Bible

Say Goodbye

To Clunky Software & Sunday Tech Stress!

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

Acts 11

:
Armenian - 2019
1 Հրէաստանմնացող առաքեալներնուհաւատացեալները լսեցին որ հեթանոսներ ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։
2 Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, հրէութենէ դարձող հաւատացեալները սկսան զինք մեղադրել,
3 ըսելով. –Ինչո՞ւ անթլփատ մարդոց տունը մտար եւ անոնց հետ հաց կերար։
4 Պետրոս սկսաւ կարգով պատմել անոնց, ըսելով.
5 Յոպպէքաղաքըկըգտնուէի։ Երբաղօթքկ՚ընէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ եւ տեսիլք մը ունեցայ։ Տեսայ մեծ սփռոցի նմանող բան մը, չորս ծայրերը երկինքէն կախուած, որ իջաւ եւ ինծի հասաւ։
6 Մինչ ապշած անոր կը նայէի, անոր մէջ տեսայ չորքոտանիներ, գազաններ, սողուններ եւ թռչուններ։
7 Լսեցի ձայն մը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Պետրո՛ս, ե՛լ, մորթէ՛ եւ կե՛ր»։
8 Ես ըսի. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր. մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծկամ անմաքուր բան մը մտնէ բերանս»։
9 Երկինքէն ձայնը կրկին հնչեց եւ ինծի ըսաւ. «Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր»։
10 Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ. ապա սփռոցն ու կենդանիները միասին երկինք քաշուեցան։
11 Եւ ահա նոյն պահուն երեք հոգիներ, որոնք Կեսարիայէն քովս ղրկուած էին, եկան կեցան այն տան առջեւ, ուր ես կը գտնուէի։
12 Սուրբ Հոգին ինծի ըսաւ, որ իրենց հետ երթամ առանց վարանելու։ Այս վեց եղբայրներն ալ հետս եկան, եւ գացինք մտանք Կոռնելիոսի տունը։
13 Անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսեր էր հրեշտակ մը, որ իր դիմաց կանգնելով՝ ըսեր էր. «Մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի.
14 անիկա Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը պիտի բերէ քեզի, որով դուն եւ ամբողջ տունդ պիտի փրկուիք»։
15 Հազիւ սկսեր էի խօսիլ՝ Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս որ նախապէս մեր վրայ իջաւ։
16 Այն ատեն յիշեցի Տիրոջ սա խօսքը, թէ՝ «Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց Աստուած ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։
17 Արդ, եթէ Աստուած միեւնոյն պարգեւը, որ մեզի տուած էր, անոնց ալ տուաւ՝ երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին, ես ինչպէ՞ս կրնայի արգելք ըլլալ Աստուծոյ։
18 Այս բացատրութիւնը լսելով՝ անոնք դադրեցան զինք մեղադրելէ, եւ զԱստուած փառաւորեցին, ըսելով. –Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ առիթ տուաւ, որ ապաշխարեն եւ կեանք ունենան։
19 Այն հաւատացեալները, որոնք Ստեփանոսի սպանութեան յաջորդած հալածանքին պատճառով զանազան կողմեր ցրուած էին, հասան մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, եւ Հրեաներէն դուրս ուրիշ ոչ ոքի կը խօսէին Քրիստոսի մասին։
20 Սակայն անոնցմէ ոմանք, որոնք Կիպրացի եւ Կիրենացի էին, երբ Անտիոք հասան՝ սկսան հեթանոսներուն ալ խօսիլ, Տէր Յիսուսը աւետարանելով։
21 Եւ Տէրը կ՚օգնէր անոնց։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին եւ Տիրոջ դարձան։
22 Այս մասին լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին, եւ Բառնաբասը ղրկեցին Անտիոք։
23 Սա երբ որ եկաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորը, որ ամբողջանուէր սրտով կապուած մնան Տիրոջ։
24 Եւ որովհետեւ Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն բարի մարդ մըն էր, մեծ բազմութիւն մը հաւատաց Տիրոջ։
25 Ապա Բառնաբաս Տարսոն գնաց Սօղոսը փնտռելու, եւ երբ գտաւ՝ զայն բերաւ Անտիոք,
26 ուր երկուքով լման տարի մը եղան այնտեղի եկեղեցիին հետ, մեծ թիւով ժողովուրդի ուսուցանելով։ Եւ առաջին անգամ այստեղ՝ Անտիոքի մէջ էր, որ Քրիստոսի հետեւորդները «քրիստոնեայ» կոչուեցան։
27 Այն օրերուն Երուսաղէմէն քանի մը մարգարէներ Անտիոք եկան։
28 Անոնցմէ մէկը, որ Ագաբոս կը կոչուէր, Սուրբ Հոգիէն թելադրուած՝ ելաւ յայտնեց թէ աշխարհի մէջ մեծ սով մը պիտի տիրէ. ինչ որ կատարուեցաւ Կլաւդիոս կայսրին օրով։
29 Անտիոքի հաւատացեալները որոշեցին՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով օգնութիւն ղրկել Հրէաստան բնակող եղբայրներուն.
30 եւ այդ օգնութիւնը արդարեւ կատարեցին, զայն Բառնաբասի եւ Սօղոսի ձեռքով եկեղեցւոյ երէցներուն ղրկելով։