2 Thessalonians 22019

1Ինչ կը վերաբերի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին եւ անոր քով մեր հաւաքուելուն, կ՚աղաչեմ, եղբայրնե՛ր,

2թող շուտով ձեր միտքերը չպղտորին եւ տակնուվրայ չըլլաք, երբ լսէք թէ Տիրոջ Օրը եկած հասած է։ Մենք այդպիսի բան չենք ըսած, ո՛չ Հոգիին յայտնութեամբ, ո՛չ մեր քարոզութեամբ եւ ո՛չ ալ նամակներով, որպէս թէ մեր կողմէ գրուած։

3Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ ոեւէ ձեւով։ Որովհետեւ Տիրոջ Օրը պիտի չգայ՝ մինչեւ որ նախ չգայ Տիրոջ դէմ վերջին ապստամբութիւնը, եւ չյայտնուի անօրէնութեան մարմնացումը եղող մարդը, կորուստի սահմանուած

4հակառակորդը, որ պիտի ընդդիմանայ աստուած կոչուած եւ մարդոցմէ պաշտուած ոեւէ բանի։ Մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինքին համար պիտի յայտարարէ՝ թէ աստուած է։

5Չէ՞ք յիշեր որ այս բաները ըսի ձեզի, երբ տակաւին ձեր մօտ էի։

6Դուք լաւ գիտէք՝ թէ ի՛նչ բանն է որ չի ձգեր որ այդ հակառակորդը հիմա յայտնուի, մինչեւ ժամանակը գայ։

7Ներկայիս արդէն իսկ անօրէնութեան այդ խորհրդաւոր ոյժը գործի վրայ է. բայց պիտի չյայտնուի՝ մինչեւ որ անոր արգելք եղողը մէջտեղէն վերցուի։

8Միայն այն ատեն պիտի յայտնուի Անօրէնը, զոր Տէր Յիսուս պիտի սպաննէ իր բերնին շունչով եւ պիտի ոչնչացնէ իր յայտնութեամբը, իր գալստեան ատեն։

9Մինչ այդ, Անօրէնը, որ Սատանային ներգործութեամբ պիտի գայ, ամենայն զօրութեամբ կեղծ հրաշքներ եւ սքանչելիքներ պիտի կատարէ,

10եւ ամէն տեսակի չար խաբեբայութեամբ պիտի հրապուրէ անոնք՝ որ կորուստի ճամբուն մէջ են։ Քանի որ անոնք չսիրեցին եւ չընդունեցին ճշմարտութիւնը որ զիրենք պիտի փրկէր,

11Աստուած ալ մոլորութեան ազդեցութեան պիտի ենթարկէ զանոնք, որպէսզի ստութեան հաւատան։

12Այսպիսով պիտի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որոնք չհաւատացին ճշմարտութեան, այլ՝ անիրաւութիւն գործելուն մէջ փնտռեցին իրենց հաճոյքը։

13Բայց մենք միշտ Աստուծոյ գոհութիւն պէտք է յայտնենք ձեզի համար, եղբայրներ, որովհետեւ Տէրըսիրեց ձեզ։ Աստուած ձեզ ընտրեց՝ որպէս փրկութեան առաջին պտուղները, որպէսզի իր սուրբ ժողովուրդը ըլլաք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ ճշմարտութեան հաւատալով։

14Աստուած ձեզ այդ փրկութեան հրաւիրեց մեր քարոզած Աւետարանով, որպէսզի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառքը ունենաք։

15Ուստի, եղբայրներ, հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները որ սորվեցաք մեզմէ, ըլլա՛յ խօսքով, ըլլա՛յ նամակով։

16Եւ մեր Տէրը ինք՝ Յիսուս Քրիստոս, եւ Աստուած՝ մեր Հայրը, որ մեզ սիրեց եւ իբրեւ շնորհք՝ մնայուն մխիթարութիւն մը եւ հաստատուն յոյս մը տուաւ մեզի,

17թող սրտապնդեն եւ զօրացնեն ձեզ, որպէսզի միշտ խօսիք ու գործէք ինչ որ բարի է։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 2 Thessalonians 2.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.