Acts 10
1 1 Կեսպրիպյի մէջ Կոռնելիոս պնունով մպրդ մը կար, որ հարիւրապետ էր՝ հռոմէական բանակի «Իտալական» կոչուած գունդէն։
2 Ասիկա իր ամբողջ ընտանիքով բարեպաշտ էր եւ աստուածավախ. մեծապէս կ՚օգնէր Հրեայ ժողովուրդի աղքատներուն եւ տեւաբար կ՚աղօթէր Աստուծոյ։
3 Օր մը, կէսօրէ ետք ժամը երեքի ատենները, Կոռնելիոս տեսիլքի մը մէջ յստակօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ ներս մտաւ եւ ըսաւ. –Կոռնելիո՛ս։
4 Կոռնելիոս զարհուրանքով նայեցաւ անոր եւ հարցուց. –Ի՞նչ կայ, Տէ՛ր։ Եւ հրեշտակը ըսաւ. –Աստուած ընդունեց քու աղօթքներդ ու կատարած ողորմութիւններդ։
5 Ե՛լ, մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոն անունով մէկը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի։
6 Անիկա հիւրաբար իջած է Սիմոն անունով կաշեգործի մը տունը, որ ծովուն մօտն է։
7 Երբ իր հետ խօսող հրեշտակը մեկնեցաւ, Կոռնելիոս կանչեց իր ծառաներէն երկու հոգի եւ իրեն սպասաւորող զինուորներէն մէկը, որ բարեպաշտ մարդ մըն էր,
8 եւ ամէն ինչ անոնց պատմելէ ետք՝ Յոպպէ ղրկեց։
9 Յաջորդ օրը, մինչ անոնք ճամբայ ինկած՝ Յոպպէի կը մօտենային, Պետրոս կէսօր ատեն տանիք ելաւ աղօթելու։
10 Անօթեցաւ եւ ուտել կ՚ուզէր. եւ մինչ տնեցիները ճաշ կը պատրաստէին, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկաւ։
11 Տեսաւ՝ երկինքը բացուած, ուրկէ բան մը կ՚իջնէր, չորս ծայրերէն կապուած սփռոցի ձեւով, եւ կու գար գետնին վրայ կը հանգչէր։
12 Անոր մէջ աշխարհի բոլոր չորքոտանիներէն, գազաններէն, սողուններէն եւ թռչուններէն կային։
13 Պետրոս լսեց ձայն մը, որ իրեն կ՚ըսէր. –Ե՛լ, Պետրո՜ս, մորթէ՛ եւ կեր։ –
14 Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր,– պատասխանեց Պետրոս,– մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծ կամ անմաքուր բան մը ուտեմ։
15 Ձայնը կրկին անգամ ըսաւ իրեն. –Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր։
16 Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ, եւ ապա սփռոցը երկինք վերցուեցաւ։
17 Մինչ Պետրոս զարմացումով կը մտածէր, թէ արդեօք ի՛նչ կը նշանակէ իր տեսած այս տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսի կողմէ ղրկուած մարդիկը Սիմոնի տունը հարցնելով՝ եկան դրան առջեւ կեցան,
18 ձայն տուին եւ հարցուցին. –Սիմոն Պետրոս կոչուած մարդը այստե՞ղ կը մնայ։
19 Մինչ Պետրոս տակաւին տեսիլքին մասին կը խորհէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ իրեն. –Երեք հոգիներ եկած՝ քեզ կը փնտռեն։
20 Ե՛լ, վա՛ր իջիր եւ անոնց հետ գնա՝ առանց վարանելու, որովհետեւ ես ղրկեցի զանոնք։
21 Պետրոս վար իջաւ անոնց քով եւ հարցուց. –Ձեր փնտռած անձը ես եմ. ի՞նչ բանի համար եկեր էք։
22 Անոնք պատասխանեցին. –Մեզ ղրկողը Կոռնելիոս հարիւրապետն է, արդար եւ աստուածավախ մարդ մը, որուն մասին ամբողջ Հրեայ ժողովուրդը կը վկայէ։ Անիկա սուրբ հրեշտակէն հրաման ստացաւ՝ քեզ իր տունը կանչելու եւ քեզմէ լսելու ինչ որ պիտի ըսես։
23 Պետրոս զանոնք ներս հրաւիրեց եւ գիշերը իր քով պահեց։ Յաջորդ օր, Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց։ Իրեն ընկերացան նաեւ Յոպպէի հաւատացեալ եղբայրներէն ոմանք։
24 Միւս օրը Կեսարիա մտան, ուր Կոռնելիոս իր բոլոր ազգականներն ու մտերիմ բարեկամները հաւաքած՝ իրենց գալուն կը սպասէր։
25 Երբ Պետրոս տուն կը մտնէր, Կոռնելիոս զայն դիմաւորեց եւ անոր առջեւ խոնարհութիւն ընելով երկրպագութիւն ըրաւ։
26 Պետրոս զայն ոտքի հանեց, ըսելով. –Ոտքի՛ ել. ես ինքս ալ մարդ եմ։
27 Եւ անոր հետ խօսելով մտաւ ներս, ուր հաւաքուած բազմութիւնը տեսաւ
28 եւ ըսաւ անոնց. –Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ Հրեայի մը արտօնուած չէ շփում կամ յարաբերութիւն ունենալ օտարազգիի մը հետ։ Բայց Աստուած ինծի ցոյց տուաւ, որ ոեւէ մէկը պիղծ կամ անմաքուր պէտք չէ համարեմ։
29 Ուստի, երբ ետեւէս մարդ ղրկեցիք՝ ելայ եկայ առանց առարկելու։ Բայց հիմա կը հարցնեմ.– Ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս։
30 Կոռնելիոս պատասխանեց. –Չորս օր առաջ, մօտաւորապէս այս ժամուն, մինչ ժամը երեքի աղօթքը կ՚ընէի տունիս մէջ, ահա փայլուն զգեստներով մարդ մը կեցաւ դիմացս
31 եւ ըսաւ. «Կոռնելիո՛ս, Աստուած լսեց աղօթքներդ եւ տեսաւ կատարած ողորմութիւններդ։
32 Ե՛լ, մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի։ Անիկա հիւրաբար Սիմոն անունով կաշեգործի մը տունը կը մնայ, ծովուն մօտիկ։ Թող գայ եւ խօսի քեզի»։
33 Ես ալ անմիջապէս մարդ ղրկեցի քեզի, եւ շնորհակալ եմ որ եկար։ Հիմա մենք բոլորս Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած՝ պատրաստ ենք լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է քեզի։
34 Պետրոս սկսաւ ըսել. –Հիմա ճշմարտապէս կը հասկնամ, որ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ,
35 այլ բոլոր ազգերէն ալ կ՚ընդունի ոեւէ մէկը որ իրմէ կը վախնայ եւ արդար գործեր կը կատարէ։
36 Անիկա իր պատգամը ղրկեց Իսրայէլացիներուն, աւետելով այն խաղաղութիւնը՝ որ պիտի գար Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որ բոլորին Տէրն է։
37 Դուք արդէն գիտէք այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Գալիլեայէն սկսեալ ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Յովհաննէսի կողմէ քարոզուած մկրտութենէն ետք։
38 Կ՚ակնարկեմ Յիսուսի, որ Նազարէթէն էր. Աստուած զայն Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ օծեց, եւ անիկա շրջեցաւ՝ բարիք գործելով եւ Սատանային կողմէ տանջուածները բժշկելով, որովհետեւ Աստուած իր հետն էր։
39 Մենք վկայ ենք այն բոլորին, որ անիկա կատարեց Հրէաստան երկրին եւ Երուսաղէմի մէջ։ Զայն խաչափայտէն կախելով սպաննեցին.
40 բայց Աստուած երրորդ օրը յարուցանեց զայն եւ ուզեց որ անիկա երեւի
41 ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, այլ մեզի՝ վկաներուս, որ առաջուց ընտրուած էինք Աստուծմէ, եւ Յիսուսի հետ կերանք ու խմեցինք մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք։
42 Եւ Յիսուս մեզի պատուիրեց՝ ժողովուրդին քարոզել եւ վկայութիւն տալ, թէ ինքն է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները։
43 Բոլոր մարգարէները անոր մասին կը վկայեն, թէ անոր հաւատացողները իրենց մեղքերուն թողութիւն պիտի ստանան անոր անունով ։
44 Մինչ Պետրոս կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլորին վրայ, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսէին։
45 Հրէութենէ դարձած հաւատացեալները, որոնք Պետրոսի հետ Յոպպէէն եկած էին, զարմացան որ Սուրբ Հոգիին պարգեւը հեթանոսներուն եւս կը տրուի.
46 որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնք անծանօթ լեզուներով կը խօսէին եւ զԱստուած կը փառաբանէին։ Այն ատեն Պետրոս ըսաւ.
47 Ո՞վ կրնայ արգիլել որ ջուրով մկրտուին ասոնք, որոնք Սուրբ Հոգին ստացան մեզի պէս։
48 Եւ հրամայեց անոնց, որ Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուին։ Իսկ անոնք աղաչեցին իրեն, որ քանի մը օր այնտեղ մնայ։