1Ես՝ Պօղոս, որ Քրիստոս Յիսուսի առաքեալն եմ՝ մեր փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի հրամանով,
2քեզի՛ կը գրեմ, հաւատքի հարազատ որդիս, Տիմոթէոս։ Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի։
3Երբ Մակեդոնիա կ՚երթայի, խնդրեցի որ Եփեսոս մնաս եւ խօսիս քանի մը հոգիներու, որպէսզի դադրին օտար վարդապետութիւններ ուսուցանելէ
4եւ չզբաղին սկիզբ ու վերջ չունեցող առասպելներով եւ ազգահամարներով, որոնք վէճերու դուռ կը բանան, փոխանակ օգնելու մարդոց հաւատքին եւ Աստուծոյ ծրագրին իրականացման։
5Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բղխած սէրը։
6Շատեր այս պատուէրները մոռցած, դատարկ վիճաբանութեանց մէջ մտնելով՝
7մեզի Օրէնք սորվեցնելու ելեր են, մինչդեռ ո՛չ իրենց խօսածը գիտեն, ո՛չ ալ Աստուծոյ Օրէնքը, որուն մասին այնքան վստահութեամբ կը ճառեն։
8Գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւով գործադրուի։
9Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ, այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայր անարգողներուն, մարդասպաններուն,
10պոռնկութիւն ընողներուն, արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմ փոխանցած առողջ ուսուցումներուս.
11պատուէրներու, որոնք համաձայն են երանելի Աստուծոյ փառքը պատմող Աւետարանին, որ ես հաւատարմօրէն քարոզեցի։
12Երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսի, որ զօրացուց զիս եւ արժանի համարեց իրեն սպասաւոր կարգելու.
13զիս՝ որ նախապէս կը հայհոյէի իրեն, կը հալածէի եւ կ՚անարգէի զինք։ Բայց ինք ողորմութիւն ցոյցտուաւ ինծի, որովհետեւ առանց գիտնալու կ՚ընէի, երբ տակաւին չէի հաւատացած իրեն։
14Մեր Տէրը իր շնորհքով ողողեց զիս, տալով այն հաւատքն ու սէրը որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացածներս ունինք։
15Մէկ բան որոշ է, եւ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու համար. եւ առաջին մեղաւորը ես եմ։
16Բայց Աստուած ողորմութիւն ցոյց տուաւ ինծի՝ որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի նախ ինծի հանդէպ ցուցաբերած անսահման համբերատարութիւնը օրինակ ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը հաւատան՝ յաւիտենական կեանքը ունենալու համար։
17Իրեն՝ յաւիտենական Թագաւորին, անմահ եւ անտեսանելի միակ Աստուծոյն, պատիւ եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։
18Որդեա՛կս, Տիմոթէոս, հետեւեալ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որ սկիզբէն քեզի համար եղած մարգարէական պատգամները միտքէդ չհանես, այլ անոնցմով զինուիս եւ բարի զինուորութիւն ընես,
19հաւատքդ եւ խիղճդ մաքուր պահելով։ Շատեր իրենց խղճին չանսալով՝ իրենց հաւատքը կործանեցին։
20Անոնցմէ են Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, որոնք Սատանային կամքին ձգեցի, որպէսզի իրենց պատիժը կրելով՝ սորվին Աստուծոյ չհայհոյել ։