1 Timothy 32019

1Մէկ բան որոշ է, որ եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարիգործի է որ կը ցանկայ։

2Արդ, եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ. մէկ կնոջ ամուսին, զուսպ, զգաստ, մեղմաբարոյ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու ատակ։

3Պէտք չէ գինեմոլ ըլլայ, ո՛չ ալ կոպիտ, այլ՝ ազնիւ. ո՛չ կռուազան եւ ո՛չ ալ դրամասէր։

4Իր սեփական ընտանիքին լաւ վերակացութիւն ընող պէտք է ըլլայ. եւ ունենայ զաւակներ՝ որոնք իրեն հնազանդ ըլլան ամենայն ակնածանքով։

5Այլապէս, եթէ իր սեփական ընտանիքին վերակացու չի կրնար ըլլալ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ Աստուծոյ եկեղեցիին հոգ տանիլ։

6Պէտք չէ հաւատքի մէջ նորադարձ մը ըլլայ, որպէսզի չըլլայ որ հպարտանալով՝ դատապարտութեան տակ իյնայ Սատանային պէս։

7Այլ՝ պէտք է լաւ անուն ունենայ նոյնիսկ ոչ–քրիստոնեայ մարդոց մէջ, որպէսզի չըլլայ որ նախատանքի առարկայ դառնայ եւ Սատանային լարած թակարդին մէջ իյնայ։

8Նոյնպէս ալ սարկաւագները. պէտք է պարկեշտ ըլլան, եւ ո՛չ թէ կեղծաւոր, գինեսէր, կամ շահամոլ։

9Պէտք է մաքուր խիղճով պահեն հաւատքին յայտնեալ ճշմարտութիւնները։

10Ասոնքեւս նախ պէտք է փորձուին եւ ապա միայն, եթէ անմեղադրելի ըլլան, իրենց պաշտօնին անցնին։

11Անոնց կիները նոյնպէս պէտք է պարկեշտ ըլլան. ո՛չ թէ չարախօս, այլ՝ զուսպ եւ ամէն բանի մէջ վստահելի։

12Սարկաւագները պէտք է մէկ կնոջ ամուսին ըլլան, եւ թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ՛ իրենց ընտանիքին լաւ վերակացու եղած ըլլան։

13Որովհետեւ, լաւ ծառայութիւն ընողները թէ՛ իրենք իրենց համար վարկ կը շահին եւ թէ՛ մեծ համարձակութեամբ կրնան խօսիլ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքին մասին։

14Յոյս ունիմ որ շուտով քովդ կ՚ըլլամ։ Բայց այս բաները կը գրեմ քեզի,

15որպէսզի, եթէ ուշանամ, գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է շարժիս Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, այսինքն՝ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցիին մէջ, որ ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է։

16Եւ անհերքելիօրէն մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը, որովհետեւ Աստուած մարմինով երեւցաւ, եւ հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն յայտնուեցաւ, ազգերուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհի մէջ հաւատացուեցաւ, փառքով երկինք բարձրացուեցաւ։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 1 Timothy 3.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.