1Արդ, ամէնբանէառաջկըխնդրեմորաղօթէք, խնդրանք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար,
2մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող բոլոր մարդոց համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարենք՝ կատարեալ աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ.
3որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը,
4որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին,
5թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Քրիստոս Յիսուս մարդը,
6որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար։ Ատոր վկայութիւնը Աստուած տուաւ իր ատենին,
7եւ նոյն այդ վկայութիւնը տալու համար է որ ես ալ քարոզիչ եւ առաքեալ կարգուեցայ, քրիստոնէական հաւատքը եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար բոլոր հեթանոսներուն ։ Եւ Քրիստոս ինք վկայ է՝ թէ ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ, առանց ստելու։
8Կ՚ուզեմ որ ամենուրեք, երբ այր մարդիկ աղօթքի կանգնին՝ Աստուծոյ բարձրացուցած իրենց ձեռքերը արդար գործերով լեցուն ըլլան, եւ ո՛չ թէ վրէժխնդրութեամբ եւ անիրաւութեամբ։
9Նոյնպէս կ՚ուզեմ որ կիներ իրենք զիրենք զարդարեն խոնարհութեան զարդերով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ։ Ո՛չ թէ մազերու յարդարանքով կամ ոսկեղէնով, մարգարիտներով կամ սուղ զգեստներով,
10այլ՝ բարի գործերով, ինչպէս որ աստուածպաշտութեամբ ապրիլ յանձն առած կիներուն կը վայելէ։
11Եկեղեցական հաւաքոյթներուն՝ կիներ պէտք է սորվող ըլլան միայն, լռութեամբ եւ կատարեալ հնազանդութեամբ։
12Չեմ արտօներ որ կին մը այր մարդուն սորվեցնէ կամ հեղինակութիւն բանեցնէ անոր վրայ։ Ընդհակառակը, պէտք է լուռ մնայ,
13որովհետեւ նախ Ադամ էր որ ստեղծուեցաւ, եւ յետոյ միայն Եւա։
14Եւ յետոյ, Ադամ չէր որ խաբուեցաւ, այլ՝ կինն էր որ խաբուելով յանցանքի մէջ ինկաւ։
15Բայց եւ այնպէս՝ կինն ալ կը փրկուի զաւակներ ծնելուն համար, եթէ ապրի պարկեշտութեամբ, հաւատքով, սիրով եւ սրբութեամբ ։