1Ինչ կըվերաբերի Երուսաղէմիհաւատացեալներուն համար կատարուելիք հանգանակութեան, դո՛ւք ալ ըրէք այն՝ ինչ որ Գաղատիայի եկեղեցիներուն պատուիրեցի։
2Ամէն Կիրակի ձեզմէ իւրաքանչիւրը պզտիկ խնայողութիւն մը թող մէկ կողմ դնէ, իր կարողութեան չափով, որպէսզի հանգանակութիւնը գալէս ետք չըլլայ,
3այլ երբ գամ՝ յանձնարարական նամակներ տամ եւ Երուսաղէմ ղրկեմ ձեր ընտրած մարդիկը, որպէսզի ձեր նուէրները տանին։
4Իսկ եթէ իմ երթալս ալ յարմարի՝ հետս կ՚երթան։
5Երբոր Մպկեդոնիպ պնցնիմ՝ ձեր մօտ ալ պիտի գամ։ Արդարեւ Մակեդոնիայէն պիտի անցնիմ։
6Հաւանաբար քիչ մը ձեր մօտ մնամ. թերեւս ձմեռն ալ հոդ անցընեմ, որպէսզի յետոյ ձեր օգնութեամբ երթամ ուր որ երթալիք ըլլամ։
7Այս անգամ չեմ ուզեր անցողակի տեսնել ձեզ. յուսով եմ որ ժամանակ մը կը մնամ ձեր մօտ, եթէ Տէրը թոյլ տայ։
8Հիմակուհիմա Եփեսոս կը մնամ, մինչեւ Պենտէկոստէի տօնը,
9որովհետեւ աշխատանքի շատ մեծ եւ կարեւոր պատեհութիւն մը բացուած է դիմացս, թէպէտ հակառակորդները շատ են։
10Երբ Տիմոթէոսը գայ, այնպէս ըրէք՝ որ չվախնայ ձեր մօտ մնալու։ Ան ալ Տիրոջ համար կ՚աշխատի, ինծի պէս.
11հետեւաբար չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը զինք արհամարհէ։ Զայն խաղաղութեամբ հոս՝ քովս ղրկեցէք, որովհետեւ այստեղի հաւատացեալ եղբայրներով միասին իրեն կը սպասեմ։
12Գալով Ապողոս եղբօր, շատ խնդրեցի որ հաւատացեալ քանի մը եղբայրներով ձեր մօտ գայ. բայց չուզեց հիմա գալ։ Յարմար առիթով մը պիտի գայ սակայն։
13Արթուն եղէք, հաստատուն մնացէք ձեր հաւատքին վրայ. քաջ եղէք, զօրացէք։
14Ինչ որ կ՚ընէք՝ սիրով ըրէք։
15Գիտէք Ստեֆանասը, որ Աքայիա նահանգին մէջ Քրիստոսի առաջին հաւատացողն է, եւ իր ընտանիքի անդամները, որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրեցին։ Կ՚աղաչեմ, եղբայրնե՛ր,
16որ հնազանդիք այնպիսիներուն եւ անոնց բոլոր գործակիցներուն ու ծառայակիցներուն։
17Ուրախացայ՝ երբ Ստեֆանասը, Ֆորտունատոսն ու Աքայիկոսը եկան։ Ձեր լուրերը իրենցմէ առի,
18եւ միտքս հանգստացաւ, ինչպէս հիմա ձեր միտքն ալ հանգստացաւ։ Յարգեցէ՛ք այդպիսիները։
19Ասիա նահանգի եկեղեցիները բարեւ ունին ձեզի։ Շատ բարեւ ունին նաեւ Ակիլասն ու Պրիսկան, որոնք Տիրոջ հաւատացողներ են, եւ ամբողջ եկեղեցին որ անոնց տունը կը հաւաքուի։
20Բոլոր հաւատացեալ եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։ Դուք ալ իրար ողջունեցէք սուրբ համբոյրով։
21Ես՝ Պօղոս, այս բարեւը իմ ձեռքովս կը գրեմ։
22Ով որ Տէր Յիսուսը չի սիրեր՝ նզովեալ ըլլայ։ Մարան աթա. Տէրը շուտով կու գայ։
23Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։
24Իմ սէրս ալ ձեզի հետ ըլլայ. բոլորիդ՝ որ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանիք։ Ամէն։