Acts 12
1 Այն օրերուն Հերովդէսթագաւոր սկսաւ հալածանք հանել եկեղեցւոյ անդամներէն ոմանց դէմ։
2 Նախ սուրով սպաննել տուաւ Յակոբոսը, Յովհաննէսի եղբայրը։
3 Ապա տեսնելով որ ատիկա Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ ձերբակալել տուաւ Բաղարջակերաց տօնի օրերուն։
4 Զայն բռնելէ ետք բանտ դնել տուաւ, չորս հերթով չորսական զինուորներու յանձնելով անոր պահպանութիւնը։ Կ՚ուզէր Զատիկէն ետք հրապարակաւ դատել զայն։
5 Մինչ Պետրոս բանտարկուած կը մնար, եկեղեցին անդադար Աստուծոյ կ՚աղօթէր իրեն համար։
6 Հասաւ ժամանակը, երբ Հերովդէս կ՚ուզէրզայն դատաստանի բերել։ Գիշեր մը առաջ, Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղը կը քնանար, երկու շղթաներով կապուած, իսկ պահակները դրան առջեւ բանտը կը պահպանէին։
7 Եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը եկաւ կեցաւ իր քով։ Բանտին խցիկը լուսաւորուեցաւ։ Պետրոսի կողը խթելով՝ հրեշտակը զայն արթնցուց եւ ըսաւ. –Շուտով ե՛լ։ Շղթաները ինկան Պետրոսի ձեռքերէն։
8 Հրեշտակը ըսաւ իրեն. –Գօտիդ կապէ եւ հողաթափներդ հագիր։ Պետրոս անոր ըսածը կատարեց։ Եւ անիկա ըսաւ. –Վերարկուդ վրադ ա՛ռ եւ ինծի՛ հետեւէ։
9 Պետրոս ելաւ եւ անոր հետեւեցաւ. սակայն չէր գիտեր՝ հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է թէ ոչ, որովհետեւ կը կարծէր թէ երազ կը տեսնէ։
10 Առաջին պահակակէտը անցան, յետոյ անցան երկրորդը եւ եկան երկաթէ դարպասին քով, որ դէպի քաղաք կը տանէր։ Դարպասը ինքնիրեն բացուեցաւ իրենց առջեւ։ Դուրս գալով, անոնք փողոց մտան. եւ իսկոյն հրեշտակը հեռացաւ իրմէ։
11 Պետրոս ինքզինքին գալով, ըսաւ. –Ա՛լ հիմա վստահ եմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ զիս ազատեց Հերովդէսի ձեռքէն եւ այն բոլորէն, որ Հրեայ ժողովուրդը կ՚ակնկալէր։
12 Սթափելով, դիմեց դէպի Մարիամի տունը։ Այս Մարիամը մայրն էր Յովհաննէսի, որ Մարկոս վերակոչուեցաւ։ Շատեր հաւաքուած էին այնտեղ եւ կ՚աղօթէին։
13 Երբ դարպասին դռնակը թակեց, Ռոդէ անունով աղախին մը եկաւ հասկնալու թէ ո՛վ է.
14 եւ Պետրոսի ձայնը ճանչնալով՝ դուռը բանալու տեղ՝ ուրախութենէն ներս վազեց, աւետելու՝ թէ Պետրոսն է դրան քով կանգնողը։
15 Անոնք իրեն ըսին. –Խենթեցե՞ր ես։ Իսկ անիկա աւելի կը պնդէր, թէ ճիշդ է ըսածը։ Այն ատեն ըսին. –Ուրեմն անոր հրեշտակն է։
16 Մինչ այդ, Պետրոս կը շարունակէր բաղխել։ Երբ բացին, տեսան զինք եւ ապշեցան։
17 Պետրոս ձեռքով նշան ըրաւ որ լռեն, եւ անոնց պատմեց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց։ Ապա ըսաւ. –Ասիկա Յակոբոսին եւ միւս հաւատացեալ եղբայրներուն պատմեցէք։ Եւ ինք ելաւ ուրիշ տեղ մը գնաց։
18 Երբ առաւօտ եղաւ, զինուորներուն մէջ մեծ իրարանցում մը ինկաւ, թէ արդեօք Պետրոսը ի՛նչ եղաւ։
19 Հերովդէս զայն փնտռել տուաւ, եւ երբ չգտան՝ հարցաքննութենէ ետք հրամայեց պահակները սպաննել։ Իսկ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց եւ հոն մնաց։
20 Հերովդէս թշնամութեամբ լեցուած էր Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն դէմ, որոնց պատգամաւորները միասնաբար եկան եւ արքունի սենեկապետ Վլաստոսը համոզելով՝ խաղաղութիւն խնդրեցին, որովհետեւ իրենց երկրին ուտեստեղէնի պարենաւորումը արքունիքէն կախում ունէր։
21 Որոշուած օրը, Հերովդէս իր թագաւորական զգեստը հագած՝ ատեան նստած էր եւ հրապարակաւ կը խօսէր անոնց հետ։
22 Ամբոխը կ՚աղաղակէր, ըսելով. –Մարդ մը չէ՛ խօսողը, այլ Աստուած։
23 Տեղնուտեղը Տիրոջ հրեշտակըհարուածեցզայն, քանի որ փառքը Աստուծոյ չվերագրեց։ Որդնալից եղաւ եւ այդպէս շունչը փչեց։
24 Իսկ Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ հաւատացեալներուն թիւը կը բազմանար։
25 Երբ Բառնաբաս ու Սօղոս իրենց յանձնուած պաշտօնը աւարտեցին, Երուսաղէմէն Անտիոք վերադարձան, իրենց հետ ունենալով նաեւ Յովհաննէսը, որ Մարկոս վերակոչուած էր։