1 Thessalonians 12019

1Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի։

2Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշենք ձեզեւ անդադար ձեզի համար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ։

3Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք։

4Եղբայրնե՛ր, գիտէք թէ Աստուած ձեզ սիրեց եւ ընտրեց,

5որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի։ Դուք լաւ գիտէք, թէ ձեր մէջ ի՛նչպէս ապրեցանք, ձեզի օրինակ ըլլալու համար։

6Մեզի նմանելով՝ դուք Տիրոջ նմանած եղաք, քանի որ՝ հակառակ ձեր կրած բոլոր նեղութիւններուն՝ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ընդունեցիք մեր քարոզութիւնը,

7եւ ձեր այս ընթացքով օրինակ եղաք Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի բոլոր հաւատացեալներուն։

8Արդարեւ, դուք ձեր օրինակով Տիրոջ խօսքը հռչակեցիք ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ, այլեւ ամէն տեղ ուր Աստուծոյ վրայ ունեցած ձեր հաւատքին համբաւը տարածուեցաւ։ Այնպէս որ, այլեւս ո՛չ պէտքը կը զգանք բան մը աւելցնելու, ո՛չ ալ մենք մեզ ներկայացնելու,

9որովհետեւ ո՛ւր որ երթանք՝ մարդիկ իրենք մեր մասին կը պատմեն, թէ ի՛նչպէս ձեզի եկանք, ի՛նչպէս դուք կուռքերը ձգելով Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար,

10եւ թէ ի՛նչպէս կը սպասէք որ երկինքէն վերստին գայ Աստուծոյ Որդին, Յիսուսը, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, եւ որ մեզ պիտի փրկէ գալիք բարկութենէն։

© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019

Choose Translation

Switch translation for 1 Thessalonians 1.

Reading Settings

Paragraph viewDisplay verses as flowing paragraphs instead of individual lines
Show verse numbersDisplay verse numbers inline
Red letterHighlight the words of Christ in red

Sign in to save your reading preferences across sessions.