1Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ ձեզի յիշեցնել այն Աւետարանը որ իմ քարոզութեամբս ընդունեցիք եւ որուն հաւատարիմ կը մնաք։
2Այդ Աւետարանով ալ կը փրկուիք, եթէ զայն պահէք այնպէս՝ ինչպէս ես ձեզի քարոզեցի. այլապէս զուր տեղ հաւատացած կ՚ըլլաք։
3Ես ձեզի փոխանցեցի այն հաւատքը որ նախ ե՛ս ընդունեցի. այն՝ որ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, ինչպէս Սուրբ գիրքերը կ՚ըսէին,
4թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, դարձեալ Սուրբ գիրքերուն համաձայն,
5ու երեւցաւ Պետրոսին եւ ապա տասնըմէկ առաքեալներուն ։
6Յետոյ երեւցաւ միատեղ խմբուած հինգ հարիւրէ աւելի հետեւորդներու. թէպէտեւ անոնցմէ ոմանք մեռած են, բայց շատերը ողջ են տակաւին։
7Այնուհետեւ երեւցաւ Յակոբոսին եւ ապա բոլոր առաքեալներուն։
8Ի վերջոյ, բոլորէն յետոյ երեւցաւ նաեւ ինծի, վիժածիս։
9Արդարեւ, առաքեալներուն մէջ յետինն եմ ես եւ արժանի իսկ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։
10Բայց հիմա ինչ որ եմ՝ Աստուծոյ շնորհքին կը պարտիմ. եւ կրնամ ըսել՝ թէ Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքը ապարդիւն չեղաւ, որովհետեւ բոլոր առաքեալներէն աւելի ե՛ս աշխատեցայ, թէպէտ ինչ որ ըրի՝ ես չըրի, այլ իմ մէջս գործող Աստուծոյ շնորհքը։
11Սակայն կարեւոր չէ՝ ե՞ս քարոզեցի թէ միւս առաքեալները. որովհետեւ բոլորիս ալ քարոզածը նոյն Աւետարանն է, որուն դուք հաւատացիք։
12Արդ, քանի մենք կը քարոզենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեր մէջէն ոմանք կ՚ելլեն ըսելու՝ թէ «Մեռելներու յարութիւն չկայ»։
13Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած.
14եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը։
15Այդ պարագային մենք Աստուծոյ համար սուտ վկայած կ՚ըլլանք, քանի վկայեցինք՝ թէ Աստուած Քրիստոսը յարուցանեց. մինչդեռ եթէ ընդունինք թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ըսած կ՚ըլլանք նաեւ՝ թէ Աստուած Քրիստոսը չյարուցանեց։
16Որովհետեւ երբ կ՚ըսենք՝ «Մեռելները յարութիւն չեն առներ», Քրիստոսի յարութիւնն ալ մերժած կ՚ըլլանք։
17Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք։
18Ուրեմն ի՞նչ. անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան՝ կորսուա՞ծ են ընդմիշտ։
19Եթէ այդպէս է, եւ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ ամենէն խղճալիներն ենք։
20Բայց ո՛չ. Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան։
21Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը։
22Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան։
23Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգին։ Այժմ երախայրիքը՝ Քրիստոս, իսկ իր երկրորդ գալուստին՝ բոլոր իրեն պատկանողները.
24որմէ ետք պիտի գայ վախճանը, երբ Քրիստոս թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Հօր Աստուծոյ, ոչնչացնելէ ետք ոգեղէն աշխարհի չար իշխանութիւնները, պետութիւնները եւ զօրութիւնները։
25Որովհետեւ Քրիստոս պիտի թագաւորէ՝ մինչեւ որ Աստուած բոլոր թշնամիները անոր ոտքերուն տակ դնէ իբրեւ պատուանդան։
26Վերջին թշնամին որ պիտի բնաջնջուի՝ Մահը պիտի ըլլայ։
27Այդպիսով պիտի կատարուի մարգարէութիւնը, թէ «Աստուած ամէն բան անոր ենթարկեց»։ Բայցանշուշտ երբ կ՚ըսէ՝ «ամէն բան անոր ենթարկած է», յստակօրէն կը հասկնանք՝ «ամէն ինչ» բացի Աստուծմէ, որ ամէն բան անոր ենթարկեց։
28Իսկ երբ ամէն բան ենթարկուի Որդիին, այն ատեն Որդին ալ ինքզինք պիտի ենթարկէ Աստուծոյ, որ ամէն բան իրեն ենթարկեց, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէն բանի մէջ։
29Եթէ մեռելներըբնաւալյարութիւնպիտիչառնեն, հապա ի՞նչ է որ կ՚ընեն անոնք՝ որ մեռելներուն փոխարէն կը մկրտուին. ինչո՞ւ ուրեմն կը մկրտուին անոնց փոխարէն։
30Իսկ մե՞նք. ինչո՞ւ կը շարունակենք նեղութիւններ կրել։
31Ամէն օր ես ինքզինքս մահուան վտանգին կ՚ենթարկեմ, եղբայրնե՛ր. վկայ էք դուք՝ իմ պարծանքս, որ մեր Տիրոջ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանիք։
32Եթէ իբրեւ ոեւէ մարդ մտածէի՝ ի՞նչ պէտք ունէի «գազան» ներու դէմ կռուելու այստեղ, Եփեսոսի մէջ։ Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ՝ ուրեմն «Ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք», ինչպէս մարդիկ յաճախ կ՚ըսեն։
33Ո՛չ, եղբայրնե՛ր. չխաբուի՛ք։ «Չար ընկերը լաւ նկարագիրը կը խաթարէ»։
34Սթափեցէք եւ արդար կեանք վարեցէք. մի՛ մեղանչէք։ Դեռ ձեզմէ շատեր զԱստուած չեն ճանչցած։ Ասիկա կ՚ըսեմ՝ որ ամչնաք։
35Բայց մէկը կրնայ հարցնել. «Ի՞նչպէս յարութիւն կ՚առնեն մեռելները. կամ ի՞նչպիսի մարմինով պիտի գան»։
36Լսէ՛, անմի՛տ։ Նախ, երբ սերմնահատիկ մը ցանես՝ հատիկը չի բուսնիր մինչեւ չմեռնի։
37Եւ յետոյ, սերմանածդ պարզ հատիկ մըն է, ցորենի կամ ուրիշ սերմերու, եւ ո՛չ թէ այն հասկը որ պիտի ծլի։
38Աստուած այդ հատիկին մարմին մը կու տայ, ինչպէս որ ինք կը կամենայ. բայց սերմերէն իւրաքանչիւրին՝ իրեն յատուկ մարմինը կու տայ։
39Անշուշտամէն մարմին նոյնը չէ։ Մարդոց մարմինը ուրիշ է, կենդանիներուն մարմինը՝ ուրիշ. թռչուններուն մարմինը ուրիշ է, ձուկերուն մարմինը՝ ուրիշ։
40Կան նաեւ երկնաւոր մարմիններ ու երկրաւոր մարմիններ. սակայն ուրի՛շ է երկնաւոր մարմիններու շքեղութիւնը, եւ ուրիշ՝ երկրաւոր մարմիններու շքեղութիւնը։
41Ուրիշ է արեւուն շքեղութիւնը, ուրիշ՝ լուսինին շքեղութիւնը, եւ դեռ ուրիշ՝ աստղերուն շքեղութիւնը։ Եւ նոյնիսկ աստղերէն ոմանք աւելի շքեղ են քան միւսները։
42Ճիշդ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեռելներու յարութիւնը։ Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ անեղծ.
43հող կը դրուի անարգ, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ փառաւոր. հող կը դրուի տկար, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրաւոր.
44հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին, եւ յարութիւն կ՚առնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին։ Ինչպէս որ շնչաւոր մարմին կայ, այնպէս ալ հոգեւոր մարմին կայ։
45Սուրբ գիրքին մէջ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ, ստեղծուեցաւ իբրեւ շնչաւոր էակ», մինչ երկրորդ Ադամը՝ կենդարար հոգի է։
46Արդ, շնչաւոր մարմինը նուազ կարեւոր է, քան հոգեւորը. ատոր համար ալ նախ շնչաւորը կու գայ եւ յետոյ հոգեւորը։
47Առաջին մարդը երկրէն էր եւ հողեղէն, մինչ երկրորդ մարդը՝ մեր Տէրը, երկինքէն է։
48Ինչպէս որ էր հողեղէնը, նոյնպէս ենք բոլոր հողեղէններս. եւ ինչպէս որ է երկնաւորը՝ նոյնպէս պիտի ըլլան բոլոր երկնաւորները։
49Այսինքն, ինչպէս որ կը կրենք հողեղէն Ադամին պատկերը, այնպէս պիտի կրենք նաեւ երկնաւոր Ադամին պատկերը։
50Ըսել կ՚ուզեմ թէ, եղբայրնե՛ր, մարմինն ու արիւնը իրենց ներկայ վիճակով չե՛ն կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել. եղծանելին չի կրնար անեղծութիւնը ժառանգել։
51Հիմա ձեզի ծածուկ խորհուրդ մը յայտնեմ։ Բոլորս չէ՛ որ պիտի մեռնինք.
52բայց երբ վերջին փողը հնչէ՝ ամէնքս ալ յանկարծ պիտի նորոգուինք ակնթարթի մը մէջ։ Որովհետեւ փողը պիտի հնչէ եւ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն անեղծ մարմիններով, եւ մենք պիտի նորոգուինք։
53Որովհետեւ մեր այս եղծանելի բնութիւնը պէտք է անեղծ բնութեան փոխուի. այս մահկանացու բնութիւնը պէտք է անմահ բնութեան փոխակերպուի։
54Եւ երբ մեր այս եղծանելի բնութիւնը անեղծ բնութեան փոխուի, եւ այս մահկանացու բնութիւնը անմահ բնութեան փոխակերպուի, այն ատեն պիտի իրականանայ գրուած մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ.– «Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ»։
55«Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ»։
56Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ոյժը Օրէնքէն կ՚առնէ։
57Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
58Ուստի, սիրելի՛ եղբայրներս, ամուր եւ հաստատուն մնացէք, միշտ աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար, գիտնալով որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ։