1Դուք անձամբ գիտէք, եղբայրնե՛ր, թէ ձեզի տուած մեր այցելութիւնը ապարդիւն չեղաւ։
2Այլ, ինչպէս գիտէք, Փիլիպպէի մէջ խոշտանգուելէ եւ անարգուելէ ետք՝ Աստուծմով քաջութիւնը ունեցանք ձեզի գալու եւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու, հակառակ այն բուռն ընդդիմութեան՝ որուն հանդիպեցանք։
3Արդարեւ, ձեզի ուղղուած մեր յորդորը ո՛չ մոլորութեան վրայ հիմնուած էր, ո՛չ ալ աղտոտ եւ նենգ միջոցներու։
4Այլ խօսեցանք այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ, որովհետեւ Աստուած փորձեց մեզ եւ իր Աւետարանը մեզի վստահեցաւ։ Կը խօսինք՝ ո՛չ թէ մարդոց հաճելի ըլլալու համար, այլ՝ Աստուծոյ, որ մեր սրտին խորհուրդները կը քննէ։
5Ինչպէս լաւ գիտէք, ո՛չ շողոքորթութիւն ըրինք եւ ո՛չ ալ մեր շահը փնտռեցինք։ Աստուած վկայ է։
6Ոեւէ մէկէն ալ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն։
7Իբրեւ Քրիստոսի առաքեալներ՝ կրնայինք ծանրանալ ձեր վրայ, բայց հեզութեամբ վարուեցանք։ Ճիշդ ինչպէս մայր մը իր զաւակները կը սնուցանէ,
8այնպէս ալ մենք գորովանքով վերաբերեցանք ձեզի հետ. եւ ո՛չ միայն Աստուծոյ Աւետարանը ձեզի փոխանցելու պատրաստ էինք, այլ՝ մեր կեանքն ալ տալու, ա՛յնքան որ սիրելի եղաք մեզի։
9Վստահաբար կը յիշէք, եղբայրներ, մեր ծանր աշխատանքն ու յոգնութիւնը. թէ ի՛նչպէս մէկ կողմէ գիշերցերեկ կ՚աշխատէինք՝ ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չըլլալու համար, եւ միւս կողմէ Աստուծոյ Աւետարանը կը քարոզէինք ձեզի։
10Դուք վկայ էք, վկայ է նաեւ Աստուած, թէ ինչպիսի՛ մաքուր, արդար եւ ուղիղ վարմունք ունեցանք բոլոր հաւատացեալներուդ հանդէպ։
11Շատ լաւ գիտէք, թէ ճիշդ ինչպէս հայր մը կը վերաբերի իր զաւակներուն հետ՝ այնպէս ձեզմէ իւրաքանչիւրը
12քաջալերեցինք ու մխիթարեցինք, թախանձագին խնդրելով՝ որ ապրիք այնպիսի՛ կեանք մը, որ վայել ըլլայ Աստուծոյ. անոր՝ որ ձեզ հրաւիրեց իր արքայութեան եւ փառքին ։
13Մենք անդադար Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ անոր համար, որ դուք հազիւ Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը մեզմէ լսած՝ ընդունեցիք զայն, ո՛չ իբրեւ մարդկային պատգամ, այլ՝ իբրեւ Աստուծոյ պատգամը, որովհետեւ ճշմարտապէս ալ Աստուծոյ պատգամն է, եւ իբրեւ այդպիսին կը ներգործէ հաւատացեալներուդ մէջ։
14Եղբայրներ, դո՛ւք ալ ունեցաք նոյն այն փորձառութիւնը, որ ունեցան Հրէաստանի մէջ գտնուող Աստուծոյ եկեղեցիները, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են։ Դուք ալ չարչարուեցաք ձեր ազգակիցներուն կողմէ, ինչպէս անոնք չարչարուեցան իրենց ազգակից Հրեաներէն,
15որոնք ո՛չ միայն Տէր Յիսուսը եւ մարգարէները սպաննեցին, այլ նաեւ մե՛զ հալածեցին, եւ այդպիսով Աստուծոյ աչքէն ելան եւ բոլոր մարդոց թշնամի եղան։
16Եւ ամբողջացնելու համար այն մեղքերը, որ միշտ ալ գործած են, ուզեցին արգիլել՝ որ մենք հեթանոսներուն չխօսինք փրկութեան մասին։ Բայց Աստուծոյ ամբողջական բարկութիւնը հասած է արդէն իրենց վրայ։
17Սակայն մենք, եղբայրնե՛ր, թէպէտ ժամանակի մը համար որբ մնացինք ձեզմէ, այսինքն՝ աչքէ հեռու եղանք, բայց սրտէ հեռու չեղանք։ Ա՜յնքան մեծ էր ձեզ տեսնելու մեր փափաքը, որ ամէն ջանք ըրինք այդ ուղղութեամբ։
18Ես ինքս՝ Պօղոս, մէկէ աւելի անգամներ ուզեցի ձեր մօտ գալ, բայց Սատանան արգելք եղաւ մեզի։
19Արդարեւ, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս գայ, իր առջեւ ո՞վ պիտի ըլլայ մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը, կամ յաղթանակի պսակը՝ որով կրնանք պարծիլ, եթէ ոչ՝ դուք։
20Այո՛, դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։