1Հետեւաբար, ես ինքս որոշեցի Կորնթոս չգալ, որ–պէսզի դարձեալ չտրտմեցնեմ ձեզ։
2Որովհետեւ եթէ ես ձեզ տրտմեցնեմ՝ ալ ո՞վ զիս պիտի ուրախացնէ. չէ՞ որ նոյնինքն իմ տրտմեցուցած անձերս պիտի ըլլան զիս ուրախացնողները։
3Եւ այս նամակս գրեցի, որովհետեւ կ՚ուզէի որ գալուս՝ միայն ուրախանամ ձեզմով, եւ ո՛չ թէ տրտմիմ, վստահ ըլլալով՝ որ իմ ուրախութիւնս ձեր բոլորին ուրախութիւնն է։
4Իրապէս ալ, սիրտս մեծ վիշտով ու նեղութեամբ լեցուած էր, եւ աղի արցունքով գրեցի զայն, ո՛չ թէ որպէսզի տրտմիք, այլ որպէսզի գիտնաք այն անսահման սէրը որ ունիմ ձեզի հանդէպ։
5Գալով անոր՝ որ տրտմութեան պատճառ եղաւ, միայն զիս չէր որ տրտմեցուց, այլ՝ եթէ ոչ բոլորդ՝ գոնէ ձեզմէ ոմանք. ոմանք կ՚ըսեմ, որպէսզի չափազանցած չըլլամ։
6Բայց արդէն անոր կը բաւէ այն պատիժը որ ձեզմէ շատերէն կրեց։
7Այսուհետեւ՝ ընդհակառակը՝ աւելի պէտք է ներել եւ յուսադրել զինք, որպէսզի չըլլայ որ չափազանց տրտմութենէն յուսահատութեան մատնուի։
8Ուստի կ՚աղաչեմ, որ վերստին սէր ցոյց տաք իրեն։
9Նամակս գրած էի՝ ձեզ փորձելու համար. տեսնելու թէ իսկապէս հնազա՞նդ էք։
10Եթէ դուք կը ներէք իրեն՝ ես ալ կը ներեմ. որովհետեւ ես ալ երբ ոեւէ բան կը ներեմ՝ ձեզի համար կը ներեմ, Քրիստոսի փոխարէն,
11որպէսզի չըլլայ որ Սատանան մեր աններողութիւնը օգտագործէ. որովհետեւ անոր խորհուրդները լաւ գիտենք։
12Երբ Տրովադա հասայ, Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու համար, Տէրը իմ առջեւս յաջողութեան դուռը բացաւ։
13Բայց ես չափազանց մտահոգ էի, որովհետեւ հոն չգտայ Տիտոսը, մեր եղբայրը։ Ուստի Տրովադացիներէն հրաժեշտ առնելով՝ Մակեդոնիա հասայ։
14Արդ, գոհութիւն Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ մեզ, եւ մեր միջոցաւ իր գիտութեան բոյրը կը տարածէ ամենուրեք։
15Փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն մէջ ապրինք, թէ՝ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն, մեր կեանքերը Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ ընծայուած անուշահոտ խունկի պէս իրենց բոյրը կը տարածեն։
16Կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ մահաբոյր եւ մահաբեր կը թուի մեր կեանքը, բայց փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ կեանքի բուրմունք է, կեանքի տանող։ Սակայն ո՞վ կրնայ այսպիսի կեանք մը ապրիլ։
17Անշուշտ ո՛չ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը վաճառքի կը հանեն, այլ՝ մենք, որ անկեղծօրէն կը խօսինք Աստուծոյ առջեւ՝ որպէս Քրիստոսի միացած Աստուծոյ պատգամաւորները։