2 Thessalonians 12019

1Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ մեր Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի։

2Թող Աստուած՝ մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։

3Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ՚աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ։

4Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն համբերութեան եւ հաւատքին համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ։

5Ձեր համբերութիւնն ու հաւատքը ապացոյցը պիտի ըլլան Աստուծոյ արդար դատաստանին, որովհետեւ դուք արժանի պիտի ըլլաք Աստուծոյ արքայութեան, որուն համար այդքան կը տանջուիք։

6Արդարեւ, Աստուծոյ համար արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզ չարչարողները տանջանքով պատժել,

7իսկ ձեզի՝ տանջուածներուդ՝ հանգիստ պարգեւել մեզի հետ միասին, երբ մեր Տէրը Յիսուս հրեշտակներու իր բանակով երկինքէն յայտնուի:

8Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին:

9Այն օրը, այդպիսիները յաւիտենական մահուամբ պիտի պատժուին, զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն եւ անոր փառաւոր զօրութենէն,

10երբ անիկա գայ իր սուրբերուն մէջ փառաւորուելու եւ բոլոր իրեն հաւատացողներուն հիացումին առարկան ըլլալու։ Այն օրը դո՛ւք ալ անոնց մէջ պիտի ըլլաք, որովհետեւ հաւատացիք մեր տուած վկայութեան։

11Ահա թէ ինչու՝ միշտ կ՚աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի Աստուած ձեզ արժանի ընէ այդ կոչումին, իր զօրութեամբ կատարէ ձեր բոլոր բարի փափաքները եւ արդիւնաւորէ ձեր հաւատքը,

12որպէսզի ձեզմով փառաւորուի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը, եւ դուք փառաւորուիք իրմով, մեր Աստուծոյն եւ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովը։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Thessalonians 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.