 Իսկ թատրոնին մէջ ամէն մէկը բան մը կը պոռար, որովհետեւ հաւաքոյթը շփոթի մատնուած էր. շատեր նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ի՛նչ բանի համար հաւաքուած են։
33 Բազմութենէն ոմանք առաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաներ առաջ քշեցին։ Աղեքսանդրոս ձեռքի շարժումով լռեցուց ամբոխը եւ կ՚ուզէր բացատրութիւն տալ հաւաքուած ժողովուրդին։
34 Բայց երբ գիտցան որ Հրեայ է՝ բոլորը միաբերան շուրջ երկու ժամ անդադար կը պոռային. –Մե՜ծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը։
35 Քաղաքին քարտուղարը ամբոխը լռեցուց եւ ըսաւ. –Ո՜վ Եփեսացիներ, կա՞յ մէկը որ չի գիտեր թէ Եփեսոսը պահապանն է մեծ Արտեմիսի մեհեանին եւ երկինքէն ինկած անոր պատկերին։
36 Ասիկա կարելի չէ ուրանալ։ Հետեւաբար լաւ կ՚ըլլայ որ հանդարտիք եւ անխորհուրդ բան մը չընէք։
37 Այդ մարդիկը հոս բերեր էք. բայց ո՛չ մեհեանը կողոպտեր են, ո՛չ ալ մեր աստուածուհիին հայհոյեր են։
38 Եթէ Դեմետրիոս եւ իր հետ եղող արհեստաւորները մէկու մը դէմ բողոք ունին՝ թող դատարան երթան. հոն դատաւորներ կան, թող անոնց առջեւ ամբաստանեն զիրար։
39 Իսկ եթէ ուրիշ բան է ձեր պահանջածը, օրինաւոր հաւաքոյթով պէտք է կարգադրուի։
40 Որովհետեւ իրօք կրնանք իբրեւ խռովարար ամբաստանուիլ այսօրուան այս պատահածին համար, քանի ոեւէարդարացում չունինք այս հաւաքոյթին համար։ Այս խօսքերով արձակեց բազմութիւնը։