1Ես, Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կորնթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ ամբողջ Աքայիայի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուդ։
2Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։
3Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ
4ու կը զօրացնէ մեզ՝ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծմէ մեր վայելած օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը տալ անոնց՝ որոնք ամէն տեսակի նեղութեանց մէջ են։
5Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ՚ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ՚ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի։
6Մենք նեղութեանց կ՚ենթարկուինք՝ ձեզի օգնելու եւ Աստուծոյ փրկութիւնը ձեզի բերելու համար. եւ եթէ Աստուած կ՚օգնէ մեզի՝ կրկին ձեզի օգնելու համար է, որպէսզի մեր օրինակով սորվիք, թէ Աստուած ձեզ ալ պիտի զօրացնէ՝ որ համբերութեամբ կարենաք տանիլ այն չարչարանքները որ մենք հիմա կը կրենք։
7Ուստի ձեր վրայ հաստատուն յոյս ունինք, գիտնալով որ՝ քանի մեր չարչարանքներուն մասնակից էք՝ մեր ունեցած մխիթարութեան ալ մասնակից պիտի ըլլաք։
8Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ ի՜նչ նեղութիւն կրեցինք Ասիա նահանգին մէջ։ Մեր կարողութենէն ա՛յնքան վեր էր բեռը, որ գրեթէ ապրելու յոյսը կորսնցուցինք։
9Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ։ Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները։
10Ա՛ն էր որ այդպիսի ահաւոր մահուընէ մը փրկեց մեզ, կը փրկէ, եւ վստահ ենք որ յառաջիկային եւս պիտի փրկէ՝
11մեզի համար ձեր կատարած աղօթքներուն օգնութեամբ։ Եւ ձեր աղօթքները, որոնց շնորհիւ Աստուած իր հովանին անպակաս պիտի ընէ մեր վրայէն, պատճառ պիտի ըլլան որ շատեր մեզի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ։
12Պարծանքով կրնամ ըսել, եւ խիղճս ալ կը վկայէ, որ բոլորին հանդէպ ու մանաւանդ ձեզի հանդէպ եղած եմ պարզ ու անկեղծ, ինչպէս Աստուած կը կամենայ. ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէ մղուած, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքովը։
13Նամակներուս մէջ ալ ձեր կարդացածէն ու հասկցածէն տարբեր բան մը չէ որ կը գրեմ ձեզի։ Եւ թէպէտ ներկայիս միայն մասնակիօրէն կը հասկնաք զիս, բայց յուսով եմ որ հետզհետէ ամբողջապէս պիտի հասկնաք.
14այնպէս որ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը ձեր պարծանքը պիտի ըլլամ, ինչպէս դուք՝ իմ պարծանքս։
15Այս վստահութեամբ ալ ծրագրած էի նախ ձեզի գալ, որպէսզի կրկին անգամ Աստուծոյ շնորհքը ընդունիք,
16եւ ձեր վրայով անցնիլ Մակեդոնիա. ապա կրկին Մակեդոնիայէն ձեզի հանդիպիլ եւ ձեր օգնութեամբ մեկնիլ Հրէաստան:
17Բայց եթէ չիրականացաւ ինչ որ ծրագրած էի, կը կարծէ՞ք որ թեթեւութեամբ շարժեցայ. կամ կը խորհիք թէ անսկզբունք մարդու մը պէ՞ս որոշումներ կ՚առնեմ, որուն ո՛չ Այոն Այո է եւ ոչ ալ Ոչը՝ Ոչ։
18Աստուած վկայ է՝ որ ձեր մէջ կատարած մեր քարոզութիւնը երկդիմի չեղաւ երբեք։
19Որովհետեւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս եւս, որ մենք՝ ես, Սիղուանոսը եւ Տիմոթէոսը ձեզի քարոզեցինք, աշխարհին տրուած Այո եւ Ոչ չէր, այլ՝ Աստուծոյ Այոն եղաւ։
20Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն Այոն է։ Ահա թէ ինչու, մենք Քրիստոսը ընդունելով՝ Աստուծոյ Այո–ին « Ամէն » կ՚ըսենք, իր փառքին համար։
21Եւ Աստուած ինքն է որ մեզ եւ ձեզ Քրիստոսով հաստատունկը պահէ։ Ինքն է որ մեզ օծեց
22եւ իր կնիքը դրաւ մեր վրայ, մեզի տալով Սուրբ Հոգին՝ իբրեւ գրաւական մեր ստանալիք ժառանգութեան։
23Աստուածվկայէըսածիս, ինք՝որկըճանչնայ իմ սիրտս, որ եթէ Կորնթոս չեկայ՝ ձեզի խնայելու համար էր որ չեկայ։
24Եւ ձեր համոզումները փոխելու համար չէ՛ որ ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ գիտեմ թէ ձեր համոզումներուն մէջ հաստատ կը մնաք. այլ կ՚ուզեմ օգնել, որ ձեր ուրախութիւնը գտնէք։