1 Thessalonians 52019

1Բայց ինչ կը վերաբերիայս եղելութեանց ժամին ու ժամանակին, պէտք չեմ զգար ձեզի ոեւէ բան գրելու,

2որովհետեւ անձամբ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ճիշդ ինչպէս գողը չսպասուած ժամուն կու գայ, այնպէս ալ Տիրոջ Օրը չսպասուած ժամուն պիտի գայ։

3Երբ որ մարդիկ ըսեն՝ «Հանգիստ ենք եւ ապահով», ճիշդ այն ատեն՝ յանկարծակի վրայ պիտի հասնի կործանումը, ինչպէս երկունքը յանկարծ կը բռնէ յղի կինը, եւ ազատում պիտի չունենան։

4Բայց դուք, եղբայրնե՛ր, դուք խաւարին մէջ չէք, որ Տիրոջ Օրը գողին պէս ձեզ անակնկալի բերէ։

5Որովհետեւ դուք բոլորդ լոյսի որդիներ էք, ցերեկի որդիներ։ Գիշերին չենք պատկանիր, ո՛չ ալ խաւարին։

6Հետեւաբար քունով չտարուինք ուրիշներուն նման, այլ՝ արթուն եւ զգաստ ըլլանք,

7որովհետեւ քնացողները գիշերն է որ կը քնանան, գինովցողներն ալ գիշերն է որ կը գինովնան։

8Բայց մենք, քանի ցերեկին կը պատկանինք՝ պատրաստ ըլլանք, հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագած, եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դրած մեր գլխուն։

9Որովհետեւ Աստուած մեզ չէ՛ ընտրած որպէսզի իր բարկութեան առարկան դառնանք, այլ՝ որպէսզի իր փրկութիւնը ժառանգենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։

10Արդարեւ, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի մենք իրմով կենդանի ըլլանք, իր գալուստին ատեն ողջ ըլլանք թէ մեռած։

11Հետեւաբար՝ քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք, ինչպէս արդէն կ՚ընէք։

12Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ գնահատէք եւ յարգէք անոնք՝ որոնք ձեզի համար կ՚աշխատին, եւ Տիրոջ կողմէ ձեզի առաջնորդ կարգուած ըլլալով՝ կը խրատեն ձեզ։

13Արժանի ամէն յարգանք ընծայեցէք անոնց եւ սիրեցէ՛ք զանոնք, իրենց տարած գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք։

14Կը խնդրենք, եղբայրներ, խրատեցէ՛ք անկարգութեամբ ապրողները, յուսադրեցէ՛ք վհատածները, պաշտպան եղէք տկարներուն, համբերատար եղէք բոլորին հանդէպ։

15Նայեցէք որ ոեւէ մէկը չարիք ընողին չարիք չհատուցանէ. այլ ջանացէք միշտ բարիք ընել՝ ըլլա՛յ իրարու, ըլլա՛յ բոլորին։

16Միշտ ուրախ եղէք,

17անդադար աղօթեցէք։

18Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա՛ կը սպասէ ձեզմէ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք։

19Սուրբ Հոգիին կրակը մի՛ մարէք ձեր մէջ։

20Մի՛ արհամարհէք մարգարէական պատգամները։

21Ամէն բան քննեցէք, բարիին կառչեցէք։

22Ամէն տեսակի չարիքէ հեռո՛ւ կեցէք։

23Եւ Աստուած ինք, որ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, թող կատարելապէս սրբէ ձեզ, եւ ձեր ամբողջ էութիւնը՝ հոգի, շունչ եւ մարմին, անարատ պահէ մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալստեան Օրը։

24Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ այդ նպատակով ձեզ հրաւիրեց եւ պիտի կատարէ իր խոստումը։

25Եղբայրնե՛ր, մեզի համար ալ աղօթեցէք։

26Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք բոլոր եղբայրները։

27Տիրոջ անունով կը խնդրեմ, որ այս նամակը կարդաք բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն ներկայութեան։

28Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 1 Thessalonians 5.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.